Loading...

Numbers 2

Leviticus  «  Numbers 1  ‹  Numbers 2  ›  Numbers 3  »  Deuteronomy


ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.

2

«Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր դրօշին քով թող բանակի, իր նահապետութեան նշանով. Հանդիպումի վրանին դիմաց՝ բոլորաձեւ թող բանակին։

3

Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք՝ Յուդայի բանակին դրօշին տակ եղողները թող բանակին, իրենց զօրաբաժիններուն կարգով, եւ Ամինադաբի որդին՝ Նաասոն, Յուդայի որդիներուն իշխանը.

4

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը եօթանասունչորս հազար վեց հարիւր հոգի էր։)

5

Անոր քով բանակողները՝ Իսաքարի տոհմը, ու Սովգարի որդին՝ Նաթանայէլ, Իսաքարի որդիներուն իշխանը թող ըլլան.

6

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը յիսունչորս հազար չորս հարիւր հոգի էր։)

7

Յետոյ՝ Զաբուղոնի տոհմը, եւ Քեղոնի որդին՝ Եղիաբ, Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը.

8

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը յիսունեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էր։)

9

(Յուդայի բանակին մէջ բոլոր թուարկուածները, իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ, հարիւր ութսունվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն թող մեկնին։

10

Հարաւային կողմը՝ Ռուբէնի բանակին դրօշը թող ըլլայ, իր զօրաբաժիններուն կարգով, եւ Ռուբէնի որդիներուն իշխանը, Սեդիուրի որդին՝ Եղիսուր.

11

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը քառասունվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էր։)

12

Անոր քով բանակողները՝ Շմաւոնի տոհմը, ու Շմաւոնի որդիներուն իշխանը, Սուրիսադայի որդին՝ Սաղամիէլ թող ըլլան.

13

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը յիսունինը հազար երեք հարիւր հոգի էր։)

14

Յետոյ՝ Գադի տոհմը, եւ Գադի որդիներուն իշխանը, Դագուէլի որդին՝ Եղիասափ.

15

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը քառասունհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էր։)

16

(Ռուբէնի բանակին մէջ բոլոր թուարկուածները, իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ, հարիւր յիսունմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին։) Երկրորդ անգամ ասոնք թող մեկնին։

17

Յետոյ՝ Ղեւտացիներու բանակին հետ՝ Հանդիպումի վրանը թող մեկնի, բանակներուն մէջտեղը։ Ինչպէս բանակեցան՝ այնպէս թող մեկնին, իւրաքանչիւրը իր տեղը՝ իր դրօշին քով։

18

Արեւմտեան կողմը՝ Եփրեմի բանակին դրօշը թող ըլլայ, իր զօրաբաժիններուն կարգով, ու Եփրեմի որդիներուն իշխանը, Ամիուդի որդին՝ Եղիսամա.

19

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էր։)

20

Անոր քով՝ Մանասէի տոհմը, եւ Մանասէի որդիներուն իշխանը, Փադասուրի որդին՝ Գամաղիէլ.

21

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը երեսուներկու հազար երկու հարիւր հոգի էր։)

22

Յետոյ՝ Բենիամինի տոհմը, ու Բենիամինի որդիներուն իշխանը, Գեդէոնիի որդին՝ Աբիդան.

23

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը երեսունհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էր։)

24

(Եփրեմի բանակին մէջ բոլոր թուարկուածները, իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ, հարիւր ութ հազար հարիւր հոգի էին։) Երրորդ անգամ ասոնք թող մեկնին։

25

Հիւսիսային կողմը՝ Դանի բանակին դրօշը թող ըլլայ, իր զօրաբաժիններուն կարգով, ու Դանի որդիներուն իշխանը, Ամիսադայի որդին՝ Աքիեզեր.

26

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը վաթսուներկու հազար եօթը հարիւր հոգի էր։)

27

Անոր քով բանակողները՝ Ասերի տոհմը, եւ Ասերի որդիներուն իշխանը, Եքրանի որդին՝ Փագիէլ թող ըլլան.

28

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը քառասունմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էր։)

29

Յետոյ՝ Նեփթաղիմի տոհմը, ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը, Ենանի որդին՝ Աքիրէ.

30

(անոր թուարկուած զօրաբաժինը յիսուներեք հազար չորս հարիւր հոգի էր։)

31

(Դանի բանակին մէջ բոլոր թուարկուածները հարիւր յիսունեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք ամենէն ետք թող մեկնին՝ իրենց դրօշներով»։

32

Ասոնք են Իսրայէլի որդիներէն թուարկուածները՝ իրենց նահապետութիւններով։ Բանակներուն մէջ բոլոր թուարկուածները, իրենց զօրաբաժիններուն կարգով, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։

33

Բայց Ղեւտացիները չթուարկուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

34

Իսրայէլի որդիները՝ Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրին։ Այսպէս կը բանակէին՝ իրենց դրօշներով, եւ այսպէս կը մեկնէին, իւրաքանչիւրը իր գերդաստանին կարգով եւ իր նահապետութեամբ։