Loading...

Numbers 16

Leviticus  «  Numbers 15  ‹  Numbers 16  ›  Numbers 17  »  Deuteronomy


ԿՈՐԽԻ, ԴԱԹԱՆԻ ԵՒ ԱԲԻՐՈՆԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ղեւիի որդիին Կահաթի որդիին Իսահառի որդին՝ Կորխ, ու Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբի որդիները՝ Դաթան եւ Աբիրոն, ու Փաղէթի որդին՝ Օն, մարդիկ առին

2

եւ Մովսէսի առջեւ կանգնեցան՝ Իսրայէլի որդիներէն ոմանց հետ.— երկու հարիւր յիսուն 1տոհմի իշխաններ, համայնքի 2երեւելիներ, անուանի մարդիկ։

3

Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ համախմբուեցան եւ ըսին անոնց. «Ա՛լ կը բաւէ ձեր ըրածը, որովհետեւ ամբո՛ղջ համայնքը սուրբ է, անոնցմէ իւրաքանչիւրը, ու Տէրը անոնց մէջ է. ինչո՞ւ դուք ձեզ կը բարձրացնէք Տէրոջ համախմբումէն վեր»։

4

Երբ Մովսէս ասիկա լսեց, իր երեսին վրայ ինկաւ,

5

եւ խօսեցաւ Կորխի ու անոր ամբողջ խումբին՝ ըսելով. «Վաղը առտու՝ Տէրը պիտի գիտցնէ թէ ո՛վ է իրը եւ ո՛վ է սուրբը, ու զայն իրեն պիտի մօտեցնէ. ո՛վ որ ինք ընտրէ, իրեն պիտի մօտեցնէ։

6

Սա՛ ըրէք. ձեզի բուրվառնե՛ր առէք, դո՛ւն, ո՛վ Կորխ, եւ քու ամբողջ խումբդ,

7

ու վաղը անոնց մէջ կրա՛կ դրէք եւ անոնց մէջ խո՛ւնկ դրէք՝ Տէրոջ առջեւ. այն մարդը որ Տէրը ընտրէ, անիկա՛ սուրբ պիտի ըլլայ։ Ա՛լ կը բաւէ ձեր ըրածը, ո՛վ Ղեւիի որդիներ»։

8

Մովսէս Կորխի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Ղեւիի որդիներ։

9

Քի՞չ բան 3կը թուի՝՝ ձեզի, որ Իսրայէլի Աստուածը՝ ձեզ իրեն մօտեցնելու համար՝ Իսրայէլի համայնքէն զատեց ձեզ, որպէսզի Տէրոջ խորանին ծառայութիւնը ընէք ու համայնքին առջեւ կայնիք՝ անոնց սպասարկելու։

10

Քե՛զ, եւ բոլոր եղբայրներդ՝ Ղեւիի որդիները՝ քեզի հետ իրեն մօտեցուց, ու դուք քահանայութի՞ւն ալ կը պահանջէք։

11

Ուրեմն դուն եւ քու ամբողջ համայնքդ Տէրո՛ջ դէմ հաւաքուեցաք. ո՞վ է Ահարոն, որ անոր դէմ տրտնջէք»։

12

Մովսէս Եղիաբի որդիները՝ Դաթանն ու Աբիրոնը՝ կանչելու համար մարդ ղրկեց, բայց անոնք ըսին. «Չե՛նք բարձրանար։

13

Մեզ անապատին մէջ մեռցնելու համար՝ կաթ ու մեղր հոսեցնող երկրէ մը մեզ բարձրացնելդ քի՞չ բան է, որ նաեւ մեր վրայ իշխել կ’ուզես։

14

Եւ մեզ կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիր մը չտարիր, ո՛չ ալ մեզի արտ եւ այգի տուիր իբր ժառանգութիւն։ Միթէ այս մարդոց աչքե՞րը պիտի փորես. մենք չենք բարձրանար»։

