Loading...

Numbers 14

Leviticus  «  Numbers 13  ‹  Numbers 14  ›  Numbers 15  »  Deuteronomy


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՐՏՈՒՆՋԸ

1

Ամբողջ համայնքը ձայնը բարձրացնելով 1աղաղակեց, ու ժողովուրդը լացաւ այդ գիշերը։

2

Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ, ու ամբողջ համայնքը անոնց ըսաւ. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։

3

Ինչո՞ւ Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սուրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր մանուկները կողոպտուին. լաւ չ’ը՞լլար որ Եգիպտոս վերադառնանք»։

4

Եւ իրարու ըսին. «Մեր վրայ զօրագլուխ մը կարգենք ու Եգիպտոս վերադառնանք»։

5

Մովսէս եւ Ահարոն իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն համախմբուած ամբողջ համայնքին առջեւ։

6

Իսկ երկիրը հետախուզողներէն Նաւէի որդին՝ Յեսու, ու Յեփոնէի որդին՝ Քաղէբ իրենց հագուստները պատռեցին,

7

եւ Ւսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին խօսեցան՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զայն հետախուզելու համար, յոյժ լաւ երկիր մըն է։

8

Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այդ երկիրը պիտի տանի եւ զայն մեզի պիտի տայ, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ։

9

Միայն թէ Տէրոջ դէմ մի՛ ըմբոստանաք եւ այդ երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանի որ անոնք մեր կերակուրն են. անոնց 2պաշտպանութիւնը հեռացած է իրենց վրայէն, սակայն Տէ՛րը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։

10

Բայց ամբողջ համայնքը կը խօսէր զանոնք 3քարկոծելու մասին, երբ Տէրոջ փառքը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ՝ Հանդիպումի վրանին մէջ։


ՄՈՎՍԷՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

11

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ, եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի չհաւատայ ինծի՝ հակառակ իրենց մէջ ըրած բոլոր նշաններուս։

12

Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու զանոնք կորսնցնեմ, եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու աւելի հզօր ազգ մը պիտի ընեմ»։

13

Մովսէս Տէրոջ ըսաւ. «Բայց Եգիպտացիները պիտի լսեն, (քանի որ քու կարողութեա՛մբդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն բարձրացուցիր,)

14

եւ պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն, որոնք լսած են թէ դո՛ւն, ո՛վ Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, թէ դո՛ւն, ո՛վ Տէր, 4դէմ առ դէմ՝՝ կը տեսնուիս, թէ քո՛ւ ամպդ անոնց վրայ կը կենայ, եւ թէ դո՛ւն կ’երթաս անոնց առջեւէն՝ ցերեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով։

15

Եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնես, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն.

16

“Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը՝ որ երդումով խոստացած էր անոնց, ուստի անապատին մէջ 5մեռցուց զանոնք”։

17

Եւ հիմա կ’աղերսե՛մ, իմ Տէրոջս կարողութիւնը թող մեծ ըլլայ, ինչպէս խօսեցար՝ ըսելով.

18

“Տէրը համբերատար է, առատաձեռն՝ կարեկցութեամբ, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպատիժ չի թողուր, հապա հայրերուն անօրէնութիւնը կը հատուցանէ որդիներուն՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ սերունդը”։

19

Կ’աղերսե՛մ, քու մեծ կարեկցութեանդ համեմատ ներէ՛ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին՝ Եգիպտոսէն մինչեւ հոս»։

20

Տէրը ըսաւ. «Քու խօսքիդ համաձայն ներեցի։

21

Բայց ես կ’ապրի՛մ, եւ ամբողջ երկիրը Տէրոջ փառքով պիտի լեցուի։

22

Արդարեւ այն բոլոր մարդիկը, որ Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս եւ իմ ըրած նշաններս տեսան, բայց մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին,

23

բնա՛ւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ երդումով խոստացայ իրենց հայրերուն. զիս արհամարհողներէն ո՛չ մէկը պիտի տեսնէ զայն։

24

Բայց որովհետեւ իմ ծառաս՝ Քաղէբ ուրիշ հոգի ունեցաւ եւ լման հետեւեցաւ ինծի, ես ալ զայն իր գացած երկիրը պիտի տանիմ, եւ իր զարմը պիտի ժառանգէ զայն,

25

մինչ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հովիտին մէջ կը բնակին։ Վաղը դարձէ՛ք եւ մեկնեցէ՛ք դէպի անապատը՝ Կարմիր ծովուն ճամբայով»։


ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ ՏՐՏՈՒՆՋԻՆ ՀԱՄԱՐ

26

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.

