Numbers 4
Leviticus « Numbers 3 ‹ Numbers 4 › Numbers 5 » Deuteronomy
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԿԱՀԱԹԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.
2«Ղեւիի որդիներուն մէջէն՝ Կահաթի որդիներուն գումա՛րը առ, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ։
3Թուարկէ՛ երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ կը մտնեն՝ Հանդիպումի վրանին մէջ գործ կատարելու համար։
4Հանդիպումի վրանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը՝ ամենասուրբ բաները պիտի ըլլան։
5Երբ բանակը մեկնի, Ահարոն ու անոր որդիները թող գան, ծածկող վարագոյրը իջեցնեն եւ անով Վկայութեան տապանակը ծածկեն։
6Իշղարի մորթերէ ծածքը անոր վրայ թող դնեն, ամբողջովին 1կապուտակէ լաթ մը տարածեն անոր վրայ, ու անոր ձողերը անցընեն։
7Առաջադրութեան հացի սեղանին վրայ կապուտակէ լաթ մը թող տարածեն, եւ անոր վրայ դնեն ափսէները, խնկամանները, թասերն ու 2թափելիք նուէր ընծայելու՝՝ բաժակները. մշտատեւ հացն ալ անոր վրայ պիտի ըլլայ։
8Անոնց վրայ 3կրկնակի կարմիրէ՝՝ լաթ մը թող տարածեն, իշղարի մորթերէ ծածքով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։
9Կապուտակէ լաթ մը թող առնեն ու ծածկեն լուսակալին աշտանակը, անոր ճրագները, ունելիները, ճրագաբերանները եւ անոր բոլոր իւղի անօթները, որոնցմով անոր պաշտօնը կը կատարեն։
10Զայն իր բոլոր առարկաներով թող դնեն իշղարի մորթերէ ծածքի մը մէջ, ու ձողի մը վրայ դնեն զայն։
11Ոսկի զոհասեղանին վրայ կապուտակէ լաթ մը թող տարածեն, իշղարի մորթերէ ծածքով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։
12Պաշտօնին բոլոր առարկաները՝ որոնցմով պաշտօն կը կատարեն սրբարանին մէջ՝ թող առնեն, կապուտակէ լաթի մը մէջ փաթթեն, իշղարի մորթերէ ծածքով ծածկեն զանոնք, ու ձողի մը վրայ դնեն։
13Ողջակէզի զոհասեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ 4ծիրանիէ լաթ մը թող տարածեն,
14անոր վրայ թող դնեն անոր բոլոր առարկաները՝ որոնք անոր պաշտօնին համար կը գործածուին, այսինքն՝ կրակարանները, մսահանները, թիակներն ու կոնքերը (զոհասեղանին բոլոր առարկաները), անոր վրայ իշղարի մորթերէ ծածք մը թող տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։
15Բանակին մեկնած ատենը՝ երբ Ահարոն ու անոր որդիները աւարտեն սրբարանը եւ սրբարանին բոլոր առարկաները ծածկելը, յետոյ Կահաթի որդիները թող գան զանոնք կրելու. բայց սուրբ բաներու թող չդպչին, որպէսզի չմեռնին»։ Ասո՛նք են Կահաթի որդիներուն կրելիք բեռները՝ Հանդիպումի վրանէն։
16Ահարոն քահանային որդին՝ Եղիազար վերատեսուչ թող ըլլայ լուսակալին իւղին, անուշաբոյր խունկին, մշտատեւ հացի ընծային եւ օծումի իւղին վրայ. ամբողջ խորանին, անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր առարկաներուն վրայ վերատեսուչ ըլլայ»։
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ ըսելով.
18«Մի՛ թողուք որ Ղեւտացիներուն մէջէն Կահաթեաններու գերդաստաններուն տոհմը բնաջնջուի.
