Numbers 1
Leviticus « Leviticus 27 ‹ Numbers 1 › Numbers 2 » Deuteronomy
ՒՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
1Տէրը Մովսէսի խօսեցաւ Սինայի անապատը՝ Հանդիպումի վրանին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը՝ ըսելով.
2«Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին գումարը՝ իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, բոլոր արուները համրելով իրենց անուններուն թիւով՝ 1մէկ առ մէկ՝՝։
3Դուն ու Ահարոն թուարկեցէ՛ք Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան 2գացողները՝ իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ։
4Ձեզի հետ ամէն տոհմէն մէկական մարդ թող ըլլայ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ իր նահապետութեան գլխաւորը ըլլայ։
5Ահա՛ւասիկ այն մարդոց անունները՝ որոնք ձեզի հետ պիտի կայնին.—
6Ռուբէնէ՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուր, Շմաւոնէ՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլ,
7Յուդայէ՝ Ամինադաբի որդին Նաասոն,
8Իսաքարէ՝ Սովգարի որդին Նաթանայէլ,
9Զաբուղոնէ՝ Քեղոնի որդին Եղիաբ,
10Յովսէփի որդիներէն՝ Եփրեմէ՝ Ամիուդի որդին Եղիսամա, Մանասէէ՝ Փադասուրի որդին Գամաղիէլ,
11Բենիամինէ՝ Գեդէոնիի որդին Աբիդան,
12Դանէ՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզեր,
13Ասերէ՝ Եքրանի որդին Փաքիէլ,
14Գադէ՝ Դագուէլի որդին Եղիասափ,
15Նեփթաղիմէ՝ Ենանի որդին Աքիրէ»։
16Ասոնք էին համայնքին անուանիները, իրենց հայրերուն տոհմերուն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները։
17Մովսէս եւ Ահարոն առին այս մարդիկը, որոնք իրենց անուններով որոշուած էին,
18ու երկրորդ ամսուան առաջին օրը ամբողջ համայնքը հաւաքեցին. իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր եղող բոլորը 3մէկ առ մէկ՝՝ արձանագրեցին իրենց ծնունդները՝ անուններուն թիւով։
19Ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, այնպէս ան թուարկեց զանոնք Սինայի անապատին մէջ։
20Իսրայէլի անդրանիկ որդիին՝ Ռուբէնի որդիները իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, բոլոր արուները իրենց անուններուն թիւով՝ 4մէկ առ մէկ՝՝,
21Ռուբէնի տոհմէն թուարկուածները՝ քառասունվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
22Շմաւոնի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, բոլոր թուարկուած արուները իրենց անուններուն թիւով՝ 5մէկ առ մէկ՝՝,
23Շմաւոնի տոհմէն թուարկուածները յիսունինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։
24Գադի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները իրենց անուններուն թիւով,
25Գադի տոհմէն թուարկուածները քառասունհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։
26Յուդայի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
27Յուդայի տոհմէն թուարկուածները եօթանասունչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։
28Իսաքարի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
29Իսաքարի տոհմէն թուարկուածները յիսունչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
30Զաբուղոնի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
31Զաբուղոնի տոհմէն թուարկուածները յիսունեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։
32Յովսէփի որդիներէն Եփրեմի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
33Եփրեմի տոհմէն թուարկուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
34Մանասէի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
35Մանասէի տոհմէն թուարկուածները երեսուներկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։
36Բենիամինի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
37Բենիամինի տոհմէն թուարկուածները երեսունհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
38Դանի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
39Դանի տոհմէն թուարկուածները վաթսուներկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
40Ասերի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
41Ասերի տոհմէն թուարկուածները քառասունմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
42Նեփթաղիմի որդիները՝ իրենց ծնունդներով, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները, իրենց անուններուն թիւով,
43Նեփթաղիմի տոհմէն թուարկուածները յիսուներեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44Ասոնք են այն թուարկուածները, որ Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները թուարկեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին, իւրաքանչիւրը իր նահապետութեան համար որոշուած։
45Այսպէս թուարկուեցան Իսրայէլի բոլոր որդիները՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, Ւսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր զինուորութեան գացողները.
46բոլոր թուարկուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։
47Բայց Ղեւտացիները՝ իրենց հայրերուն տոհմով՝ ասոնց հետ չթուարկուեցան,
48քանի որ Տէրը խօսեր էր Մովսէսի՝ ըսելով.
49«Միայն Ղեւտացիներուն տոհմը մի՛ թուարկեր, ու Իսրայէլի որդիներուն հետ անոնց գումարը մի՛ առներ։
50Բայց Ղեւտացիները վերակացո՛ւ նշանակէ Վկայութեան խորանին, անոր բոլոր առարկաներուն եւ անոր վերաբերեալ բոլոր բաներուն. անո՛նք պիտի կրեն խորանն ու անոր բոլոր առարկաները, անո՛նք պիտի կատարեն անոր պաշտօնը, եւ անո՛նք պիտի բանակին խորանին շուրջը։
51Խորանին մեկնելու ատենը՝ Ղեւտացինե՛րը պիտի քակեն զայն, ու խորանին բանակելու ատենը՝ Ղեւտացինե՛րը պիտի կանգնեցնեն զայն. անոր մօտեցող օտարը պիտի մեռցուի։
52Իսրայէլի որդիները իրենց զօրաբաժիններով թող բանակին՝ իւրաքանչիւրը իր բանակավայրին մէջ, իւրաքանչիւրը իր դրօշին քով։
53Բայց Ղեւտացիները Վկայութեան խորանին շուրջը թող բանակին, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն համայնքին վրայ զայրոյթ չըլլայ, ու Ղեւտացիները Վկայութեան խորանին 6պաշտօնը թող կատարեն՝՝»։
54Եւ Իսրայէլի որդիները՝ Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրին. այնպէս ըրին։