Nehemiah 12
Ezra « Nehemiah 11 ‹ Nehemiah 12 › Nehemiah 13 » Esther
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ
1Ահա՛ւասիկ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլի ու Յեսուի հետ բարձրացող քահանաներն ու Ղեւտացիները.— Սարայիա, Երեմիա, Եզրաս,
2Ամարիա, Մալուք, Քետտուս,
3Սեքենիա, Հռէում, Մերամոթ,
4Ադդով, Կանաթոն, Աբիա,
5Միամին, Մովադիա, Բեղգա,
6Սեմայիա, Յովարիբ, Յեդայիա,
7Սալլու, Ամոկ, Քեղկիա, Յեդայիա։ Յեսուի օրերը, ասո՛նք էին քահանաներուն գլխաւորները՝ իրենց եղբայրներով։
8Ղեւտացիները.— Յեսու, Բանուի, Կադմիէլ, Սարաբիա, Յուդա, ու Մաթանիա՝ որ 1երգչախումբին վրայ նշանակուած էր, ինք եւ իր եղբայրները։
9Անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիա եւ Ուննի՝ անոնց դիմաց իրենց պաշտօնին վրայ էին։
ՅԵՍՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԶԱՐՄԸ
10Յեսու ծնաւ Յովակիմը, Յովակիմ ծնաւ Եղիասիբը, Եղիասիբ ծնաւ Յովիադան,
11Յովիադա ծնաւ Յովնաթանը, ու Յովնաթան ծնաւ Յադդուան։
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՆԵՐԸ
12Յովակիմի օրերը՝ հետեւեալներն էին նահապետ քահանաները.— Սարայիայէն՝ Մարայիա, Երեմիայէն՝ Անանիա,
13Եզրասէն՝ Մեսուղամ, Ամարիայէն՝ Յոհանան,
14Մալուքէն՝ Յովնաթան, Սաբանիայէն՝ Յովսէփ,
15Հարիմէն՝ Եդնա, Մարիոթէն՝ Քեղկայ,
16Ադդովէն՝ Զաքարիա, Կանաթոնէն՝ Մեսուղամ,
17Աբիայէն՝ Զեքրի, Մինիամինէն, Մովադիայէն՝ Փաղտի,
18Բեղգայէն՝ Սամուա, Սեմայիայէն՝ Յովնաթան,
19Յովարիբէն՝ Մաթանայ, Յեդայիայէն՝ Ոզի,
20Սալլուէն՝ Կալլայ, Ամոկէն՝ Եբեր,
21Քեղկիայէն՝ Ասաբիա, Յեդայիայէն՝ Նաթանայէլ։
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
22Եղիասիբի, Յովիադայի, Յոհանանի ու Յադդուայի օրերը՝ Ղեւտացիները, այսինքն՝ անոնց նահապետները, արձանագրուեցան, նաեւ քահանաները, մինչեւ պարսիկ Դարեհի թագաւորութիւնը։
23Ղեւիի որդիներուն նահապետները Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ արձանագրուեցան՝ մինչեւ Եղիասիբեան Յոհանանի օրերը։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
24Ղեւտացիներուն գլխաւորներն էին՝ Ասաբիա, Սարաբիա, եւ Կադմիէլի որդին՝ Յեսու։ Անոնց եղբայրները իրենց դիմաց կը կայնէին, որպէսզի Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթի պատուէրին համաձայն գովաբանեն ու շնորհակալ ըլլան, իրարու քով պաշտօն կատարելով։
25Մաթանիա, Բակբոկիա, Աբդիա, Մեսուղամ, Տեղմոն եւ Ակկուբ՝ դռներու շտեմարաններուն մէջ պահապան եղող դռնապաններն էին։
26Ասոնք պաշտօնի վրայ էին Յովսեդեկեան Յեսուի որդիին՝ Յովակիմի օրերը, ու Նէեմիա կուսակալին եւ Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերը։
ՆԷԵՄԻԱ ԿԸ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾԷ ՔԱՂԱՔԻՆ ՊԱՐԻՍՊԸ
27Երուսաղէմի պարիսպին նաւակատիքին ատենը՝ Ղեւտացիները փնտռեցին իրենց բոլոր տեղերուն մէջ, որպէսզի զանոնք Երուսաղէմ բերեն եւ նաւակատիքը կատարեն ուրախութեամբ, շնորհակալական երգերով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով։
28Երգողներուն որդիները հաւաքուեցան Երուսաղէմի շրջակայ դաշտէն, Նետոփաթացիներու գիւղերէն,
292Գաղգաղայի տունէն՝՝ ու Գաբայի եւ Ազամօթի դաշտերէն. արդարեւ երգողները Երուսաղէմի շուրջ գիւղեր կառուցաներ էին իրենց համար։
30Քահանաներն ու Ղեւտացիները մաքրուեցան, եւ ժողովուրդը, դռներն ու պարիսպը մաքրեցին։
31Յուդայի իշխանաւորները պարիսպին վրայ բարձրացուցի, ու երկու մեծ 3երգչախումբ 4նշանակեցի։ Մէկը պարիսպին վրայ՝ աջ կողմը քալեց, դէպի Աղբի դուռը.
