Loading...

Nehemiah 13

Ezra  «  Nehemiah 12  ‹  Nehemiah 13  ›  Esther 1  »  Esther


ՕՏԱՐՆԵՐԷՆ ԶԱՏՈՒԻԼ

1

Այդ օրը Մովսէսի գիրքէն կարդացուեցաւ ժողովուրդին 1առջեւ, եւ հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ համախմբումին մէջ յաւիտեան մտնելու չեն,

2

որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով եւ ջուրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձեցին, որպէսզի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան փոխեց։

3

Երբ Օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր խառնածինները Իսրայէլէն զատեցին։


ՆԷԵՄԻԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

4

Բայց ասկէ առաջ, մեր Աստուծոյն տան 2սենեակներուն վերատեսուչը՝ Եղիասիբ քահանան, Տուբիայի մերձաւորը,

5

անոր մեծ սենեակ մը պատրաստեր էր՝ ուր առաջ կը դնէին հացի ընծաները, կնդրուկը եւ անօթները, ցորենին, քաղցուին ու իւղին տասանորդները, նաեւ Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուածը, ու քահանաներուն տրուած բարձրացնելիք ընծաները։

6

Այդ ամբողջ ատենը ես Երուսաղէմ չէի, որովհետեւ Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսուներկրորդ տարին թագաւորին գացեր էի։ Ժամանակէ մը ետք՝ թագաւորէն 3արտօնութիւն առի՝՝,

7

ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբի ըրած չարիքը հասկցայ, որ Աստուծոյ տան գաւիթին մէջ Տուբիայի համար մթերանոց մը պատրաստեր էր։

8

Շատ դժգոհեցայ, եւ Տուբիայի տան բոլոր առարկաները սենեակէն դուրս նետեցի։

9

Յետոյ հրամայեցի որ սենեակները մաքրեն, եւ Աստուծոյ տան անօթները, հացի ընծան ու կնդրուկը հոն վերադարձուցի։

10

Նաեւ տեղեկացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, քանի 4պաշտօնը կատարող Ղեւտացիներէն ու երգողներէն իւրաքանչիւրը իր արտը փախած էր։

11

Ուստի 5ատենակալները յանդիմանեցի՝՝ եւ ըսի. «Ինչո՞ւ Աստուծոյ տունը այսպէս լքուած է». ապա 6զանոնք հաւաքեցի, ու զանոնք իրենց պաշտօնին մէջ 7հաստատեցի։

12

Այն ատեն ամբողջ Յուդան ցորենին, քաղցուին եւ իւղին տասանորդը շտեմարանները տարաւ։

13

Շտեմարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան, Սադովկ դպիրը, ու Ղեւտացիներէն՝ Փադայիան կարգեցի,— Մաթանիայի որդիին՝ Զաքուրի որդին՝ Անան ալ անոնց քով էր,— որովհետեւ անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին. անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։

14

Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զիս ասոր համար, ու մի՛ ջնջեր իմ 8բարեգործութիւններս, որ իմ Աստուծոյս տան մէջ եւ անոր 9պաշտօնին մէջ կատարեցի։

15

Այդ օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ ոմանք՝ որ Շաբաթ օրը հնձանին մէջ խաղող կը կոխէին, ցորենի որաներ կը մտցնէին, էշերու վրայ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ եւ ամէն տեսակ բեռ, ու զանոնք Շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին. անոնց դէմ 10բողոքեցի՝ այն օրը երբ իրենց ուտեստեղէնը կը ծախէին։

16

Հոն Տիւրացիներ ալ կը բնակէին. ձուկ եւ ամէն տեսակ 11ապրանք կը բերէին, ու Շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն եւ Երուսաղէմի մէջ կը ծախէին։

17

Յուդայի ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ չար արարք է որ դուք կը գործէք՝ Շաբաթ օրը պղծելով։

18

Ձեր հայրերն ալ այսպէս չըրի՞ն. ուստի մեր Աստուածը այս ամբողջ չարիքը բերաւ մեր վրայ եւ այս քաղաքին վրայ, ու դուք Շաբաթը պղծելով՝ աւելի բորբոքում կը բերէք Իսրայէլի վրայ»։

