Loading...

Numbers 15

Leviticus  «  Numbers 14  ‹  Numbers 15  ›  Numbers 16  »  Deuteronomy


ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԶՈՀԻ ՀԱՄԱՐ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Երբ մտնէք այն երկիրը՝ որ ձեզի կու տամ, ուր պիտի ունենաք ձեր բնակարանները,

3

ու պատարագ ընծայէք Տէրոջ — ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ յօժարակամ ընծայի համար, եւ թէ ձեր հանդիսաւոր տօներուն մէջ —, անոյշ հոտ ընծայելու համար Տէրոջ՝ արջառներէն կամ ոչխարներէն,

4

իր մատաղը Տէրոջ մատուցանողը՝ քառորդ հիմէն իւղով շաղուած մէկ տասներորդ նաշիհ թող մատուցանէ իբր հացի ընծայ։

5

Ողջակէզին կամ զոհին հետ քառորդ հիմէն գինի՛ ընծայէ իբր թափելիք նուէր՝ գառի մը համար։

6

Իսկ խոյի մը համար՝ մէկ երրորդ հիմէն իւղով շաղուած երկու տասներորդ նուրբ ալի՛ւր ընծայէ իբր հացի ընծայ.

7

իբր թափելիք նուէր մէկ երրորդ հիմէն գինի՛ մատուցանէ Տէրոջ՝ անոյշ հոտի համար։

8

Երբ արջառներէ՛ն զուարակ մը ընծայես Տէրոջ՝ ողջակէզի համար, ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար,

9

արջառներէն զուարակին հետ կէս հիմէն իւղով շաղուած երեք տասներորդ նուրբ ալի՛ւր մատուցանէ իբր հացի ընծայ.

10

իբր թափելիք նուէր՝ կէս հիմէն գինի՛ մատուցանէ. ասիկա անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջ։

11

Ամէն մէկ ցուլի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս թող ըլլայ։

12

Ձեր ընծայածին թիւին համեմատ՝ ամէն մէկուն ա՛յնպէս ըրէք, անոնց թիւին համեմատ։

13

Բոլոր բնիկները ա՛յսպէս թող ընեն այս բաները՝ Տէրոջ անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։

14

Ու եթէ ձեր քով պանդխտացած գաղթական մը, կամ ձեր սերունդներուն մէջ ձեր մէջ բնակող մը Տէրոջ անուշահոտ պատարագ մատուցանէ, ինչպէս դո՛ւք կ’ընէք՝ այնպէս ալ ի՛նք թող ընէ։

15

Իբր համախմբում՝ մէ՛կ կանոն պիտի ըլլայ ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած գաղթականին համար. յաւիտենական կանոն մը՝ ձեր սերունդներուն մէջ։ Տէրոջ առջեւ ինչպէս դո՛ւք էք, այնպէս ալ գաղթակա՛նը պիտի ըլլայ։

16

Ձեզի համար ու ձեր քով պանդխտացած գաղթականին համար՝ մէկ օրէնք եւ մէկ կանոն պիտի ըլլայ”»։

17

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

18

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. “Երբ մտնէք այն երկիրը՝ ուր ձեզ պիտի տանիմ,

19

եւ այդ երկրին հացէն ուտէք, բարձրացնելիք ընծա՛յ մատուցանեցէք Տէրոջ։

20

Ձեր առաջին խմորէն կարկանդա՛կ մը իբր բարձրացնելիք ընծայ մատուցանեցէք. կալի բարձրացնելիք ընծայի՛ն պէս 1մատուցանեցէք զայն։

21

Ձեր սերունդներուն մէջ՝ բարձրացնելիք ընծա՛յ մատուցանեցէք Տէրոջ ձեր առաջին խմորէն։

22

“Իսկ եթէ սխալիք ու չգործադրէք այս բոլոր պատուիրանները՝ որ Տէրը Մովսէսի ըսաւ,

23

— այսինքն ամէն ինչ որ Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսի 2միջոցով —, այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց, եւ յետոյ՝ ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան,

24

եթէ յանցանքը սխալմամբ գործուած է՝ համայնքին աչքերէն հեռու, ամբողջ համայնքը արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ Տէրոջ՝ անուշահոտ ողջակէզի համար, կանոնին համաձայն՝ հացի ընծայով ու թափելիք նուէրով, նաեւ մեղքի պատարագի համար՝ այծերէն նոխազ մը։

25

Քահանան թող քաւութիւն ընէ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին համար, ու պիտի ներուի անոնց, որովհետեւ սխալ էր եւ անոնք իրենց սխալին համար Տէրոջ առջեւ բերին իրենց մատաղը, Տէրոջ պատարագ մը, նաեւ իրենց մեղքին պատարագը։

26

Ւսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին ու անոնց մէջ պանդխտացած գաղթականին պիտի ներուի, քանի որ ամբողջ ժողովուրդը սխալի մէջ էր։

27

“Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ, մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան այծ մը թող մատուցանէ,

28

եւ քահանան թող քաւութիւն ընէ 3սխալմամբ մեղանչող՝՝ անձին համար. երբ Տէրոջ առջեւ սխալմամբ մեղանչէ, անոր համար թող քաւութիւն ընէ, ու անոր պիտի ներուի։

29

Մէկ օրէնք պիտի ունենաք սխալմամբ մեղք գործողին համար, թէ՛ Իսրայէլի որդիներէն եղող բնիկին համար, եւ թէ անոնց մէջ պանդխտացած գաղթականին համար։

30

“Բայց այն անձը՝ որ 4յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, բնիկ ըլլայ կամ գաղթական, ան Տէ՛րը կը նախատէ. այդ անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի։

31

Տէրոջ խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանը 5անտեսելուն համար՝ այդ անձը անշուշտ պիտի բնաջնջուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ”»։


ՇԱԲԱԹԸ ԲԵԿԱՆՈՂ ՄԱՐԴԸ

32

Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ Շաբաթ օրը փայտ կը ժողվէր։

33

Անոնք որ գտան զայն փայտ ժողվելու ատեն, բերին զայն Մովսէսի, Ահարոնի եւ ամբողջ համայնքին առջեւ

34

ու բանտարկեցին զայն, որովհետեւ յստակ ծանուցանուած չէր թէ ի՛նչ ընելու էին անոր։

35

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Այդ մարդը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. ամբողջ համայնքը բանակավայրէն դուրս թող 6քարկոծէ զայն»։

36

Ուստի ամբողջ համայնքը բանակավայրէն դուրս հանեց զայն, եւ քարկոծեցին զայն ու մեռաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։


ԾՈՊԵՐՈՒՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

37

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

38

«Խօսէ՛ Ւսրայէլի որդիներուն եւ հրամայէ՛ անոնց որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հագուստներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ, ու քղանցքի ծոպերուն վրայ կապուտակէ երիզ մը դնեն։

39

Ատիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէսզի զայն տեսնելով Տէրոջ բոլոր պատուիրանները յիշէք եւ գործադրէք զանոնք, ու ձեր սիրտին եւ աչքերուն ցանկութիւնները չհետախուզէք, որոնց հետեւելով կը 7մոլորիք.

40

որպէսզի յիշէք ու գործադրէք իմ բոլոր պատուիրաններս, եւ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ։

41

Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ձեզի Աստուած ըլլալու համար։ Ե՛ս եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը»։



1 Եբր.՝ բարձրացուցէք
2 Եբր.՝ ձեռքով
3 Եբր.՝ սխալող
4 Եբր.՝ բարձր ձեռքով
5 Եբր.՝ խզելուն
6 Եբր.՝ քարերով քարկոծէ
7 Եբր.՝ պոռնկիք