Loading...

Numbers 7

Leviticus  «  Numbers 6  ‹  Numbers 7  ›  Numbers 8  »  Deuteronomy


ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

1

Այն օրը՝ երբ Մովսէս խորանը ամբողջովին կանգնեցուց, զայն օծեց ու սրբացուց՝ անոր բոլոր առարկաներով, եւ զոհասեղանն ու անոր բոլոր առարկաները օծեց եւ զանոնք սրբացուց,

2

Իսրայէլի իշխանները — իրենց նահապետութեան գլխաւորները, ժողովուրդին թուարկուելուն վրայ վերատեսուչ եղող 1տոհմապետները — մատաղ մատուցանեցին։

3

Տէրոջ առջեւ բերին իրենց մատաղները՝ վեց ծածկուած սայլ եւ տասներկու եզ — մէկ սայլ՝ երկու իշխանի, ու մէկ եզ՝ ամէն մէկուն —, եւ մօտեցուցին զանոնք խորանին առջեւ։

4

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

5

«Ա՛ռ անոնցմէ ու տո՛ւր ատոնք Ղեւտացիներուն՝ իւրաքանչիւրին իր պաշտօնին համեմատ, որպէսզի Հանդիպումի վրանին ծառայութեան համար գործածուին»։

6

Մովսէս առաւ սայլերն ու եզները, եւ զանոնք Ղեւտացիներուն տուաւ։

7

Երկու սայլ ու չորս եզ Գերսոնի որդիներուն տուաւ՝ անոնց պաշտօնին համեմատ.

8

չորս սայլ եւ ութ եզ Մերարիի որդիներուն տուաւ, Ահարոն քահանային որդիին՝ Իթամարի 2վերատեսչութեամբ եղող անոնց պաշտօնին համեմատ.

9

բայց Կահաթի որդիներուն չտուաւ, քանի որ անո՛նց ըլլալով սրբարանին ծառայութիւնը՝ իրենց ուսերո՛վ պիտի կրէին։

10

Իշխանները մատաղ մատուցանեցին զոհասեղանին նաւակատիքին համար՝ անոր օծումին օրը. իշխանները զոհասեղանին առջեւ մատուցանեցին իրենց մատաղները։

11

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Իշխանները իրենց մատաղները թող մատուցանեն՝ ամէն մէկ իշխան իր օրուան մէջ, զոհասեղանին նաւակատիքին համար»։

12

Առաջին օրը իր մատաղը մատուցանողն էր Յուդայի տոհմին իշխանը, Ամինադաբի որդին՝ Նաասոն։

13

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

14

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

15

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

16

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

17

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Ամինադաբի որդիին՝ Նաասոնի մատաղը։

18

Երկրորդ օրը մատուցանողն էր Իսաքարի որդիներուն իշխանը, Սովգարի որդին՝ Նաթանայէլ։

19

Անոր մատուցանած մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

20

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

21

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

22

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

23

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Սովգարի որդիին՝ Նաթանայէլի մատաղը։

24

Երրորդ օրը մատուցանողն էր Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը, Քեղոնի որդին՝ Եղիաբ։

25

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

26

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

27

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

28

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

29

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Քեղոնի որդիին՝ Եղիաբի մատաղը։

30

Չորրորդ օրը մատուցանողն էր Ռուբէնի որդիներուն իշխանը, Սեդիուրի որդին՝ Եղիսուր։

31

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

32

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

33

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

34

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

35

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Սեդիուրի որդիին՝ Եղիսուրի մատաղը։

36

Հինգերորդ օրը մատուցանողն էր Շմաւոնի որդիներուն իշխանը, Սուրիսադայի որդին՝ Սաղամիէլ։

37

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

38

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

39

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

40

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

41

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Սուրիսադայի որդիին՝ Սաղամիէլի մատաղը։

42

Վեցերորդ օրը մատուցանողն էր Գադի որդիներուն իշխանը, Դագուէլի որդին՝ Եղիասափ։

43

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

44

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

45

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

46

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

47

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Դագուէլի որդիին՝ Եղիասափի մատաղը։

