Loading...

Numbers 11

Leviticus  «  Numbers 10  ‹  Numbers 11  ›  Numbers 12  »  Deuteronomy


ՏԱԲԵՐԱ ԿՈՉՈՒԱԾ ՏԵՂԸ

1

Ժողովուրդը հառաչեց, ինչ որ Տէրոջ 1անհաճոյ եղաւ։ Տէրը լսեց եւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ. Տէրոջ կրակը անոնց մէջ վառուեցաւ, ու բանակավայրին ծայրերը եղողները սպառեց։

2

Ուստի ժողովուրդը աղաղակեց Մովսէսի, Մովսէս աղօթեց Տէրոջ, ու կրակը 2մարեցաւ։

3

Եւ այդ տեղին անունը 3Տաբերա կոչեց, քանի որ Տէրոջ կրակը անոնց մէջ վառուեր էր։

4

Անոնց մէջի խառնիճաղանճը ցանկութեան մէջ ինկաւ. Իսրայէլի որդիներն ալ 4դարձեալ լացին ու ըսին. «Ո՞վ մեզի միս պիտի տայ՝ որ ուտենք։

5

Կը յիշենք Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկը, վարունգները, սեխերը, պրասները, սոխերն ու սխտորները։

6

Իսկ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ ոչինչ կայ մեր աչքերուն առջեւ»։

7

(Մանանան գինձի սերմի պէս էր, եւ անոր դրսերեւոյթը՝ քարխունկի դրսերեւոյթին պէս։

8

Ժողովուրդը կը պտըտէր ու կը ժողվէր զայն. ապա ջաղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը 5ծեծէին, պտուկներու մէջ կ’եփէին եւ անկէ շօթեր կը շինէին. անոր համը իւղոտ գաթայի համին պէս էր։

9

Երբ գիշերը բանակավայրին վրայ ցօղ կ’իջնէր, մանանան ալ անոր վրայ կ’իջնէր։)


ՄՈՎՍԷՍ Կ’ԸՆՏՐԷ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ

10

Մովսէս լսեց թէ ժողովուրդը իր գերդաստաններով կու լայ, իւրաքանչիւրը իր վրանին մուտքը. Տէրոջ բարկութիւնը չափազանց բորբոքեցաւ, ու Մովսէսի ալ 6անհաճոյ եղաւ այս բանը։

11

Մովսէս Տէրոջ ըսաւ. «Ինչո՞ւ քու ծառայիդ չարիք ըրիր, եւ ինչո՞ւ քու 7առջեւդ շնորհք չգտայ՝ որ այս ամբողջ ժողովուրդին բեռը իմ վրաս կը դնես։

12

Միթէ ե՞ս յղացեր եմ այս ամբողջ ժողովուրդը, կամ ե՞ս ծնաներ եմ ասոնք, որ ինծի կ’ըսես. “Կրէ՛ զանոնք գիրկիդ մէջ, ինչպէս դայեակ մը ծծկերը կը կրէ, մինչեւ այն 8երկիրը՝ որ երդումով խոստացար անոնց հայրերուն։

13

Ես ուրկէ՞ միս ունենամ՝ որ այս ամբողջ ժողովուրդին տամ, քանի որ իմ շուրջս կու լան ու կ’ըսեն. “Մի՛ս տուր մեզի՝ որ ուտենք”։

14

Ես առանձին չեմ կրնար կրել այս ամբողջ ժողովուրդը, որովհետեւ ասիկա ինծի շատ ծանր է։

15

Եթէ ինծի հետ այսպէս պիտի վարուիս, կ’աղերսե՛մ, մեռցո՛ւր զիս՝ եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէսզի իմ չարիքս չտեսնեմ»։

16

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ինծի Իսրայէլի երէցներէն եօթանասո՛ւն մարդ հաւաքէ, որ դուն կը ճանչնաս որպէս ժողովուրդին երէցներն ու անոր ոստիկանները, զանոնք Հանդիպումի վրա՛նը բեր, ու հոն քեզի հետ թող ներկայանան։

17

Ես հոն պիտի իջնեմ եւ խօսիմ քեզի հետ, ու քու վրադ եղող Հոգիէն պիտի առնեմ եւ անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէսզի ժողովուրդին բեռը կրեն քեզի հետ, ու դուն առանձին չկրես։

18

Իսկ ժողովուրդին ըսէ՛. “Վաղուան համար դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք՝ որ միս ուտէք. արդարեւ Տէրոջ 9առջեւ լացիք՝ ըսելով. "Ո՞վ մեզի միս պիտի կերցնէ, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ լաւ էինք". ուստի Տէրը ձեզի միս պիտի տայ ու դուք պիտի ուտէք։

19

Դուք ո՛չ թէ մէկ օր կամ երկու օր պիտի ուտէք, ո՛չ հինգ օր, ո՛չ տասը օր, ո՛չ ալ քսան օր.

