Numbers 3
Leviticus « Numbers 2 ‹ Numbers 3 › Numbers 4 » Deuteronomy
ԱՀԱՐՈՆԻ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
1Ահա՛ւասիկ Ահարոնի ու Մովսէսի ծնունդները՝ Տէրոջ Մովսէսի հետ Սինա լերան վրայ խօսած օրը։
2Ահա՛ւասիկ Ահարոնի որդիներուն անունները.— անդրանիկը՝ Նադաբ, Աբիուդ, Եղիազար եւ Իթամար։
3Ասոնք էին Ահարոնի որդիներուն՝ օծուած քահանաներուն անունները, որոնք նուիրուած էին քահանայութիւն կատարելու։
4Նադաբ ու Աբիուդ մեռան Տէրոջ առջեւ, երբ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջ առջեւ օտար կրակ մատուցանեցին. անոնք որդի չունէին։ Իսկ Եղիազար եւ Իթամար քահանայութիւն կատարեցին իրենց հօր՝ Ահարոնի առջեւ։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՍԱՀՄԱՆՈՒԻՆ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ
5Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
6«Ղեւիի տոհմը մօտեցո՛ւր եւ զանոնք կեցո՛ւր Ահարոն քահանային առջեւ, որպէսզի անոր սպասարկեն,
7ու 1կատարեն անոր պաշտօնը՝՝ եւ ամբողջ համայնքին պաշտօնը Հանդիպումի վրանին առջեւ՝ խորանին ծառայութիւնը ընելով։
8Հանդիպումի վրանին բոլոր առարկաներն ու Իսրայէլի որդիներուն 2պաշտօնը թող կատարեն՝՝ խորանին ծառայութիւնը ընելով։
9Եւ Ահարոնի ու անոր որդիներուն տո՛ւր Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն ամբողջութեամբ անոր տրուած են։
10Նշանակէ՛ Ահարոնը եւ անոր որդիները՝ որպէսզի իրենց քահանայական պաշտօնը կատարեն. իսկ մօտեցող օտարը պիտի մեռցուի»։
11Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
12«Ահա՛ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը. ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան,
13քանի որ ամէն անդրանիկ իմս է։ Երբ Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները՝ մարդէն մինչեւ անասուն՝ սրբացուցի ինծի համար. անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ե՛ս եմ Տէրը»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
14Տէրը Սինայի անապատին մէջ խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
15«Թուարկէ՛ Ղեւիի որդիները իրենց նահապետութիւններուն եւ գերդաստաններուն համեմատ. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արու թուարկէ՛»։
16Մովսէս Տէրոջ 3հրամանին համաձայն թուարկեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ։
17Ահա՛ւասիկ Ղեւիի որդիները՝ իրենց անուններով.— Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։
18Ահա՛ւասիկ Գերսոնի որդիներուն անունները՝ իրենց գերդաստաններով.— Ղոբենի եւ Սեմէի.
19Կահաթի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով.— Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ.
20Եւ Մերարիի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով.— Մոհողի ու Մուսի։ Ասոնք էին Ղեւտացիներուն տոհմերը՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ։
21Գերսոնէ՝ Ղոբենեաններու գերդաստանը եւ Սեմէեաններու գերդաստանը եղան. ասոնք են Գերսոնեաններու գերդաստանները։
22Ասոնցմէ թուարկուածները — մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուներուն թիւին համեմատ թուարկուածները — եօթը հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
23Գերսոնեաններու գերդաստանները խորանին ետեւի կողմը՝ դէպի արեւմուտք կը բանակէին,
24նաեւ Գերսոնեաններու նահապետութեան իշխանը, Լայէլի որդին՝ Եղիասափ։
25Հանդիպումի վրանին մէջ Գերսոնի որդիներուն 4պաշտօնին յանձնուած էին խորանն ու վրանը, անոր ծածքը եւ Հանդիպումի վրանին մուտքի վարագոյրը,
26խորանին ու զոհասեղանին շրջակայ սրահին վարագոյրները, սրահին մուտքի վարագոյրը, եւ անոր չուանները՝ խորանին ամբողջ ծառայութեան համար։
27Կահաթէ՝ Ամրամեաններու գերդաստանը, Իսահառեաններու գերդաստանը, Քեբրոնեաններու գերդաստանն ու Ոզիէլեաններու գերդաստանը եղան. ասոնք են Կահաթեաններու գերդաստանները։
28Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները՝ իրենց թիւին համեմատ՝ ութ հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին 5պաշտօնը կը կատարէին՝՝։
29Կահաթի որդիներուն գերդաստանները խորանին հարաւային կողմը կը բանակէին,
30նաեւ Կահաթեաններու գերդաստաններուն նահապետութեան իշխանը, Ոզիէլի որդին՝ Եղիսափան։
31Անոնց 6պաշտօնին յանձնուած էին տապանակն ու առաջադրութեան հացին սեղանը, աշտանակը, զոհասեղանները եւ սրբարանին առարկաները՝ որոնցմով պաշտօն կը կատարեն, վարագոյրն ու անոր ամբողջ ծառայութիւնը։
32Իսկ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը, Ահարոն քահանային որդին՝ Եղիազար, սրբարանին 7պաշտօնը կատարողներուն՝՝ վրայ վերատեսուչ էր։
33Մերարիէ՝ Մոհողեաններու գերդաստանը եւ Մուսեաններու գերդաստանը եղան. ասոնք են Մերարիի գերդաստանները։
34Ասոնցմէ թուարկուածները — մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները՝ իրենց թիւին համեմատ — վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։
35Ասոնք եւ Մերարեաններու գերդաստաններուն նահապետութեան իշխանը, Աբիքէլի որդին՝ Սուրիէլ, խորանին հիւսիսային կողմը կը բանակէին։
36Մերարիի որդիներուն վերակացութեան յանձնուած էին իբր 8պաշտօն՝ խորանին տախտակները, անոր նիգերը, սիւներն ու խարիսխները, անոր բոլոր առարկաները եւ անոր ամբողջ ծառայութիւնը,
37նաեւ շրջակայ սրահին սիւները, անոնց խարիսխները, ցիցերն ու չուանները։
38Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն Հանդիպումի վրանին առջեւ՝ դէպի արեւելք բանակողները Մովսէս, Ահարոն եւ անոր որդիներն էին, որ սրբարանին 9պաշտօնը կատարեն՝՝ Իսրայէլի որդիներուն յանձնուած 10պաշտօնին համար. բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտար պիտի մեռցուէր։
39Ղեւտացիներէն բոլոր թուարկուածները, որ իրենց գերդաստաններով Մովսէս ու Ահարոն թուարկեցին՝ Տէրոջ հրամանին համաձայն, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները՝ քսաներկու հազար էին։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԱՒԵՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ
40Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Թուարկէ՛ Իսրայէլի որդիները՝ մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները, եւ անոնց անուններուն թիւը առ։
41Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղը՝ Ղեւտացինե՛րը առ ինծի համար — ե՛ս եմ Տէրը —, նաեւ Ղեւտացիներուն անասունները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր առջինեկներուն տեղը»։
42Մովսէս թուարկեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
43Բոլոր անդրանիկ արուները՝ իրենց անուններուն թիւով, մէկ ամսականէն վեր թուարկուողները, քսաներկու հազար երկու հարիւր եօթանասուներեք հոգի էին։
44Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
45«Իսրայէլի որդիներուն մէջ՝ բոլոր անդրանիկներուն տեղը Ղեւտացինե՛րը առ, եւ անոնց անասուններուն տեղը՝ Ղեւտացիներուն անասունները, որպէսզի Ղեւտացիները իմս ըլլան. ե՛ս եմ Տէրը։
46Իսկ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասուներեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար,
47մարդ գլուխ հի՛նգ սիկղ առ. սրբարանի սիկղին համեմատ ա՛ռ — մէկ սիկղը քսան կերատ է —,
48եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին դրամը Ահարոնի ու անոր որդիներո՛ւն տուր»։
49Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն առաւ փրկութեան դրամը.
50Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն հազար երեք հարիւր վաթսունհինգ սիկղ արծաթ առաւ՝ սրբարանի սիկղին համեմատ,
51ու Մովսէս՝ Տէրոջ հրամանին համաձայն՝ փրկուածներուն դրամը Ահարոնի եւ անոր որդիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։