48

Եօթներորդ օրը մատուցանողն էր Եփրեմի որդիներուն իշխանը, Ամիուդի որդին՝ Եղիսամա։

49

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

50

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

51

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

52

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

53

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Ամիուդի որդիին՝ Եղիսամայի մատաղը։

54

Ութերորդ օրը մատուցանողն էր Մանասէի որդիներուն իշխանը, Փադասուրի որդին՝ Գամաղիէլ։

55

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

56

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

57

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

58

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

59

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Փադասուրի որդիին՝ Գամաղիէլի մատաղը։

60

Իններորդ օրը մատուցանողն էր Բենիամինի որդիներուն իշխանը, Գեդէոնիի որդին՝ Աբիդան։

61

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

62

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

63

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

64

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

65

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Գեդէոնիի որդիին՝ Աբիդանի մատաղը։

66

Տասներորդ օրը մատուցանողն էր Դանի որդիներուն իշխանը, Ամիսադայի որդին՝ Աքիեզեր։

67

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

68

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

69

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

70

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

71

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Ամիսադայի որդիին՝ Աքիեզերի մատաղը։

72

Տասնմէկերորդ օրը մատուցանողն էր Ասերի որդիներուն իշխանը, Եքրանի որդին՝ Փագիէլ։

73

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

74

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

75

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

76

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

77

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Եքրանի որդիին՝ Փագիէլի մատաղը։

78

Տասներկրորդ օրը մատուցանողն էր Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը, Ենանի որդին՝ Աքիրէ։

79

Անոր մատաղն էր մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կշիռով, մէկ արծաթէ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ — սրբարանի սիկղին համեմատ —, երկուքն ալ լեցուած հացի ընծային համար իւղով շաղուած նաշիհով,

80

մէկ ոսկի խնկաման՝ տասը սիկղ, խունկով լեցուած,

81

արջառներէն մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ՝ ողջակէզի համար,

82

այծերէն մէկ նոխազ՝ մեղքի պատարագի համար,

83

եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Ա՛յս էր Ենանի որդիին՝ Աքիրէի մատաղը։

84

Ասո՛նք էին զոհասեղանին նաւակատիքին համար Իսրայէլի իշխաններուն մատուցանած մատաղները՝ անոր օծուած օրը.— տասներկու արծաթէ ափսէ, տասներկու արծաթէ կոնք ու տասներկու ոսկի խնկաման։

85

Ամէն մէկ արծաթէ ափսէ՝ հարիւր երեսուն սիկղ կը կշռէր, եւ ամէն մէկ կոնք՝ եօթանասուն սիկղ. այս անօթներուն ամբողջ արծաթը երկու հազար չորս հարիւր սիկղ կը կշռէր՝ սրբարանի սիկղին համեմատ։

86

Տասներկու ոսկի խնկամանները խունկով լեցուած էին. ամէն մէկ խնկաման տասը սիկղ կը կշռէր՝ սրբարանի սիկղին համեմատ. խնկամաններուն ամբողջ ոսկին հարիւր քսան սիկղ կը կշռէր։

87

Ողջակէզի համար բոլոր արջառները տասներկու զուարակ էին, խոյերը՝ տասներկու, մէկ տարեկան գառները՝ տասներկու, իրենց հացի ընծայով, իսկ մեղքի պատարագի համար՝ այծերէն տասներկու նոխազ։

88

Խաղաղութեան զոհի համար բոլոր արջառները քսանչորս զուարակ էին, խոյերը՝ վաթսուն, նոխազները՝ վաթսուն, մէկ տարեկան գառները՝ վաթսուն։ Ասո՛նք էին զոհասեղանին նաւակատիքին մատաղները՝ անոր օծուելէն ետք։

89

Երբ Մովսէս Հանդիպումի վրանը մտնէր՝ 3Տէրոջ հետ խօսելու, իրեն հետ խօսողին ձայնը կը լսէր Վկայութեան տապանակին վրայ եղող Քաւութեան վրայէն, երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, եւ ինք 4Տէրոջ հետ կը խօսէր։



1 Եբր.՝ տոհմերու իշխանները
2 Եբր.՝ ձեռքով
3 Եբր.՝ Անոր
4 Եբր.՝ Անոր