Loading...

Numbers 17

Leviticus  «  Numbers 16  ‹  Numbers 17  ›  Numbers 18  »  Deuteronomy


ԱՀԱՐՈՆԻ ԾԱՂԿՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Ւսրայէլի որդիներուն եւ անոնցմէ մէկակա՛ն գաւազան առ՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, այսինքն իրենց նահապետութիւններուն բոլոր իշխաններէն՝ տասներկու գաւազան. իւրաքանչիւրին անունը ի՛ր գաւազանին վրայ գրէ։

3

Ահարոնի անունը Ղեւիի՛ գաւազանին վրայ գրէ, որովհետեւ անոնց նահապետութեան գլխաւորին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ։

4

Զանոնք Հանդիպումի վրանին մէջ՝ Վկայութեա՛ն առջեւ զետեղէ, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։

5

Իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի, ու ինձմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջեն ձեզի դէմ»։

6

Մովսէս խօսեցաւ Իսրայէլի որդիներուն, եւ անոնց իշխաններէն իւրաքանչիւրը մէկական գաւազան տուաւ իրեն, ամէն իշխանի համար մէկ գաւազան՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, այսինքն՝ տասներկու գաւազան. Ահարոնի գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։

7

Մովսէս գաւազանները Տէրոջ առջեւ զետեղեց՝ Վկայութեան վրանին մէջ։

8

Հետեւեալ օրը՝ Մովսէս Վկայութեան վրանը մտաւ, եւ ահա՛ Ղեւիի տունէն տրուած Ահարոնի գաւազանը ծաղկած էր. 1բողբոջած, 2ծաղիկ բացած՝՝ ու նուշեր հասցուցած էր։

9

Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջ առջեւէն դուրս հանեց եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն բերաւ. անոնք տեսան, եւ իւրաքանչիւրը իր գաւազանը առաւ։

10

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ահարոնի գաւազանը վերադարձո՛ւր Վկայութեան առջեւ, որպէսզի պահուի՝ ապստամբներուն նշան ըլլալու համար, ու վերցո՛ւր ինձմէ անոնց տրտունջը՝ որպէսզի չմեռնին»։

11

Մովսէս Տէրոջ իրեն պատուիրածին համաձայն ըրաւ. այնպէս ըրաւ։

12

Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսի՝ ըսելով. «Ահա՛ մեր շունչը կու տանք, կը կորսուինք. մենք բոլորս կը կորսուինք։

13

Ո՛վ որ Տէրոջ խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. միթէ մեր շունչը տալով պիտի սպառի՞նք»։



1 Եբր.՝ բողբոջներ դուրս հանած
2 Եբր.՝ ընձիւղներ ընձիւղած