20

հապա լման մէկ ամիս պիտի ուտէք՝ մինչեւ որ ան ձեր քիթէն դուրս գայ ու դուք անկէ զզուիք, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Տէրը անարգեցիք եւ անոր առջեւ լացիք՝ ըսելով. "Ինչո՞ւ մենք Եգիպտոսէն ելանք"”»։

21

Բայց Մովսէս ըսաւ. «Այս ժողովուրդը՝ որուն մէջ կը գտնուիմ՝ վեց հարիւր հազար հետեւակ է, ու դուն ըսիր. “Ես անոնց միս պիտի տամ, որ լման մէկ ամիս ուտեն”։

22

Անոնց բաւելու համար՝ միթէ բոլոր ոչխարներն ու արջառները պիտի մորթուի՞ն. կամ ծովուն բոլոր ձուկերը պիտի հաւաքուի՞ն՝ անոնց բաւելու համար»։

23

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Միթէ Տէրոջ ձեռքը 10տկարացա՞ւ. հիմա պիտի տեսնես թէ քեզի ըսած խօսքս պիտի 11կատարուի՛ թէ ոչ»։

24

Մովսէս դուրս ելաւ, Տէրոջ խօսքերը ժողովուրդին հաղորդեց, ու ժողովուրդին երէցներէն եօթանասուն մարդ հաւաքելով՝ զանոնք վրանին շուրջը 12տեղաւորեց։

25

Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ, անոր հետ խօսեցաւ, եւ անոր վրայ եղած Հոգիէն առնելով՝ այդ եօթանասուն երէցներուն տուաւ։ Երբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէացան, 13բայց չշարունակեցին՝՝։

26

Սակայն երկու մարդ բանակավայրին մէջ մնաց. մէկուն անունը Ելդադ էր, միւսին անունը՝ Մովդադ, եւ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ։ Անոնք արձանագրուածներէն էին, բայց դուրս ելած չէին՝ դէպի վրանը, ու բանակավայրին մէջ մարգարէացան։

27

Պատանի մը վազեց եւ պատմեց Մովսէսի՝ ըսելով. «Ելդադ ու Մովդադ բանակավայրին մէջ կը մարգարէանան»։

28

Նաւէի որդին՝ Յեսու, Մովսէսի 14ընտրեալ սպասարկուն, պատասխանեց. «Իմ Տէ՛րս Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք»։

29

Մովսէս անոր ըսաւ. «Ինծի՞ համար նախանձախնդիր ես. երանի՜ թէ Տէրոջ ամբողջ ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային ու Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։

30

Յետոյ Մովսէս բանակավայրը 15քաշուեցաւ, ինք եւ Իսրայէլի երէցները։


ՏԷՐԸ ԿԸ ՂՐԿԷ ԼՈՐԱՄԱՐԳԻՆԵՐ

31

Տէրոջմէն հով մը բարձրացաւ ու ծովէն լորամարգիներ բերաւ, եւ բանակավայրին վրայ տարածեց՝ մէկ օրուան ճամբայ մէկ կողմէն, ու մէկ օրուան ճամբայ միւս կողմէն, բանակավայրին շուրջը, գետինի մակերեսէն երկու կանգունի չափ բարձրութեամբ։

32

Ժողովուրդը կանգնեցաւ այդ ամբողջ օրը, ամբողջ գիշերը եւ հետեւեալ ամբողջ օրը, ու լորամարգիները հաւաքեց. ամենէն քիչ հաւաքողը տասը քոռ հաւաքեց, եւ իրենց համար բանակավայրին շուրջը փռեցին՝ որպէսզի զանոնք չորցնեն։

33

Մինչ տակաւին միսը իրենց ակռաներուն վրայ էր, դեռ չծամուած՝ Տէրոջ բարկութիւնը ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ, ու Տէրը յոյժ մեծ պատուհասով զարկաւ ժողովուրդը։

34

Այդ տեղին անունը 16Կիբրոթ-Հաթթաւա կոչուեցաւ, որովհետեւ հոն թաղեցին ցանկացող ժողովուրդը։

35

Կիբրոթ-Հաթթաւայէն՝ ժողովուրդը Ասերովթ մեկնեցաւ, եւ Ասերովթի մէջ 17մնացին։



1 Եբր.՝ ականջներուն գէշ
2 Եբր.՝ ընկղմեցաւ
3 Այսինքն՝ հրկիզութիւն
4 Կամ՝ նստան
5 Եբր.՝ ճզմէին
6 Եբր.՝ աչքերուն գէշ
7 Եբր.՝ աչքերուդ
8 Եբր.՝ հողը
9 Եբր.՝ ականջներուն
10 Եբր.՝ կարճցա՞ւ
11 Եբր.՝ պատահի՛
12 Եբր.՝ կայնեցուց
13 Կամ՝ եւ չդադրեցան
14 Եբր.՝ ընտրեալներէն կամ երիտասարդներէն եղող
15 Եբր.՝ հաւաքուեցաւ
16 Այսինքն՝ ցանկութեան գերեզմաններ
17 Եբր.՝ էին