Loading...

Numbers 13

Leviticus  «  Numbers 12  ‹  Numbers 13  ›  Numbers 14  »  Deuteronomy


ԼՐՏԵՍՆԵՐԸ (Բ. Օր. 1. 19-33)

1

Յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն մեկնեցաւ ու Փառանի անապատը բանակեցաւ։

2

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

3

«Մարդի՛կ ղրկէ՝ որպէսզի հետախուզեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն կու տամ։ Իրենց հայրերուն ամէն տոհմէն մա՛րդ մը ղրկեցէք, իւրաքանչիւրը գլխաւոր ըլլալով անոնց մէջ»։

4

Մովսէս Տէրոջ հրամանին համաձայն ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Այդ բոլոր մարդիկը Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին։

5

Ահա՛ւասիկ անոնց անունները.—

6

Ռուբէնի տոհմէն՝ Զաքուրի որդին Սամուա, Շմաւոնի տոհմէն՝ Քոռիի որդին Սափատ,

7

Յուդայի տոհմէն՝ Յեփոնէի որդին Քաղէբ,

8

Իսաքարի տոհմէն՝ Յովսէփի որդին Իգաղ,

9

Եփրեմի տոհմէն՝ Նաւէի որդին Օսէս,

10

Բենիամինի տոհմէն՝ Ռափուի որդին Փաղտի,

11

Զաբուղոնի տոհմէն՝ Սուդիի որդին Գեդդիէլ,

12

Յովսէփի տոհմէն՝ այսինքն Մանասէի տոհմէն՝ Սուսիի որդին Գադդի,

13

Դանի տոհմէն՝ Գամաղիի որդին Ամիէլ,

14

Ասերի տոհմէն՝ Միքայէլի որդին Սաթուր,

15

Նեփթաղիմի տոհմէն՝ Վափսիի որդին Նաբի,

16

Գադի տոհմէն՝ Մաքքիի որդին Գուէլ։

17

Ասոնք են այն մարդոց անունները, որ Մովսէս ղրկեց երկիրը հետախուզելու։ Մովսէս Նաւէի որդիին՝ 1Օսէսի անունը 2Յեսու դրաւ։

18

Մովսէս զանոնք ղրկեց՝ Քանանի երկիրը հետախուզելու, եւ անոնց ըսաւ. «Այս հարաւային կողմէն բարձրանալով՝ լե՛ռը ելէք,

19

եւ այդ երկի՛րը զննեցէք՝ թէ ի՛նչպէս է. հոն բնակող ժողովուրդը ուժե՛ղ է թէ տկար, փոքրաթի՛ւ է թէ բազմաթիւ.

20

այն երկիրը՝ ուր անոնք կը բնակին, ի՛նչպէս է, լա՛ւ է թէ վատ. ի՛նչպէս են այն քաղաքները՝ ուր անոնք կը բնակին, 3վրաններէ՛ բաղկացած են՝ թէ ամրոցներէ.

21

ի՛նչպէս է երկիրը, բերրի՛ է թէ անբեր, մէջը ծառեր կա՛ն թէ ոչ։ Քա՛ջ եղէք, եւ այդ երկրին պտուղէ՛ն բերէք»։ (Այդ օրերը՝ կանխահաս խաղողներուն ժամանակն էր։)

22

Անոնք բարձրացան ու այդ երկիրը հետախուզեցին՝ Սինի անապատէն մինչեւ Րոհոբ, Եմաթ երթալու ճամբան։

23

Հարաւային կողմէն բարձրացան ու Քեբրոն հասան, ուր կը բնակէին Ենակի զաւակները՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի։ (Քեբրոն Եգիպտոսի Տայանիս քաղաքէն եօթը տարի առաջ կառուցանուած էր։)

24

Յետոյ Եսքողի ձորը հասան եւ անկէ բարունակ մը կտրեցին՝ խաղողի ողկոյզով մը, ու երկու հոգի ձողով մը կրեցին զայն. նուռերէն ու թուզերէն ալ առին։

25

Այդ տեղը 4Եսքողի ձոր կոչուեցաւ, քանի որ Իսրայէլի որդիները անկէ ողկոյզ մը կտրեցին։

26

Ապա վերադարձան՝ քառասուն օր այդ երկիրը հետախուզելէն ետք։

27

Անոնք գալով հասան Մովսէսի, Ահարոնի ու Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին, Փառանի անապատը՝ Կադէս. անոնց եւ ամբողջ համայնքին լուր բերին, երկրին պտուղը անոնց ցուցուցին,

28

ու պատմեցին 5Մովսէսի եւ ըսին. «Գացինք այն երկիրը՝ ուր մեզ ղրկեցիր. ի՛րապէս ան կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ, եւ ա՛յս է անոր պտուղը։

29

Բայց այդ երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը հզօր է, քաղաքները պարսպապատ ու յոյժ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի զաւակները տեսանք։

30

Ամաղեկացիները այդ երկրին հարաւային կողմը կը բնակին, Քետացիները, Յեբուսացիներն ու Ամորհացիները՝ լեռները կը բնակին, իսկ Քանանացիները՝ ծովուն քով եւ Յորդանանի ափը կը բնակին»։

31

Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսի առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Ելլե՛նք, բարձրանա՛նք եւ տիրանա՛նք անոր, քանի որ մենք անշուշտ կրնանք անոր յաղթել»։

32

Բայց անոր հետ բարձրացող մարդիկը ըսին. «Մենք չենք կրնար այդ ժողովուրդին դէմ բարձրանալ, որովհետեւ անոնք մեզմէ ուժեղ են»։

33

Եւ իրենց հետախուզած երկրին մասին 6չարախօսեցին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք՝ հետախուզելու համար, իր բնակիչները լափող երկիր մըն է. անոր մէջ մեր տեսած ամբողջ ժողովուրդը՝ երկայնահասակ մարդիկ են։



1 Այսինքն՝ փրկիչ
2 Այսինքն՝ Տէր փրկիչ
3 Եբր.՝ բանակավայրերէ՛
4 Այսինքն՝ ողկոյզի
5 Եբր.՝ անոր
6 Եբր.՝ չարախօսութիւն դուրս հանեցին