Loading...

Numbers 5

Leviticus  «  Numbers 4  ‹  Numbers 5  ›  Numbers 6  »  Deuteronomy


ԱՆՄԱՔՈՒՐ ՄԱՐԴԻԿ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակավայրէն դուրս հանեն ամէն բորոտ, ամէն ծորում ունեցող եւ 1մեռելի մը դպչելով ամէն անմաքուր եղող։

3

Արո՛ւն ալ, է՛գն ալ դո՛ւրս հանեցէք. բանակավայրէն դո՛ւրս հանեցէք զանոնք, որպէսզի անմաքուր չընեն իրենց բանակավայրերը՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։

4

Իսրայէլի որդիները այդպէս ըրին, ու բանակավայրէն դուրս հանեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։


ՍԽԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ

5

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

6

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. “Երբ մարդ մը կամ կին մը Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց ըլլայ՝ մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ։

7

Ան իր գործած մեղքը թող խոստովանի եւ իր յանցանքին վնասը լման թող հատուցանէ. ատոր վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու զայն տայ անոր՝ որուն դէմ յանցաւոր եղած է։

8

Եթէ այդ վնաս կրող մարդը ո՛չ մէկ ազգական ունի՝ որուն հատուցանուի յանցանքին վնասը, թող Տէրոջ հատուցանուի յանցանքին վնասը, այսինքն՝ քահանային, քաւութեան խոյէն զատ, որով այդ յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։

9

Ւսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներէն ամէն բարձրացնելիք ընծայ՝ որ կը մատուցանեն քահանային, անո՛ր պիտի ըլլայ։

10

Իւրաքանչիւրին սուրբ բաները անո՛ր պիտի ըլլան. մարդ ի՛նչ որ տայ քահանային, անո՛ր պիտի ըլլայ”»։


ԿԱՍԿԱԾՈՏ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

11

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

12

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր հանդէպ ուխտազանց ըլլայ

13

— մէկը անոր հետ զուգաւորութեան համար պառկի, ատիկա անոր ամուսինին աչքերէն թաքնուի եւ բանը 2ծածկուի, անոր պղծուած ատենը 3տեսնող մը չըլլայ ու կինը չբռնուի —,

14

եւ ամուսինին վրայ նախանձախնդրութեան ոգի գալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար նախանձախնդիր ըլլայ, կամ եթէ ամուսինին վրայ նախանձախնդրութեան ոգի գայ ու իր կնոջ համար նախանձախնդիր ըլլայ՝ թէեւ ան պղծուած չըլլայ,

15

այդ մարդը իր կինը քահանային թող բերէ եւ անոր իբր մատաղ՝ գարիի ալիւրէն արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բերէ։ Իւղ թող չթափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, որովհետեւ նախանձախնդրութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ՝ որ անօրէնութիւնը կը յիշեցնէ։

16

Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջ առջեւ կայնեցնէ։

17

Քահանան 4խեցիէ անօթով սուրբ ջուր թող առնէ, եւ քահանան խորանին յատակը եղող հողէն թող առնէ ու ջուրին մէջ դնէ։

18

Քահանան կինը Տէրոջ առջեւ թող կայնեցնէ, կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն նախանձախնդրութեան ընծան, անոր ափերուն վրայ դնէ. իսկ անէծքի լեղի ջուրը՝ քահանան իր ձեռքը թող ունենայ։

19

Քահանան թող երդում ընել տայ անոր եւ ըսէ կնոջ. "Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ, ու խոտորելով չպղծուեցար՝ ամուսինէդ զատ ուրիշի մը հետ ըլլալով, այս անէծքի լեղի ջուրէն անպատի՛ժ եղիր։

20

Բայց եթէ խոտորելով պղծուեցար՝ ամուսինէդ զատ ուրիշի մը հետ ըլլալով, եւ ամուսինէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ,

21

(քահանան թող անէծքի երդում ընել տայ կնոջ ու քահանան թող ըսէ կնոջ.) Տէրը քեզ անէծքի եւ երդումի օրինակ թող ընէ քու ժողովուրդիդ մէջ, երբ Տէրը քու զիստդ 5բորբոսեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ.

22

այս անէծքի ջուրը քու որովայնիդ մէջ թող երթայ, որպէսզի փորդ ուռեցնէ ու զիստդ բորբոսեցնէ"։ Եւ կինը թող ըսէ. "Ամէն, ամէն"։

23

Քահանան այս անէծքները գիրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջուրով թող ջնջէ։

24

Յետոյ անէծքի լեղի ջուրը թող խմցնէ այդ կնոջ. անէծքի ջուրը անոր ներսը պիտի մտնէ ու լեղի ըլլայ։

25

Քահանան կնոջ ձեռքէն նախանձախնդրութեան ընծան թող առնէ, Տէրոջ առջեւ ընծան երերցնէ եւ զայն զոհասեղանին վրայ մատուցանէ։

26

Քահանան ընծայէն բուռ մը թող առնէ՝ յիշատակի համար, ու զայն զոհասեղանին վրայ այրէ. յետոյ այդ ջուրը կնոջ թող խմցնէ։

27

Ջուրը անոր խմցնելէն ետք, եթէ ան պղծուած է՝ իր ամուսինին հանդէպ ուխտազանց ըլլալով, անէծքի ջուրը պիտի մտնէ անոր ներսը ու լեղի ըլլայ. անոր փորը պիտի ուռի եւ անոր զիստը 6բորբոսի, ու կինը իր ժողովուրդին մէջ անէծքի օրինակ պիտի ըլլայ։

28

Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, անպատիժ պիտի ըլլայ եւ պիտի սերնդագործէ”։

29

Ա՛յս է նախանձախնդրութեան օրէնքը, երբ կին մը խոտորելով պղծուի՝ իր ամուսինէն զատ ուրիշի մը հետ ըլլալով.

30

կամ երբ մարդու մը վրայ նախանձախնդրութեան ոգի գայ եւ իր կնոջ համար նախանձախնդիր ըլլայ, Տէրոջ առջեւ թող կայնեցնէ կինը ու քահանան անոր վրայ գործադրէ այս ամբողջ օրէնքը։

31

Մարդը անօրէնութենէ անպարտ պիտի ըլլայ, բայց այդ կինը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ»։



1 Եբր.՝ անձի
2 Եբր.՝ թաքնուելով ծածկուի
3 Եբր.՝ անոր դէմ վկայ
4 Այսինքն՝ թրծուած կաւէ
5 Եբր.՝ իյնալ տայ
6 Եբր.՝ իյնայ