Loading...

Nehemiah 9

Ezra  «  Nehemiah 8  ‹  Nehemiah 9  ›  Nehemiah 10  »  Esther


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ՄԵՂՔԵՐԸ

1

Այս ամսուան քսանչորրորդ օրը, Իսրայէլի որդիները հաւաքուեցան՝ ծոմապահութեամբ ու քուրձերով, եւ իրենց վրայ հող ցանած։

2

Իսրայէլի զարմը բոլոր օտարազգիներէն զատուեցաւ, ու Աստուծոյ առջեւ 1ներկայանալով՝ իրենց մեղքերը եւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։

3

Իրենց 2տեղը կանգնելով՝ օրուան մէկ քառորդը Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն Օրէնքի գիրքէն կարդացին, ու մէկ քառորդը Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն խոստովանեցան ու երկրպագեցին։

4

Յեսու, Բանի, Կադմիէլ, Սաբանիա, Բունի, Սարաբիա, Բանի եւ Քենանի Ղեւտացիները 3բեմին վրայ կանգնեցան ու բարձր ձայնով Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն աղաղակեցին։

5

Յեսու, Կադմիէլ, Բանի, Ասաբանիա, Սարաբիա, Ովդիա, Սաբանիա ու Փեթայիա Ղեւտացիները ըսին. «Կանգնեցէ՛ք եւ օրհնեցէ՛ք Տէրը՝ ձեր Աստուածը 4դարէ դար՝՝»։ Եզրաս աղօթեց.— «Օրհնեա՜լ ըլլայ քու փառաւոր անունդ, որ ամէն օրհնաբանութենէ ու գովաբանութենէ բարձր է։


ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

6

Դո՛ւն, միա՛յն դուն Տէր ես. դո՛ւն 5ստեղծեցիր երկինքը, երկինքներուն երկինքը եւ անոնց բոլոր զօրքերը, երկիրն ու անոր վրայ եղած ամէն ինչ, ծովերը եւ անոնց մէջ եղած ամէն ինչ. դո՛ւն անոնք բոլորը կ’ապրեցնես, ու երկինքի զօրքերը քեզի՛ կ’երկրպագեն։

7

Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը՝ որ Աբրամը ընտրեցիր, զայն Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր, եւ անոր անունը Աբրահամ դրիր։

8

Անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար, ուստի անոր հետ ուխտ կնքեցիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր զարմին տաս, եւ քու խօսքդ իրագործեցիր, որովհետեւ արդար ես։

9

«Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն տառապանքը տեսար, ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր։

10

Փարաւոնի, իր բոլոր ծառաներուն եւ իր երկրին ամբողջ ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ 6ցոյց տուիր՝՝ , քանի գիտէիր թէ անոնց դէմ հպարտացան, ուստի քեզի մեծ անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կը տեսնուի։

11

Ծովը անոնց առջեւ ճեղքեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն անցան՝ ցամաքի վրայէն քալելով. իսկ զանոնք հետապնդողները խորխորատը նետեցիր՝ 7խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս։

12

Ցերեկը ամպի սիւնով առաջնորդեցիր զանոնք, ու գիշերը՝ կրակի սիւնով, իրենց երթալիք ճամբային մէջ զանոնք լուսաւորելու համար։

13

«Նաեւ Սինա լերան վրայ իջար, երկինքէն խօսեցար անոնց հետ, եւ ուղիղ 8դատավճիռներ, ճշմարիտ օրէնքներ, լաւ կանոններ ու պատուիրաններ տուիր անոնց։

14

Քու սուրբ Շաբաթդ ճանչցուցիր անոնց, ու ծառայիդ՝ Մովսէսի 9միջոցով պատուիրաններ, կանոններ եւ օրէնքներ 10տուիր անոնց։

15

Երբ անօթեցան՝ երկինքէն հաց տուիր անոնց. երբ ծարաւցան՝ ժայռէն ջուր հանեցիր անոնց. եւ անոնց ըսիր՝ որ մտնեն ու տիրանան այն երկրին, որուն համար 11երդում ըրիր՝՝ անոնց տալու։

