Nehemiah 10
Ezra « Nehemiah 9 ‹ Nehemiah 10 › Nehemiah 11 » Esther
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԷ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ
1Ահա՛ւասիկ կնքողները.— Աքաղիայի որդին՝ Նէեմիա 1Կառավարիչը, եւ Սեդեկիա.
2Սարայիա, Ազարիա, Երեմիա,
3Փասուր, Ամարիա, Մեղքիա,
4Քետտուս, Սաբանիա, Մալուք,
5Հարիմ, Մերամոթ, Աբդիա,
6Դանիէլ, Կանաթոն, Բարուք,
7Մեսուղամ, Աբիա, Միամին,
8Մաազիա, Բեղգա ու Սեմայիա. ասոնք քահանաներն էին։
9Նաեւ Ղեւտացիները.— Ազանիայի որդին՝ Յեսու, Ենադադի որդիներէն՝ Բանուի, Կադմիէլ,
10եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիա, Ովդիա, Կովղիտա, Փաղայիա,
11Անան, Միքա, Րոհոբ, Ասաբիա,
12Զաքուր, Սարաբիա, Սաբանիա,
13Ովդիա, Բանի ու Բանինու։
14Ժողովուրդին գլխաւորները.— Փարոս, Փահաթ-Մովաբ, Եղամ,
15Զաթու, Բանի, Բունի, Ազգադ,
16Բեբայի, Ադոնիա, Բագուէ, Ադին,
17Ատեր, Եզեկիա, Ազուր,
18Ովդիա, Հասում, Բեսէի,
19Արիփ, Անաթովթ, Նովբայ,
20Մագփիաս, Մեսուղամ, Եզիր,
21Մասիզեբէլ, Սադովկ, Յադդուա,
22Փաղատիա, Անան, Անանիա,
23Ովսէէ, Անանիա, Ասուբ,
24Ալոհէս, Պիլա, Սոբէկ,
25Հռէում, Ասաբանա, Մաասիա,
26Աքիա, Անան, Օնան,
27Մալուք, Հարիմ ու Բաանա։
ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ
28Մնացեալ ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգողները, Նաթանայիմները, եւ բոլոր անոնք՝ որ երկիրներու ժողովուրդներէն զատուած էին՝ Աստուծոյ Օրէնքին հետեւելու համար, իրենց կիները, որդիներն ու աղջիկները, այսինքն բոլոր անոնք՝ որ 2կրնային հասկնալ,
29իրենց երեւելի 3եղբայրներուն թիկունք եղան՝՝ եւ անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի 4միջոցով տրուած Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն ընթանան, եւ մեր Տէրոջ՝ Եհովայի բոլոր պատուիրանները, 5դատավճիռներն ու կանոնները պահեն եւ գործադրեն։
30Նաեւ խոստացանք, որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք, եւ անոնց աղջիկները մեր որդիներուն չառնենք.
31եթէ երկրին ժողովուրդները Շաբաթ օրը ծախելու համար ապրանք եւ ամէն տեսակ հացահատիկ բերեն, անոնցմէ չառնենք Շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը, իսկ եօթներորդ տարին 6ներենք բոլոր պարտքերը՝՝։
32Մեզի 7կանոն դրինք՝՝, որ ամէն տարի սիկղին մէկ երրորդը տանք՝ մեր Աստուծոյն տան ծառայութեան,
338առաջադրութեան հացին, մշտատեւ հացի ընծային, մշտատեւ ողջակէզին, Շաբաթ օրերուն, 9ամսագլուխներուն, հանդիսաւոր տօներուն, 10սուրբ բաներուն՝՝, Իսրայէլի 11մեղքերու քաւութեան պատարագներուն՝՝ եւ մեր Աստուծոյն տան ամբողջ գործին համար։
34(Փայտի մատուցումին համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին մէջ վիճակ ձգեցինք, որ զայն ամէն տարի՝ որոշուած ատենները՝ մեր Աստուծոյն տունը տանինք նահապետութիւններուն համեմատ, Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն զոհասեղանին վրայ վառելու համար՝ ինչպէս Օրէնքին մէջ գրուած է։)
35Նաեւ խոստացանք մեր գետինին երախայրիքը եւ ամէն ծառի բոլոր պտուղներուն երախայրիքը Տէրոջ տունը տանիլ ամէն տարի,
36նաեւ մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն անդրանիկները՝ ինչպէս Օրէնքին մէջ գրուած է. մեր արջառներուն եւ ոչխարներուն առջինեկներն ալ մեր Աստուծոյն տունը տանիլ՝ մեր Աստուծոյն տան մէջ պաշտօն կատարող քահանաներուն։
37Մեր խմորներուն 12երախայրիքը, մեր բարձրացնելիք ընծաները, այսինքն՝ ամէն տեսակ ծառի պտուղը, քաղցուն ու իւղը պիտի տանինք քահանաներուն՝ մեր Աստուծոյն տան 13սենեակներուն մէջ, ու մեր գետինին արտադրութեան տասանորդը՝ Ղեւտացիներուն. Ղեւտացիները մեր բոլոր 14հողամշակութեան քաղաքներուն մէջ տասանորդներ պիտի առնեն։
38Ահարոնի որդին՝ քահանան՝ Ղեւտացիներուն հետ պիտի ըլլայ, երբ Ղեւտացիները տասանորդ առնեն. Ղեւտացիներն ալ տասանորդին տասանորդը պիտի 15տանին մեր Աստուծոյն տունը՝ գանձատան սենեակները։
39Արդարեւ Իսրայէլի որդիներն ու Ղեւիի որդիները ցորենին, քաղցուին եւ իւղին բարձրացնելիք ընծան այդ սենեակները պիտի տանին, ուր կը գտնուին սրբարանին առարկաներն ու պաշտօն կատարող քահանաները, դռնապանները եւ երգողները։ Այսպէս՝ մեր Աստուծոյն տունը պիտի չլքենք։