Numbers 12
Leviticus « Numbers 11 ‹ Numbers 12 › Numbers 13 » Deuteronomy
ՄԱՐԻԱՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ
1Մարիամ ու Ահարոն Մովսէսի դէմ խօսեցան՝ անոր առած եթովպիացի կնոջ համար — քանի որ ան եթովպիացի կին առած էր —,
2եւ ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ 1միջոցով խօսեցաւ. մեր միջոցով ալ չխօսեցա՞ւ». ու Տէրը լսեց։
3Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրագունդի մակերեսին վրայ եղած բոլոր մարդոցմէն աւելի։
4Իսկոյն Տէրը Մովսէսի, Ահարոնի եւ Մարիամի ըսաւ. «Դուք երեքդ ալ դո՛ւրս ելէք՝ դէպի Հանդիպումի վրանը». երեքն ալ դուրս ելան։
5Տէրը ամպին սիւնով իջաւ ու վրանին մուտքը կեցաւ, եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց. անոնք երկուքն ալ դուրս ելան։
6Եւ Տէրը անոնց ըսաւ. «Այժմ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս։ Եթէ ձեր մէջ մարգարէ մը ըլլայ, ես՝ Տէրս՝ զիս տեսիլքի մէջ կը ճանչցնեմ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։
7Բայց իմ ծառաս՝ Մովսէս այնպէս չէ. ան իմ ամբողջ տանս մէջ հաւատարիմ է։
8Անոր հետ բերանէ բերան կը խօսիմ, յա՛յտնապէս՝ ո՛չ թէ հանելուկով, եւ ան Տէրոջ կերպարանքը կը տեսնէ։ Ուստի ինչո՞ւ չվախցաք իմ ծառայիս՝ Մովսէսի դէմ խօսելէ»։
9Տէրոջ բարկութիւնը անոնց դէմ բորբոքեցաւ, եւ ինք գնաց։
10Ամպն ալ հեռացաւ վրանէն, ու ահա՛ Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամի նայեցաւ, եւ ահա՛ ան բորոտ էր։
11Ահարոն Մովսէսի ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէ՛րս, կ’աղերսե՛մ, մեր վրայ մի՛ դներ այս մեղքը. որովհետեւ խենթացանք ու մեղանչեցինք։
12Մարիամ այն մեռած երախային պէս թող չըլլայ, որուն մարմինին կէսը սպառած է՝ երբ իր մօր արգանդէն կ’ելլէ»։
13Մովսէս աղաղակեց Տէրոջ. «Այժմ կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Աստուած, բուժէ՛ զայն»։
14Տէրն ալ Մովսէսի ըսաւ. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնած ըլլար, եօթը օր պիտի չխպնէ՞ր. ան եօթը օր թող փակուի՝ բանակավայրէն դուրս, եւ անկէ ետք ներս ընդունուի»։
15Մարիամ բանակավայրէն դուրս եօթը օր փակուեցաւ, ու ժողովուրդը չմեկնեցաւ մինչեւ Մարիամի ներս ընդունուիլը։