16

«Բայց անոնք, 12այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան, իրենց պարանոցը խստացուցին, ու քու պատուիրաններուդ չհնազանդեցան։

17

Մերժեցին մտիկ ընել, եւ չյիշեցին իրենց մէջ ըրած սքանչելիքներդ. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, ու իրենց ըմբոստութեան մէջ՝ գլխաւոր մը կարգեցին, որպէսզի իրենց ստրկութեան վերադառնան։ Բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, համբերատար եւ շատ կարեկից Աստուած ես, ու զանոնք չլքեցիր.

18

նոյնիսկ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. “Ասիկա՛ է քու աստուածդ՝ որ քեզ Եգիպտոսէն բարձրացուց”, քեզ մեծապէս անարգելով։

19

Զանոնք անապատին մէջ չլքեցիր՝ քու առատ գթութեամբդ. ցերեկը ամպի սիւնը անոնց վրայէն չհեռացաւ՝ ճամբային մէջ զանոնք առաջնորդելու համար, ո՛չ ալ գիշերը կրակի սիւնը՝ իրենց երթալիք ճամբային մէջ զանոնք լուսաւորելու համար։

20

Նաեւ քու բարի Հոգիդ տուիր՝ զանոնք ուշիմ ընելու համար. քու մանանադ 13չպակսեցուցիր անոնց բերանէն, ու ջուր տուիր անոնց՝ երբ ծարաւցան։

21

Զանոնք քառասուն տարի կերակրեցիր անապատին մէջ, ուր անոնց ոչինչ պակսեցաւ. անոնց հանդերձները չմաշեցան եւ անոնց ոտքերը չուռեցան։

22

Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր, եւ անոնց 14հողամասեր բաժնեցիր. անոնք տիրացան Սեհոնի երկրին, այսինքն՝ Եսեբոնի թագաւորին երկրին, նաեւ Բասանի Ովգ թագաւորին երկրին։

23

Անոնց որդիները երկինքի աստղերուն չափ բազմացուցիր, ու տարիր զանոնք այն երկիրը՝ որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր, որպէսզի հոն մտնեն եւ անոր տիրանան։

24

Անոնց որդիները մտան ու այդ երկրին տիրացան. այդ երկրին մէջ բնակող Քանանացիները իրենց առջեւ ընկճեցիր, եւ իրենց ձեռքը մատնեցիր զանոնք, անոնց թագաւորներն ու երկրին ժողովուրդը, որպէսզի անոնց հետ վարուէին իրենց կամքին համաձայն։

25

Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի 15երկիր մը գրաւեցին, եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուն տուներու, փորուած ջրհորներու, այգիներու, ձիթաստաններու եւ բազմաթիւ պտղաբեր ծառերու տիրացան. կերան, կշտացան ու 16գիրցան, եւ զուարճացան՝ քու մեծ բարութեամբդ։

26

«Սակայն քեզի անհնազանդ եղան եւ քեզի դէմ ըմբոստացան. քու Օրէնքդ իրենց կռնակին ետեւ նետեցին ու մարգարէներդ ալ սպաննեցին, որ զիրենք քեզի վերադարձնելու համար՝ 17իրենց դէմ կը վկայէին՝՝, եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։

27

Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք ճնշեցին։ Երբ իրենց տագնապին ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկինքէն լսեցիր եւ քու առատ գթութեանդ համեմատ անոնց փրկիչներ տուիր, որոնք զանոնք ազատեցին իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։

28

Բայց երբ հանգստացան, դարձեալ քու առջեւդ չարիք գործեցին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը լքեցիր, որոնք իրենց վրայ տիրապետեցին։ Երբ դարձեալ քեզի աղաղակեցին, դուն երկինքէն լսեցիր եւ բազմաթիւ անգամներ զիրենք ազատեցիր՝ քու գթութեանդ համեմատ։