19հապա սա՛ ըրէք անոնց, որպէսզի երբ ամենասուրբ բաներուն մօտենան՝ ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու բեռը որոշեն։
20Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկուին, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէսզի չմեռնին»։
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԳԵՐՍՈՆԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
21Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
22«Գերսոնի որդիներուն գումա՛րն ալ առ, իրենց նահապետութիւններուն եւ գերդաստաններուն համեմատ։
23Թուարկէ՛ երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ կը մտնեն՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար։
24Ահա՛ւասիկ Գերսոնեաններու գերդաստաններուն ծառայելու եւ բեռ կրելու պաշտօնը.—
25Անո՛նք պիտի կրեն խորանին վարագոյրներն ու Հանդիպումի վրանը, անոր ծածքը եւ անոր վրայի իշղարի ծածքը, Հանդիպումի վրանին մուտքի վարագոյրը,
26խորանին ու զոհասեղանին շրջակայ սրահին վարագոյրները եւ սրահի դրան մուտքի վարագոյրը, անոնց չուաններն ու ծառայութեան բոլոր առարկաները, ամէն ինչ որ շինուած է անոնց համար. ա՛յսպէս պիտի ծառայեն։
27Գերսոնեաններու որդիներուն ամբողջ պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն եւ ամբողջ ծառայութեան համար, Ահարոնի ու անոր որդիներուն հրամանով պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց վերատեսչութեա՛ն յանձնեցէք իբր 5պաշտօն։
28Ա՛յս է Գերսոնեաններու որդիներուն գերդաստաններուն ծառայութիւնը Հանդիպումի վրանին մէջ. անոնց 6պաշտօնը Ահարոն քահանային որդիին՝ Իթամարի ձեռքին տակ պիտի ըլլայ»։
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ՄԵՐԱՐԻԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
29«Թուարկէ՛ նաեւ Մերարիի որդիները, իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ.
30Թուարկէ՛ երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ կը մտնեն՝ Հանդիպումի վրանին ծառայութիւնը ընելու համար։
31Ահա՛ւասիկ իրենց բեռներուն 7պաշտօնը՝ Հանդիպումի վրանին մէջ իրենց ամբողջ ծառայութեան համեմատ.— խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը, սիւները եւ խարիսխները,
32շրջակայ սրահին սիւները, անոնց խարիսխները, ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր առարկաներով, իրենց ամբողջ ծառայութեան համեմատ. անոնց բեռներուն 8պաշտօնին առարկաները անուններո՛վ նշանակեցէք։
33Ա՛յս է Մերարիի որդիներուն գերդաստաններուն պաշտօնը Հանդիպումի վրանին մէջ, իրենց ամբողջ ծառայութեան համեմատ, Ահարոն քահանային որդիին՝ Իթամարի ձեռքին տակ»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
34Մովսէս, Ահարոն ու համայնքին իշխանները թուարկեցին Կահաթեաններու որդիները՝ անոնց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ,
35երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ մտան՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ծառայելու համար.
36անոնցմէ թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններով՝ երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։
37Ասոնք են Կահաթեաններու գերդաստաններէն թուարկուածները, Հանդիպումի վրանին մէջ բոլոր ծառայողները, որ Մովսէս ու Ահարոն թուարկեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսի 9միջոցով հրամայեր էր։
38Գերսոնի որդիներէն թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ,
39երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ մտան՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ծառայելու համար,
40այսինքն անոնցմէ թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։
41Ասոնք են Գերսոնի որդիներուն գերդաստաններէն թուարկուածները, Հանդիպումի վրանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընողները, որ Մովսէս ու Ահարոն թուարկեցին Տէրոջ հրամանին համաձայն։
42Մերարիի որդիներուն գերդաստաններէն թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ,
43երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք, որ սպասարկութեան մէջ մտան՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ծառայելու համար,
44այսինքն անոնցմէ թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններով՝ երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։
45Ասոնք են Մերարիի որդիներուն գերդաստաններէն թուարկուածները, որ Մովսէս ու Ահարոն թուարկեցին Տէրոջ հրամանին համաձայն՝ Մովսէսի 10միջոցով տրուած։
46Ղեւտացիներէն բոլոր թուարկուածները՝ որ Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները թուարկեցին իրենց գերդաստաններուն եւ նահապետութիւններուն համեմատ,
47երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկան բոլոր անոնք՝ որ մտան Հանդիպումի վրանին մէջ պաշտօնի ծառայութիւնը ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու,
48այսինքն անոնցմէ թուարկուածները՝ ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։
49Անոնք Տէրոջ հրամանին համաձայն թուարկուեցան Մովսէսի ձեռքով, իւրաքանչիւրը իր պաշտօնին համեմատ եւ իր բեռին համեմատ. ա՛յսպէս թուարկուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։