Loading...

Numbers 6

Leviticus  «  Numbers 5  ‹  Numbers 6  ›  Numbers 7  »  Deuteronomy


ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք զատորոշէ ու Տէրոջ 1նուիրաբերուելու համար 2ուխտաւորի ուխտ ընէ,

3

գինիէ եւ օղիէ թող անջատուի, գինիի քացախ կամ օղիի քացախ թող չխմէ, խաղողի որեւէ օշարակ թող չխմէ, ու խաղող կամ չամիչ թող չուտէ։

4

Իր նուիրաբերումի բոլոր օրերը՝ 3որթատունկէն եղած ո՛չ մէկ բան թող ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։

5

Իր նուիրաբերումի ուխտին բոլոր օրերը՝ իր գլուխին վրայ ածելի թող չանցնի. ինք սուրբ թող ըլլայ եւ իր գլուխին մազերուն գանգուրները թողու որ աճին՝ մինչեւ որ իր Տէրոջ նուիրաբերումին օրերը լրանան։

6

Իր Տէրոջ նուիրաբերումին բոլոր օրերը՝ ո՛չ մէկ մեռած 4մարմինի թող մօտենայ.

7

իր հօր համար կամ մօր համար, իր եղբօր համար կամ քրոջ համար ինքզինք թող անմաքուր չընէ՝ երբ անոնք մեռնին, քանի որ իր Աստուծոյն 5ուխտը իր գլուխին վրայ է։

8

Իր նուիրաբերումին բոլոր օրերը՝ ինք սուրբ է Տէրոջ։

9

Եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի եւ իր նուիրաբերուած գլուխը պղծուի, գլուխը թող ածիլէ իր մաքրուելու օրը. եօթներորդ օրը թող ածիլէ զայն,

10

եւ ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ քահանային՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։

11

Քահանան մէկը իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ թող ընծայէ, եւ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ քանի որ մեղանչած էր 6մեռելին պատճառով։ Նոյն օրը ան իր գլուխը թող սրբացնէ,

12

իր նուիրաբերումին օրերը դարձեալ թող նուիրաբերէ Տէրոջ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառ մը բերէ. նախկին օրերը պիտի 7չհամրուին, որովհետեւ իր նուիրաբերումը պղծուեցաւ”։

13

Ահա՛ւասիկ ուխտաւորին օրէնքը. երբ իր նուիրաբերումին օրերը լրանան, ան Հանդիպումի վրանին մուտքը թող բերուի

14

եւ իր մատաղը Տէրոջ թող մատուցանէ.— մէկ տարեկան անարատ արու գառ մը՝ ողջակէզի համար, մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը՝ մեղքի պատարագի համար, անարատ խոյ մը՝ խաղաղութեան զոհի համար,

15

ու սակառ մը բաղարջ, կարկանդակներ՝ իւղով շաղուած 8նաշիհէ, անխմոր լաւաշներ՝ իւղով օծուած, եւ անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրը։

16

Քահանան զանոնք մօտեցնելով Տէրոջ առջեւ՝ անոր մեղքի պատարագը եւ անոր ողջակէզը թող ընծայէ։

17

Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ թող ընծայէ Տէրոջ՝ բաղարջին սակառով. քահանան անոր հացի ընծան ու թափելիք նուէրը թող ընծայէ։

18

Ուխտաւորը իր նուիրաբերուած գլուխը թող ածիլէ՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը, իր նուիրաբերուած գլուխին մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղող կրակին մէջ դնէ։

19

Քահանան խոյին եփած թեւը, սակառէն անխմոր կարկանդակ մը ու լաւաշ մը թող առնէ եւ ուխտաւորին ափերուն վրայ դնէ՝ իր նուիրաբերուած մազերուն ածիլուելէն ետք,

20

ու քահանան զանոնք իբր երերցնելիք ընծայ թող մատուցանէ Տէրոջ առջեւ։ Ասոնք սուրբ են քահանային համար՝ երերցնելիք երբուծին ու բարձրացնելիք զիստին հետ։ Յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։

21

Ա՛յս է ուխտ ըրած ուխտաւորի մը եւ իր նուիրաբերումին համար Տէրոջ խոստացած իր մատաղին օրէնքը՝ իր 9կարողացածէն զատ։ Ան իր ըրած ուխտը թող կատարէ՝ իր նուիրաբերումի օրէնքին համաձայն»։


ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

22

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

23

«Խօսէ՛ Ահարոնի ու անոր որդիներուն, եւ ըսէ՛. “Սա՛պէս օրհնեցէք Իսրայէլի որդիները՝ անոնց ըսելով.

24

"Տէրը օրհնէ՛ քեզ ու պահէ՛ քեզ։

25

Տէրը իր երեսը 10պայծառացնէ՛ քու վրադ եւ ողորմի՛ քեզի։

26

Տէրը իր երեսը վերցնէ՛ քու վրադ ու խաղաղութի՛ւն տայ քեզի"։

27

Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն, ու ես զանոնք պիտի օրհնեմ”»։



1 Եբր.՝ անջատուելու
2 Եբր.՝ անջատուածի
3 Եբր.՝ գինիի որթատունկէն
4 Եբր.՝ անձի
5 Եբր.՝ անջատումը, կամ՝ պսակը
6 Եբր.՝ անձին
7 Եբր.՝ իյնան
8 Այսինքն՝ նուրբ ալիւրէ
9 Եբր.՝ ձեռքը հասածէն
10 Եբր.՝ լուսաւորէ՛