Loading...

Nehemiah 11

Ezra  «  Nehemiah 10  ‹  Nehemiah 11  ›  Nehemiah 12  »  Esther


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

1

Ժողովուրդին իշխանաւորները Երուսաղէմ բնակեցան։ Մնացեալ ժողովուրդն ալ վիճակ ձգեց, որպէսզի տասնէն մէկը գայ Երուսաղէմ՝ սուրբ քաղաքը բնակելու, իսկ միւս 1ինը՝ ուրիշ քաղաքներ բնակին։

2

Ժողովուրդը օրհնեց այն բոլոր մարդիկը, որ իրենք զիրենք յօժարակամ ընծայեցին՝ Երուսաղէմ բնակելու։

3

Ահա՛ւասիկ Երուսաղէմ բնակող գաւառին գլխաւորները (իսկ Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլի մնացորդը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները բնակեցան, իւրաքանչիւրը իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ։

4

Յուդայի որդիներէն եւ Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։).— Յուդայի որդիներէն՝ Մաղաղիէլի որդիին՝ Սափատիայի որդիին՝ Ամարիայի որդիին՝ Զաքարիայի որդիին՝ Ոզիայի որդին՝ Աթայիա, որ Փարէսի որդիներէն էր.

5

Սիլոնիի որդիին՝ Զաքարիայի որդիին՝ Յովարիբի որդիին՝ Ադայիայի որդիին՝ Ազայիայի որդիին՝ Քոլոզէի որդիին՝ Բարուքի որդին՝ Մաասիա։

6

Երուսաղէմ բնակող Փարէսի բոլոր որդիները չորս հարիւր վաթսունութ կտրիճ էին։

7

Ահա՛ւասիկ Բենիամինի որդիները.— Եսայիի որդիին՝ Իթիէլի որդիին՝ Մաասիայի որդիին՝ Կովղիայի որդիին՝ Փադայիայի որդիին՝ Յովադի որդիին՝ Մեսուղամի որդին՝ Սալլու։

8

Անկէ ետք՝ Գեբէի, Սելէի, եւայլն. ինը հարիւր քսանութ հոգի։

9

Անոնց վերատեսուչն էր Զեքրիի որդին՝ Յովէլ, իսկ Սենուայի որդին՝ Յուդա անոր 2փոխանորդն էր քաղաքին վրայ։

10

Քահանաներէն՝ Յովարիբի որդին՝ Յեդայիա, Յաքին,

11

Աստուծոյ տան 3վերակացուին՝ Աքիտովբի որդիին՝ Մարիոթի որդիին՝ Սադովկի որդիին՝ Մեսուղամի որդիին՝ Քեղկիայի որդին՝ Սարայիա։

12

Անոնց եղբայրները, որ Աստուծոյ տան գործը կը կատարէին, ութ հարիւր քսաներկու անձ էին։ Մեղքիայի որդիին՝ Փասուրի որդիին՝ Զաքարիայի որդիին՝ Ամասիի որդիին՝ Փաղաղիայի որդիին՝ Յերոհամի որդին՝ Ադայիա,

13

եւ անոր եղբայրները՝ նահապետները՝ երկու հարիւր քառասուներկու անձ էին։ Եմմերի որդիին՝ Մեսեղամոթի որդիին՝ Ահզայի որդիին՝ Ազարիէլի որդին՝ Ամեսայի,

14

ու անոնց եղբայրները՝ հարիւր քսանութ զօրաւոր կտրիճ էին. անոնց վերատեսուչն էր Ագեդողիմի որդին՝ Զաբդիէլ։

15

Ղեւտացիներէն՝ Բունիի որդիին՝ Ասաբիայի որդիին՝ Եզրիկամի որդիին՝ Ասուբի որդին՝ Սեմայիա,

16

նաեւ Սաբեթա ու Յովզաբադ, որոնք Ղեւտացիներուն գլխաւորներէն էին, Աստուծոյ տան արտաքին գործերուն վրայ նշանակուած էին։

17

Ասափի որդիին՝ Զաբդիի որդիին՝ Միքայի որդին՝ Մաթանիա երգողներուն գլխաւորն էր։ Շնորհակալական աղօթքները նախ ինք կը սկսէր երգել. անոր եղբայրներէն Բակբոկիա՝ երկրորդն էր, յետոյ՝ Իդիթունի որդիին՝ Գաղաղի որդիին՝ Սամուայի որդին՝ Աբդա։

18

Սուրբ քաղաքը բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունչորս անձ էին։

19

Դռնապանները՝ Ակկուբ, Տեղմոն եւ անոնց եղբայրները, որոնք դռները կը պահպանէին, հարիւր եօթանասուներկու անձ էին։

20

Իսրայէլի մնացորդը, քահանաներն ու Ղեւտացիները 4Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան, իւրաքանչիւրը իր ժառանգութեան մէջ։

21

Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին, եւ Սիա ու Գիսփա Նաթանայիմներուն վրայ նշանակուած էին։

22

Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերատեսուչն էր՝ Միքայի որդիին՝ Մաթանիայի որդիին՝ Ասաբիայի որդիին՝ Բանիի որդին՝ Ոզի։ Ասափի որդիներէն՝ երգողներէն ոմանք Աստուծոյ տան գործին վրայ նշանակուած էին,

23

որովհետեւ ա՛յդ էր թագաւորին պատուէրը իրենց համար, ու երգողներուն ամէն օր 5ռոճիկ կը տրուէր։

24

Յուդայեան Զարայի որդիներէն Մասիզեբէլի որդին՝ Փեթայիա թագաւորին 6գործակալն էր ժողովուրդին բոլոր գործերուն համար։


ՈՒՐԻՇ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

25

Յուդայի որդիներէն ոմանք ալ դաշտավայրի գիւղերուն մէջ բնակեցան, այսինքն՝ Կարիաթ-Արբայի եւ անոր գիւղերուն մէջ, Դեբոնի եւ անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսեէլի եւ անոր գիւղերուն մէջ,

26

Յեսուայի, Մոլադայի, Բեթփաղէթի,

27

Ասերսուաղի, Բերսաբէի եւ անոր գիւղերուն մէջ,

28

Սիկելակի, Մեքոնայի եւ անոր գիւղերուն մէջ,

29

Ենռեմոնի, Սարաայի, Յերիմութի,

30

Զանովի, Ոդողոմի եւ անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսի եւ անոր դաշտավայրին մէջ, Ազեկայի եւ անոր գիւղերուն մէջ։ Անոնք Բերսաբէէն մինչեւ Ենովմի ձորը 7բնակեցան։

31

Բենիամինի որդիները բնակեցան Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա, Բեթէլ եւ անոր գիւղերուն մէջ,

32

Անաթովթ, Նոբ, Անանիա,

33

Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ,

34

Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեբաղադ,

35

Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ։

36

Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի եւ Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։



1 Եբր.՝ ինը լեցուն ձեռքերը
2 Եբր.՝ երկրորդն
3 Եբր.՝ առաջնորդին
4 Կամ՝ Հրէաստանի
5 Եբր.՝ հաստատ բան
6 Եբր.՝ ձեռքին տակ
7 Եբր.՝ բանակեցան