Loading...

Numbers 18

Leviticus  «  Numbers 17  ‹  Numbers 18  ›  Numbers 19  »  Deuteronomy


ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1

Տէրը Ահարոնի ըսաւ. «Դուն, եւ որդիներդ ու նահապետութիւնդ քեզի հետ, սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք. դուն, եւ որդիներդ քեզի հետ, ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։

2

Ղեւիի տոհմէն, այսինքն՝ քու հօրդ տոհմէն եղող եղբայրնե՛րդ ալ մօտեցուր քեզի հետ, որպէսզի քեզի միանան ու քեզի սպասարկեն. իսկ դուն, եւ որդիներդ քեզի հետ, Վկայութեան վրանին առջեւ պիտի ըլլաք։

3

Քու 1պաշտօնդ ու ամբողջ վրանին 2պաշտօնը թող կատարեն՝՝. միայն թէ սրբարանի առարկաներուն եւ զոհասեղանին թող չմօտենան, որպէսզի ո՛չ իրենք մեռնին, ո՛չ ալ դուք։

4

Անոնք ձեզի թող միանան, ու Հանդիպումի վրանին 3պաշտօնը թող կատարեն՝՝ վրանին ամբողջ ծառայութեան համեմատ. բայց ո՛չ մէկ օտար թող մօտենայ ձեզի։

5

Սրբարանին 4պաշտօնը ու զոհասեղանին 5պաշտօնը կատարեցէ՛ք՝՝, որպէսզի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ զայրոյթ չըլլայ։

6

Ահա՛ ձեր եղբայրները՝ Ղեւտացիները առի Իսրայէլի որդիներուն մէջէն. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջ համար, որպէսզի Հանդիպումի վրանին ծառայութիւնը ընեն։

7

Իսկ դուն, եւ քու որդիներդ քեզի հետ, ձեր քահանայութիւնը պիտի կատարէք զոհասեղանին պատկանող բոլոր բաներուն ու վարագոյրին ներսը եղող բաներուն համար, եւ ա՛յսպէս պիտի ծառայէք։ Ձեր քահանայութեան պաշտօնը ձեզի տուի իբր պարգեւ. մօտեցող օտարը պիտի մեռցուի»։

8

Տէրը խօսեցաւ Ահարոնի. «Ահա՛ քեզի տուի՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներէն՝ իմ բարձրացնելիք ընծաներուս 6պաշտօնը. անոնք քեզի եւ որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով՝ իբր օծումի իրաւունք։

9

Հետեւեալնե՛րը քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն՝ 7որ չեն այրուիր՝՝.— անոնց բոլոր մատաղները, այսինքն՝ անոնց բոլոր հացի ընծաները, բոլոր մեղքի պատարագներն ու բոլոր յանցանքի պատարագները, որ ինծի պիտի հատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի եւ որդիներուդ համար։

10

Ամենասո՛ւրբ տեղին մէջ կեր զայն. ամէն արու թող ուտէ զայն. ան սուրբ պիտի ըլլայ քեզի։

11

Սա՛ ալ քուկդ պիտի ըլլայ.— անոնց պարգեւներուն բարձրացնելիք ընծաները, նաեւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելիք ընծաները։ Զանոնք յաւիտենական կանոնով տուի քեզի եւ որդիներուդ ու աղջիկներուդ՝ քեզի հետ. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ թող ուտէ։

12

Իւղին 8ընտրելագոյնը, քաղցուին եւ ցորենին ընտրելագոյնը — ամբողջ 9երախայրիքը՝ որ Տէրոջ պիտի 10մատուցանեն — քեզի՛ տուի։

13

Անոնց երկրին մէջ եղող բոլոր բերքերուն երախայրիքը, որ Տէրոջ կը բերեն, քո՛ւկդ պիտի ըլլայ. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ թող ուտէ։

14

Իսրայէլի մէջ ամէ՛ն նուէր քուկդ պիտի ըլլայ։

15

Բոլոր մարմիններուն մէջ ամէն արգանդ բացող՝ որ Տէրոջ կը մատուցանեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քո՛ւկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը ա՛նպատճառ պիտի փրկես. անմաքուր անասունին առջինեկն ալ պիտի փրկես։