29

Անոնց դէմ վկայեցիր՝ զիրենք քու Օրէնքիդ վերադարձնելու համար. բայց անոնք հպարտացան, քու պատուիրաններուդ չհնազանդեցան եւ քու կանոններուդ դէմ մեղանչեցին, որոնք գործադրող մարդը անոնցմով կ’ապրի։ Իրենց ուսերը ընդվզեցուցին, իրենց պարանոցը խստացուցին, ու չհնազանդեցան։

30

Շատ տարիներ անոնց 18հանդուրժեցիր, եւ քու Հոգիովդ իրենց դէմ վկայեցիր՝ քու մարգարէներուդ 19միջոցով, բայց անոնք չունկնդրեցին. ուստի զանոնք ուրիշ երկիրներու ժողովուրդներուն ձեռքը մատնեցիր։

31

Սակայն զանոնք չսպառեցիր ու չլքեցիր՝ քու առատ գթութեամբդ, որովհետեւ դուն ողորմած եւ գթած Աստուած ես։

32

«Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, մեծ, զօրաւոր եւ ահեղ Աստուածը, որ ուխտը կը պահես ու կարեկից կ’ըլլաս, քու առջեւդ թող քիչ չերեւնայ այն ամբողջ տաժանքը՝ որ Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր պատահեցաւ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխանաւորներուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն, եւ քու ամբողջ ժողովուրդիդ։

33

Սակայն բոլոր մեզի պատահածներուն մէջ դուն արդար ես, որովհետեւ դուն ճշմարտութեամբ վարուեցար, իսկ մենք՝ ամբարշտութեամբ։

34

Մեր թագաւորները, իշխանաւորները, քահանաներն ու հայրերը քու Օրէնքդ չպահեցին. քու պատուիրաններուդ եւ իրենց դէմ 20տուած վկայութիւններուդ ուշադիր չեղան։

35

Իրենց թագաւորութեան ատենը՝ երբ իրենց շատ բարիքներ տուիր, այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ՝ որ իրենց առջեւ 21դրիր, քեզ չպաշտեցին եւ իրենց չար գործերէն չհեռացան։

36

Ահա՛ մենք այսօր ստրուկ ենք. մանաւանդ այն երկրին մէջ՝ որ մեր հայրերուն տուիր, որպէսզի անոր պտուղներն ու բարիքները ուտեն, ահա՛ մենք հոն ստրուկ ենք։

37

Անոր առատ բերքը այն թագաւորներուն համար է, որ մեր վրայ կարգեցիր՝ մեր մեղքերուն համար. անոնք մեր մարմինին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ կը տիրեն՝ իրենց կամքին համաձայն, եւ մենք մեծ տագնապի մէջ ենք։

38

Այս բոլորին համար մենք հաստատ ուխտ մը 22կ’ընենք ու զայն կը գրենք, եւ մեր իշխանաւորները, Ղեւտացիներն ու քահանաները զայն կը կնքեն»։



1 Եբր.՝ կայնելով
2 Եբր.՝ կայանը
3 Կամ՝ աստիճաններուն
4 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
5 Եբր.՝ ըրիր
6 Եբր.՝ տուիր
7 Եբր.՝ զօրաւոր
8 Կամ՝ սովորութիւններ
9 Եբր.՝ ձեռքով
10 Եբր.՝ պատուիրեցիր
11 Եբր.՝ ձեռքդ վերցուցիր
12 Կամ՝ եւ
13 Եբր.՝ չարգիլեցիր
14 Եբր.՝ կողմեր
15 Եբր.՝ հող
16 Եբր.՝ պարարտացան
17 Կամ՝ զիրենք կը յանդիմանէին
18 Եբր.՝ մասին քաշեցիր
19 Եբր.՝ ձեռքով
20 Եբր.՝ վկայած
21 Եբր.՝ տուիր
22 Եբր.՝ կը կնքենք