Numbers 10
Leviticus « Numbers 9 ‹ Numbers 10 › Numbers 11 » Deuteronomy
ԱՐԾԱԹԷ ՓՈՂԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Քեզի արծաթէ երկո՛ւ փող շինէ. զանոնք կռածո՛յ շինէ, որպէսզի համայնքը կանչելու համար ու բանակներուն մեկնումին համար 1գործածես։
3Երբ զանոնք հնչեցնեն, ամբողջ համայնքը քովդ թող հաւաքուի՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։
4Եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ թող հաւաքուին։
5Երբ մեծագոչ հնչեցնէք, արեւելեան կողմը իջեւանող բանակները թող մեկնին։
6Երբ երկրորդ անգամ մեծագոչ հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւանող բանակները թող մեկնին։ Անոնց մեկնումին համար մեծագոչ թող հնչեցնեն։
7Երբ համախմբումը 2հաւաքէք, փողը հնչեցուցէ՛ք, բայց մի՛ գոռացնէք։
8Ահարոնի որդինե՛րը՝ քահանանե՛րը թող հնչեցնեն փողը, եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ։
9Եթէ ձեր երկրին մէջ պատերազմելու երթաք ձեզ ճնշող հակառակորդին դէմ, գոռացուցէ՛ք փողերը, որպէսզի յիշուիք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ, ու ձեր թշնամիներէն ազատիք։
10Նաեւ ձեր ուրախութեան օրերը, ձեր 3հանդիսաւոր տօներուն՝՝ եւ ամսագլուխներուն՝ հնչեցուցէ՛ք փողերը ձեր ողջակէզներուն ու խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէսզի ձեզի իբր յիշատակ ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԷՆ
11Երկրորդ տարին, երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը, ամպը բարձրացաւ Վկայութեան խորանին վրայէն։
12Ուստի Ւսրայէլի որդիները՝ իրենց մեկնումին կարգով՝ Սինայի անապատէն մեկնեցան, եւ ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։
13Առաջի՛ն անգամ կը մեկնէին՝ Մովսէսի 4միջոցով տրուած Տէրոջ հրամանին համաձայն։
14Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշը մեկնեցաւ՝ իրենց զօրաբաժիններուն կարգով. Ամինադաբի որդին՝ Նաասոն անոր զօրաբաժինին վրայ էր,
15Սովգարի որդին Նաթանայէլ՝ Իսաքարի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ,
16ու Քեղոնի որդին Եղիաբ՝ Զաբուղոնի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ։
17Խորանը քակեցին, եւ Գերսոնի որդիներն ու Մերարիի որդիները մեկնեցան՝ խորանը կրելով։
18Ռուբէնի բանակին դրօշը մեկնեցաւ իր զօրաբաժիններուն կարգով. Սեդիուրի որդին՝ Եղիսուր անոր զօրքին վրայ էր,
19Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլ՝ Շմաւոնի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ,
20եւ Դագուէլի որդին Եղիասափ՝ Գադի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ։
21Յետոյ Կահաթեանները մեկնեցան՝ սրբարանը կրելով. խորանը կանգնեցուցին մինչեւ անոնց գալը։
22Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշը մեկնեցաւ իրենց զօրաբաժիններուն կարգով. Ամիուդի որդին՝ Եղիսամա անոր զօրքին վրայ էր,
23Փադսասուրի որդին Գամաղիէլ՝ Մանասէի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ,
24ու Գեդէոնիի որդին Աբիդան՝ Բենիամինի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ։
25Դանի որդիներուն բանակին դրօշը՝ իրենց զօրաբաժիններուն կարգով՝ բոլոր բանակներուն 5ետեւէն մեկնեցաւ՝՝. Ամիսադայի որդին՝ Աքիեզեր անոր զօրքին վրայ էր,
26Եքրանի որդին Փագիէլ՝ Ասերի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ,
27ու Ենանի որդին Աքիրէ՝ Նեփթաղիմի որդիներուն տոհմին զօրաբաժինին վրայ։
28Ա՛յս էր Իսրայէլի որդիներուն մեկնումին կարգը՝ իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ, երբ մեկնէին։
29Մովսէս Յոբաբի ըսաւ, այսինքն իր աներոջ՝ Մադիանացի Ռագուէլի որդիին. «Մենք կը մեկնինք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ. “Ձեզի՛ պիտի տամ զայն”։ Եկո՛ւր մեզի հետ. բարիք պիտի ընենք քեզի, որովհետեւ Տէրը Իսրայէլի 6բարիք խոստացաւ՝՝»։
30Ան ալ իրեն ըսաւ. «Չեմ երթար, այլ իմ երկի՛րս եւ իմ ազգականներո՛ւս պիտի երթամ»։
31Ինք ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մի՛ թողուր մեզ, քանի որ անապատին մէջ մեր բանակելու տեղերը գիտես. մեզի 7առաջնո՛րդ եղիր։
32Եթէ մեզի հետ գաս, ի՛նչ բարիք որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյնը պիտի ընենք»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՃԱՄԲՈՐԴԷ
33Անոնք Տէրոջ լեռնէն մեկնեցան՝ երեք օրուան ճամբորդութեան համար. Տէրոջ ուխտին տապանակը անոնց առջեւէն գնաց՝ երեք օրուան ճամբայ, անոնց հանգստավայր մը հետախուզելու համար։
34Երբ բանակավայրէն կը մեկնէին, Տէրոջ ամպը ցերեկը անոնց վրայ էր։
35Երբ տապանակը մեկնէր՝ Մովսէս կ’ըսէր. «Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր, եւ քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։
36Իսկ երբ ան հանգչէր՝ ինք կ’ըսէր. «Վերադարձի՛ր, ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն»։