Numbers 9
Leviticus « Numbers 8 ‹ Numbers 9 › Numbers 10 » Deuteronomy
ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԱՏԻԿԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամիսը, ըսելով.
2«Իսրայէլի որդիները Զատիկը թող կատարեն իր սահմանուած ատենին։
3Այս ամսուան տասնչորրորդ օրը՝ իրիկուա՛ն դէմ կատարեցէք զայն, իր սահմանուած ատենին. անոր բոլոր կանոններուն եւ բոլոր սովորութիւններուն համաձայն կատարեցէք զայն»։
4Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն՝ որ Զատիկը կատարեն,
5եւ անոնք առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ Զատիկը կատարեցին, Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն։
6Սակայն ոմանք կային, որ մարդու մեռելի դպած ըլլալով անմաքուր էին, եւ չէին կրնար այդ օրը Զատիկը կատարել։ Մովսէսի ու Ահարոնի ներկայացան այդ օրը,
7եւ այն մարդիկը ըսին անոր. «Մենք մարդու մեռելի դպած ըլլալով անմաքուր ենք. ինչո՞ւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջ մատաղը իր սահմանուած ատենին մատուցանելէն արգիլուինք»։
8Մովսէս անոնց ըսաւ. «Կեցէ՛ք, 1հասկնամ թէ Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։
9Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
10«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռելի մը դպնալով անմաքուր ըլլայ կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա՛ ալ Զատիկը թող կատարէ Տէրոջ”։
11Երկրորդ ամսուան տասնչորրորդ օրը՝ իրիկուա՛ն դէմ թող կատարեն զայն. բաղարջով ու լեղի խոտերով թող ուտեն զայն։
12Անկէ մինչեւ առտու ոչինչ թող մնայ, եւ անկէ ո՛չ մէկ ոսկոր թող կոտրեն. Զատիկին բոլոր կանոններուն համաձայն թող կատարեն զայն։
13Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը Զատիկը կատարելէն հրաժարի, այդ անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի, որովհետեւ Տէրոջ մատաղը իր սահմանուած ատենին չմատուցանեց. այդ մարդը իր մեղքը պիտի կրէ։
14Եթէ գաղթական մը պանդխտանայ ձեր մէջ եւ ուզէ Զատիկը կատարել Տէրոջ, Զատիկին կանոնին ու անոր սովորութեան համաձայն թող կատարէ. թէ՛ գաղթականին եւ թէ բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։
ԿՐԱԿԷ ԱՄՊԸ (Ելք. 40. 34-38)
15Այն օրը՝ երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց խորանը, այսինքն՝ Վկայութեան վրանը. իրիկունը խորանին վրայ էր՝ կրակի երեւոյթով, մինչեւ առտու։
16Շարունակ այդպէս էր. ցերեկը ամպը կը ծածկէր զայն, իսկ գիշերը՝ կրակի երեւոյթը։
17Երբ ամպը վրանէն բարձրանար, անկէ ետք Իսրայէլի որդիները կը մեկնէին, եւ այն տեղը ուր ամպը կենար՝ հո՛ն Իսրայէլի որդիները կը բանակէին։
18Տէրո՛ջ հրամանով Իսրայէլի որդիները կը մեկնէին, ու Տէրո՛ջ հրամանով կը բանակէին. որքան ժամանակ որ ամպը խորանին վրայ կենար, անոնք կը բանակէին։
19Երբ ամպը երկար ժամանակ խորանին վրայ յամենար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 2պաշտօնը կը կատարէին՝՝ եւ չէին մեկներ։
20Իսկ երբ ամպը խորանին վրայ 3քիչ օր կենար, Տէրո՛ջ հրամանին համաձայն կը բանակէին, ու Տէրո՛ջ հրամանին համաձայն կը մեկնէին։
21Եթէ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու 4մնար, առտուն ամպին բարձրացած ատենը կը մեկնէին. ցերեկ ըլլար թէ գիշեր, ամպին բարձրացած ատենը կը մեկնէին։
22Եթէ ամպը երկու օր, կամ մէկ ամիս, կամ մէկ տարի խորանին վրայ կենալով յամենար, Իսրայէլի որդիները կը բանակէին եւ չէին մեկներ. բայց երբ բարձրանար, կը մեկնէին։
23Տէրո՛ջ հրամանին համաձայն կը բանակէին, ու Տէրո՛ջ հրամանին համաձայն կը մեկնէին. Մովսէսի 5միջոցով տրուած Տէրոջ հրամանին համաձայն՝ Տէրոջ 6պաշտօնը կը կատարէին՝՝։