15

Մովսէս չափազանց բորբոքեցաւ ու Տէրոջ ըսաւ. «4Ուշադրութիւն մի՛ դարձներ անոնց ընծաներուն. անոնցմէ մէ՛կ էշ իսկ չառի, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկուն չարիք ըրի»։

16

Մովսէս Կորխի ըսաւ. «Վաղը դուն ու քու ամբողջ խումբդ Տէրո՛ջ առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք, ու Ահարոն։

17

Իւրաքանչիւրդ ձեր բուրվառնե՛րը առէք եւ անոնց մէջ խո՛ւնկ դրէք, ու Տէրո՛ջ մօտեցուցէք իւրաքանչիւրդ ձեր բուրվառը, այսինքն՝ երկու հարիւր յիսուն բուրվառ. դո՛ւն եւ Ահարոն ալ, իւրաքանչիւրը իր բուրվառը»։

18

Իւրաքանչիւրը իր բուրվառը առնելով՝ անոնց մէջ կրակ դրին ու անոնց վրայ խունկ դրին, եւ Հանդիպումի վրանին մուտքը կայնեցան՝ Մովսէսի ու Ահարոնի հետ։

19

Կորխ անոնց դէմ համախմբեց ամբողջ համայնքը՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը, եւ Տէրոջ փառքը ամբողջ համայնքին երեւցաւ։

20

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.

21

«Այդ համայնքին մէջէն զատուեցէ՛ք, որպէսզի վայրկենապէս սպառեմ զանոնք»։

22

Բայց անոնք իրենց երեսին վրայ ինկան եւ ըսին. «Ո՛վ Աստուած, բոլոր 5մարդոց հոգիներուն Աստուածը, մէ՛կ մարդու մեղանչելով՝ ամբո՞ղջ համայնքին դէմ պիտի զայրանաս»։

23

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

24

«Խօսէ՛ համայնքին ու ըսէ՛. “Հեռացէ՛ք Կորխի, Դաթանի եւ Աբիրոնի բնակարանին շրջակայքէն”»։

25

Ուստի Մովսէս կանգնեցաւ ու Դաթանի եւ Աբիրոնի գնաց. Իսրայէլի երէցներն ալ անոր հետեւեցան։

26

Խօսեցաւ համայնքին՝ ըսելով. «Կ’աղերսե՛մ, այդ ամբարիշտ մարդոց վրաններուն քովէն գացէ՛ք ու անոնց որեւէ մէկ բանին մի՛ դպչիք, որպէսզի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք»։

27

Ուրեմն անոնք Կորխի, Դաթանի եւ Աբիրոնի բնակարանին շրջակայքէն հեռացան. Դաթան եւ Աբիրոն, անոնց կիները, որդիներն ու մանուկները դուրս ելան եւ իրենց վրաններուն մուտքը կայնեցան։

28

Մովսէս ըսաւ. «Սա՛պէս պիտի գիտնաք թէ Տէ՛րը զիս ղրկած է՝ այս բոլոր գործերը կատարելու, եւ ո՛չ թէ 6ես ինձմէ՝՝ կատարեցի զանոնք։

29

Եթէ ասոնք ամէն մարդու մահով մեռնին, կամ եթէ ամէն մարդու 7պատահածը ասոնց ալ պատահի՝՝, Տէրը զիս ղրկած չէ։

30

Բայց եթէ Տէրը 8հրաշք մը գործէ՝՝, գետինը իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց ամբողջ ունեցածը կլլէ, ու անոնք ողջ-ողջ 9դժոխք իջնեն, պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէ՛րը անարգեցին»։

31

Երբ աւարտեց այս բոլոր խօսքերը ըսելը, անոնց տակի գետինը ճեղքուեցաւ,

32

երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք, անոնց տուները, Կորխի ունեցած բոլոր մարդիկը եւ անոնց ամբողջ ինչքը կլլեց։

33

Անոնք ու անոնց բոլոր ունեցածները ողջ-ողջ դժոխք իջան, երկիրը ծածկեց զանոնք, եւ համախմբումին մէջէն կորսուեցան։