19

Ուստի հրամայեցի որ Երուսաղէմի դռները Շաբաթէն առաջ գոցուին՝ երբ դռները սկսին շուքի մէջ ըլլալ. նաեւ հրամայեցի որ անոնք չբացուին՝ մինչեւ որ Շաբաթը անցնի։ Իմ սպասաւորներէս ոմանք դռներուն քով 12տեղաւորեցի, որպէսզի ո՛չ մէկ բեռ Շաբաթ օրը ներս մտնէ։

20

Վաճառականները եւ ամէն տեսակ 13ապրանք ծախողները մէկ կամ երկու անգամ Երուսաղէմէն դուրս գիշերեցին։

21

Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ պարիսպին քով կը գիշերէք. եթէ կրկին այդպէս ընէք, ձեզ պիտի ձերբակալեմ»։ Այդ ատենէն ի վեր անգամ մըն ալ Շաբաթ օրը չեկան։

22

Ղեւտացիներուն ալ հրամայեցի որ մաքրուին, ու Շաբաթ օրը սրբացնելու համար գան դռները պահպանեն։ Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զիս ասոր համար ալ, եւ խղճա՛ իմ վրաս՝ քու մեծ կարեկցութեանդ համաձայն։

23

Այդ օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք ազովտացի, ամմոնացի ու մովաբացի 14կիներու հետ ամուսնացած՝՝ էին։

24

Անոնց որդիներուն կէսը ազովտերէն կը խօսէր. 15եբրայերէն խօսիլ չէին գիտեր, հապա մէկ կամ միւս ժողովուրդին լեզուն կը խօսէին։

25

Հետեւաբար զանոնք յանդիմանեցի, զանոնք անիծեցի, անոնցմէ ոմանք ալ ծեծեցի եւ իրենց մազերը փետեցի։ Ապա Աստուծոյ անունով անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն պիտի չտաք, ու անոնց աղջիկներէն ձեր որդիներուն կամ ձեզի պիտի չառնէք իբր կին։

26

Ասով չէ՞ր՝ որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց. թէպէտ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար, իր Աստուծոյն սիրելի էր, եւ Աստուած զինք ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր կարգեր էր, օտարազգի կիները անո՛ր ալ մեղանչել տուին։

27

Ուստի հիմա 16ձեզ թողո՞ւնք՝՝ որ այս ամբողջ մեծ չարիքը գործէք, եւ օտարազգի կիներու հետ ամուսնանալով՝ մեր Աստուծոյն հանդէպ ուխտազանց ըլլաք»։

28

Եղիասիբ քահանայապետին որդիին՝ Յովիադայի որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատի փեսան էր. հետեւաբար զայն քովէս 17վռնտեցի։

29

Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զանոնք, քանի որ պղծեցին քահանայութիւնը եւ 18քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը։

30

Այսպէս՝ զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի, եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն պաշտօնները 19վերահաստատեցի, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործին վրայ նշանակելով։

31

Նաեւ որոշուած ատենները կատարուելիք փայտի մատուցումն ու երախայրիքը վերահաստատեցի։ Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զիս բարիքի համար։



1 Եբր.՝ ականջներուն
2 Կամ՝ մթերանոցներուն
3 Եբր.՝ խնդրեցի
4 Եբր.՝ գործը
5 Եբր.՝ ատենակալներուն հետ վիճեցայ
6 Այսինքն՝ Ղեւտացիներն ու երգողները
7 Եբր.՝ կայնեցուցի
8 Եբր.՝ կարեկցութիւններս
9 Կամ՝ պահպանութեան
10 Եբր.՝ վկայեցի
11 Եբր.՝ ծախուելիք
12 Եբր.՝ կայնեցուցի
13 Եբր.՝ ծախուելիք
14 Եբր.՝ կիներ բնակեցուցած
15 Եբր.՝ հրէերէն
16 Եբր.՝ ձեզի մտիկ ընե՞նք
17 Եբր.՝ փախցուցի
18 Եբր.՝ քահանայութեան
19 Եբր.՝ կայնեցուցի