32անոր ետեւէն գացին Ովսէիա ու Յուդայի իշխանաւորներուն կէսը,
33նաեւ Ազարիա, Եզրաս, Մեսուղամ, Յուդա,
34Բենիամին, Սեմայիա ու Երեմիա,
35եւ փողերով՝ քահանաներու որդիներէն՝ Ասափի որդիին՝ Զաքուրի որդիին՝ Միքիայի որդիին՝ Մաթանիայի որդիին՝ Սեմայիայի որդիին՝ Յովնաթանի որդին՝ Զաքարիա,
36եւ անոր եղբայրները՝ Սեմայիա, Ազարիէլ, Միլալայ, Գիլալայ, Մաայ, Նաթանայէլ, Յուդա ու Անանի, Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթի նուագարաններով. անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը կ’երթար։
37Աղբիւրի դուռը հասնելով, իրենց առջեւ եղող Դաւիթի քաղաքին աստիճաններէն բարձրացան՝ պարիսպին զառիվերէն, Դաւիթի տունէն վեր դէպի արեւելք՝ մինչեւ Ջուրի դուռը։
38Միւս երգչախումբը 5հակառակ կողմը՝՝ գնաց պարիսպին վրայ, ու ես՝ անոր ետեւէն, նաեւ ժողովուրդին կէսը, Փուռերու աշտարակէն մինչեւ Լայն պարիսպը,
39եւ Եփրեմի դրան վրայէն, Հին դրան վրայէն, Ձուկերու դրան վրայէն, Անանայէլի աշտարակէն ու Մէայի աշտարակէն մինչեւ Ոչխարներու դուռը, եւ Բանտի դուռը կանգ առին։
40Երկու երգչախումբերն ալ Աստուծոյ տան մէջ կայնեցան, նաեւ ես եւ ատենակալներուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին,
41ու քահանաները՝ Եղիակիմ, Մաասիա, Մինիամին, Միքիա, Եղիովենայի, Զաքարիա եւ Անանիա՝ փողերով,
42ու Մաասիա, Սեմայիա, Եղիազար, Ոզի, Յոհանան, Մեղքիա, Եղամ ու Եզեր։ Այն ատեն երգողները իրենց վերատեսուչին՝ Յեզերիայի հետ իրենց ձայնը լսել տուին։
43Այդ օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախացան, որովհետեւ Աստուած 6մեծապէս ուրախացուց զանոնք։ Կիներն ու զաւակներն ալ ուրախացան, եւ Երուսաղէմի ուրախութիւնը հեռաւոր տեղերէն ալ լսուեցաւ։
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
44Այդ օրը մարդիկ նշանակուեցան այն սենեակներուն վրայ, որոնք բարձրացնելիք ընծաներուն, 7երախայրիքին ու տասանորդներուն յատկացուած էին իբր շտեմարան, որպէսզի անոնց մէջ դիզեն քաղաքներուն արտերէն բերուած քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները։ Արդարեւ Յուդա 8պաշտօն կատարող՝՝ քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ,
45որովհետեւ անոնք՝ երգողներուն ու դռնապաններուն հետ՝ իրենց Աստուծոյն պաշտօնը եւ մաքրութեան պաշտօնը կը կատարէին, Դաւիթի ու անոր որդիին՝ Սողոմոնի պատուէրին համաձայն։
46Արդարեւ վաղուց՝ Դաւիթի եւ Ասափի օրերը՝ երգողներու գլխաւորներ կային, նաեւ Աստուծոյ գովաբանութեան ու շնորհակալութեան երգեր։
47Զօրաբաբէլի օրերը եւ Նէեմիայի օրերը՝ ամբողջ Իսրայէլը երգողներուն ու դռնապաններուն բաժինները կու տար, ամէն օր՝ իր 9բաժինը. սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կը 10վերապահէին, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնի որդիներուն կը վերապահէին։