27

«Մինչեւ ե՞րբ այս չար համայնքին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որ ինծի դէմ կը տրտնջեն։

28

Ըսէ՛ անոնց. “Ես կ՛ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը.— ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի։

29

Ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան, ձեզմէ բոլոր թուարկուածները՝ ձեր ամբողջ թիւին համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողները. դուք բոլորդ՝ որ ինծի դէմ տրտնջեցիք,

30

անշո՛ւշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու համար 6երդում ըրի՝՝, բացի Յեփոնէի որդիէն՝ Քաղէբէ, ու Նաւէի որդիէն՝ Յեսուէ։

31

Իսկ ձեր մանուկները, որոնց համար ըսիք թէ պիտի կողոպտուին, զանո՛նք պիտի տանիմ եւ անո՛նք պիտի 7տեսնեն ձեր անարգած երկիրը.

32

բայց ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան։

33

Ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի 8մոլորին ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչեւ որ ձեր դիակները անապատին մէջ հատնին։

34

Երկիրը քառասուն օրուան մէջ հետախուզեցիք. այդ օրերուն թիւին համեմատ՝ իւրաքանչիւր օր մէկ տարուան տեղ հաշուելով՝ քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, եւ գիտնաք թէ ձեզմէ հեռացած եմ։

35

Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ. ինծի դէմ հաւաքուած այդ ամբողջ չար համայնքին անշո՛ւշտ պիտի ընեմ ասիկա. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին ու հոն մեռնին”»։

36

Այն մարդիկը՝ որ Մովսէս ղրկեց այդ երկիրը հետախուզելու — որոնք վերադարձան ու երկրին մասին 9չարախօսելով՝ ամբողջ համայնքը մղեցին անոր դէմ տրտնջելու —,

37

այն մարդիկը՝ որ այդ երկրին մասին չարախօսեցին՝ պատուհասով մեռան Տէրոջ առջեւ։

38

Բայց Նաւէի որդին՝ Յեսու, եւ Յեփոնէի որդին՝ Քաղէբ, որոնք երկիրը հետախուզելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին։


ԵՐԿԻՐԸ ԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԸ (Բ. Օր. 1. 41-46)

39

Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հաղորդեց, ուստի ժողովուրդը մեծապէս սգաց։

40

Առտուն՝ կանուխ ելան, ու լերան գագաթը բարձրացան՝ ըսելով. «Ահա՛ մենք պատրաստ ենք եւ պիտի բարձրանանք այն տեղը՝ որուն մասին Տէրը խօսեցաւ. արդարեւ մեղանչեցինք»։

41

Սակայն Մովսէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջ հրամանը կ’անտեսէք. ատիկա պիտի չյաջողի։

42

Մի՛ բարձրանաք, (քանի որ Տէրը ձեր մէջ չէ,) որպէսզի ձեր թշնամիներէն չպարտուիք.

43

որովհետեւ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն՝ ձեր առջեւ են, եւ սուրով պիտի իյնաք. քանի Տէրոջմէն հեռացաք, Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ»։

44

Բայց անոնք մեծամտութեամբ լերան գագաթը բարձրացան. սակայն Տէրոջ ուխտին տապանակն ու Մովսէս բանակավայրէն չհեռացան։

45

Ուստի այդ լերան վրայ բնակող Ամաղեկացիները եւ Քանանացիները իջան, զարկին զանոնք ու ջախջախեցին զանոնք՝ մինչեւ Հորմա։



1 Եբր.՝ ձայնը լսել տուաւ
2 Եբր.՝ հովանին
3 Եբր.՝ քարերով քարկոծելու
4 Եբր.՝ աչք աչքի
5 Եբր.՝ մորթեց
6 Եբր.՝ ձեռքս վերցուցի
7 Եբր.՝ գիտնան
8 Եբր.՝ արածին
9 Եբր.՝ չարախօսութիւն դուրս հանելով