16

Երբ փրկուելիքները մէկ ամսուան ըլլան, փրկէ՛ զանոնք քու գնահատումիդ համեմատ, այսինքն հինգ սիկղ դրամով՝ սրբարանի սիկղին համեմատ, որ քսան կերատ է։

17

Բայց կովին առջինեկը, ոչխարին առջինեկը կամ այծին առջինեկը մի՛ փրկեր. անոնք սուրբ են։ Սրսկէ՛ անոնց արիւնը զոհասեղանին վրայ, եւ այրէ՛ անոնց ճարպը՝ որպէս անուշահոտ պատարագ Տէրոջ։

18

Անոնց միսը քո՛ւկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելիք երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։

19

Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելիք ընծաները, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ կը մատուցանեն, յաւիտենական կանոնով տուի քեզի եւ որդիներուդ ու աղջիկներուդ՝ քեզի հետ. ասիկա Տէրոջ առջեւ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան՝ քեզի համար եւ քեզի հետ քու զարմիդ համար»։

20

Նաեւ Տէրը Ահարոնի ըսաւ. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս, ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. ե՛ս եմ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ

21

«Ահա՛ Իսրայէլի ամբողջ տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի իբր ժառանգութիւն՝ իրենց ըրած ծառայութեան փոխարէն, այսինքն՝ Հանդիպումի վրանին ծառայութեան համար։

22

Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ Հանդիպումի վրանին թող չմօտենան, որպէսզի մեղք չկրեն ու չմեռնին։

23

Ղեւտացինե՛րը պիտի ծառայեն Հանդիպումի վրանին, եւ իրե՛նք պիտի կրեն իրենց անօրէնութիւնը։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։

24

Արդարեւ Իսրայէլի որդիներուն տասանորդները, որ Տէրոջ կը մատուցանեն իբր բարձրացնելիք ընծայ, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. հետեւաբար անոնց համար ըսի թէ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան»։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՍԱՆՈՐԴԸ

25

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

26

«Սա՛պէս խօսէ Ղեւտացիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդը առնէք՝ որ անոնցմէ ձեզի տուի իբր ժառանգութիւն, անկէ բարձրացնելիք ընծա՛յ մը մատուցանեցէք Տէրոջ, այսինքն տասանորդին մէկ տասներորդը։

27

Այս ձեր բարձրացնելիք ընծան՝ կալի ցորենի պէս ու հնձանի 11արդիւնքի պէս պիտի սեպուի ձեզի։

28

Այսպէս՝ դո՛ւք ալ բարձրացնելիք ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջ, Իսրայէլի որդիներէն ձեր ստացած բոլոր տասանորդներէն. Ահարոն քահանայի՛ն տուէք Տէրոջ բարձրացնելիք ընծան, որ անոնցմէ պիտի մատուցանէք։

29

Տէրոջ ամբողջ բարձրացնելիք ընծան մատուցանեցէ՛ք ձեզի եղած բոլոր պարգեւներէն, անոնց ընտրելագոյնէն, անոնց սուրբ մասէն”։

30

Ուստի ըսէ՛ անոնց. “Երբ անոնց ընտրելագոյնէն 12մատուցանէք, մնացածը կալի բերքի պէս եւ հնձանի բերքի պէս պիտի սեպուի Ղեւտացիներուն։

31

Ամէ՛ն տեղ կերէք զայն, դուք ու ձեր ընտանիքները. որովհետեւ ան ձեր վարձքն է՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ձեր ընելիք ծառայութեան փոխարէն։

32

Անոնց ընտրելագոյնը 13մատուցանելէն ետք՝ անոնց համար մեղք պիտի չկրէք, եւ Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները պիտի չպղծէք ու պիտի չմեռնիք”»։



1 Եբր.՝ պահպանութիւնդ
2 Եբր.՝ պահպանութիւնը թող պահեն
3 Եբր.՝ պահպանութիւնը թող պահեն
4 Եբր.՝ պահպանութիւնը
5 Եբր.՝ պահպանութիւնը պահեցէ՛ք
6 Եբր.՝ պահպանութիւնը
7 Եբր.՝ որ կրակէն պահուած են
8 Եբր.՝ ամբողջ ճարպը
9 Եբր.՝ առաջինները
10 Եբր.՝ տան
11 Եբր.՝ լիութեան
12 Եբր.՝ բարձրացնէք
13 Եբր.՝ բարձրացնելէն