ԿՐԱԿԸ ԿԸ ՍՊԱՌԷ

34

Ամբողջ Իսրայէլը՝ որ անոնց շուրջն էր, անոնց ձայնէն փախաւ. արդարեւ կ’ըսէին. «Երկիրը մեզ ալ թող չկլլէ»։

35

Եւ Տէրոջմէն կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն մարդիկը սպառեց։

36

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

37

«Խօսէ՛ Ահարոն քահանային որդիին՝ Եղիազարի, որ բուրվառները այդ հրդեհին մէջէն վերցնէ, եւ դուն անոնց մէջ եղած կրակը հեռո՛ւն ցրուէ, քանի որ անոնք սուրբ եղան։

38

Իրենց անձերուն դէմ մեղանչողներուն բուրվառներէն ծեծուած թիթեղներ թող շինուին՝ զոհասեղանը պատելու համար. որովհետեւ անոնք Տէրոջ առջեւ մատուցանուելով՝ սուրբ եղած են, եւ Իսրայէլի որդիներուն նշան պիտի ըլլան»։

39

Ուստի Եղիազար քահանան այն այրուած մարդոց մատուցանած պղինձէ բուրվառները առաւ, եւ անոնք զոհասեղանը պատելու համար ծեծուեցան

40

— Իսրայէլի որդիներուն յիշատակ ըլլալու համար, որպէսզի Ահարոնի զարմէն չեղող ո՛չ մէկ օտար մօտենայ՝ Տէրոջ առջեւ խունկ մատուցանելու, եւ Կորխի պէս ու անոր խումբին պէս ըլլայ —, ինչպէս Տէրը անոր ըսաւ՝ Մովսէսի 10միջոցով։


ԱՀԱՐՈՆ ԿԸ ՓՐԿԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

41

Հետեւեալ օրը՝ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Մովսէսի դէմ եւ Ահարոնի դէմ տրտնջեց՝ ըսելով. «Դուք Տէրոջ ժողովուրդը մեռցուցիք»։

42

Երբ համայնքը Մովսէսի դէմ ու Ահարոնի դէմ համախմբուած էր, դէպի Հանդիպումի վրանը նայեցան, եւ ահա՛ ամպը ծածկեց զայն, ու Տէրոջ փառքը երեւցաւ։

43

Մովսէս եւ Ահարոն Հանդիպումի վրանին առջեւ եկան,

44

ու Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

45

«Այդ համայնքին մէջէն ելէ՛ք, որպէսզի վայրկենապէս սպառեմ զանոնք»։ Անոնք իրենց երեսին վրայ ինկան,

46

եւ Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Բուրվա՛ռը առ ու զոհասեղանին վրայէն կրա՛կ դիր մէջը, վրան խո՛ւնկ դիր, շուտո՛վ համայնքին գնա եւ անոնց համար քաւութի՛ւն ըրէ, որովհետեւ Տէրոջ զայրոյթը բորբոքեցաւ ու հարուածը սկսաւ»։

47

Ահարոն Մովսէսի ըսածին համաձայն բուրվառը առաւ եւ համախմբումին մէջ վազեց, եւ ահա՛ հարուածը սկսած էր ժողովուրդին մէջ։ Բուրվառին վրայ խունկ դրաւ ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ.

48

մեռելներուն եւ ողջերուն մէջտեղ կայնեցաւ, ու պատուհասը դադրեցաւ։

49

Պատուհասէն մեռածները տասնչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի արարքին համար մեռածներէն զատ։

50

Ահարոն վերադարձաւ Մովսէսի՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը, ու պատուհասը դադրեցաւ։



1 Եբր.՝ համայնքի
2 Եբր.՝ կանչուածներ
3 Եբր.՝ է
4 Եբր.՝ երես
5 Եբր.՝ մարմիններու
6 Եբր.՝ իմ սիրտէս
7 Եբր.՝ հատուցումով հատուցանուին
8 Եբր.՝ ստեղծագործութիւն մը ստեղծագործէ
9 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը
10 Եբր.՝ ձեռքով