Loading...

Numbers 19

Leviticus  «  Numbers 18  ‹  Numbers 19  ›  Numbers 20  »  Deuteronomy


ԿԱՐՄԻՐ ԵՐԻՆՋԻՆ ՄՈԽԻՐԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.

2

«Ահա՛ւասիկ օրէնքին կանոնը, որ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. “Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն՝ որ քեզի շէկ, անարատ երինջ մը բերեն, որ ո՛չ մէկ արատ ունենայ եւ որուն վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ։

3

Եղիազար քահանայի՛ն տուէք զայն, որպէսզի բանակավայրէն դուրս հանէ զայն եւ իր առջեւ մորթեն զայն։

4

Եղիազար քահանան իր մատով անոր արիւնէն թող առնէ ու դէպի Հանդիպումի վրանին առջեւի կողմը՝ եօթը անգամ սրսկէ անոր արիւնէն։

5

Յետոյ իր աչքերուն առջեւ երինջը թող այրեն. անոր մորթը, միսը եւ արիւնը թող այրեն՝ թրիքին հետ։

6

Քահանան մայրիի փայտ, զոպայ եւ կրկնակի կարմիր թող առնէ, ու երինջը այրող կրակին մէջ նետէ։

7

Քահանան իր հագուստները եւ մարմինը ջուրով թող լուայ, յետոյ բանակավայրը մտնէ. քահանան մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

8

Զայն այրողն ալ իր հագուստներն ու մարմինը ջուրով թող լուայ, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։

9

Մաքուր մարդ մը երինջին մոխիրը թող հաւաքէ ու բանակավայրէն դուրս՝ մաքուր տեղ մը զետեղէ. Իսրայէլի որդիներուն համայնքին համար պիտի պահուի ան՝ իբր 1մաքրութեան ջուր. ասիկա մեղքի պատարագ է։

10

Երինջին մոխիրը հաւաքողը իր հագուստները թող լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն եւ անոնց մէջ պանդխտացած գաղթականին համար յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ”»։


ԴԻԱԿԻ ՄԸ ՀՊՈՒՄԸ

11

«“Ո՛վ որ մեռած մարդու մը մարմինին դպչի, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ։

12

Երրորդ օրը թող 2մաքրուի 3անով, ու եօթներորդ օրը մաքրուած պիտի ըլլայ. բայց եթէ երրորդ օրը չմաքրուի, եօթներորդ օրը մաքրուած պիտի չըլլայ։

13

Ո՛վ որ մեռած մարդու մարմինին դպչի եւ չմաքրուի, Տէրոջ խորանը կը պղծէ. այդ անձը Իսրայէլէն պիտի բնաջնջուի։ Արդարեւ անոր վրայ մաքրութեան ջուրը սրսկուած չէ, ան անմաքուր է. իր անմաքրութիւնը տակաւին իր վրայ է։

14

Ահա՛ւասիկ օրէնքը՝ երբ մարդ մը վրանի մէջ մեռնի.— ո՛վ որ այդ վրանին մէջ մտնէ եւ ամէն ինչ որ այդ վրանին մէջ է՝ եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ։

15

Ամէն բաց անօթ՝ որ իր վրայ կապուած կափարիչ չունի, անմաքուր պիտի ըլլայ։

16

Ո՛վ որ դպչի 4բաց դաշտի մէջ՝՝ սուրով սպաննուածի մը, կամ բնական մահով մեռածի մը, կամ մարդու ոսկորի մը եւ կամ գերեզմանի մը, եօթը օր թող անմաքուր ըլլայ։

17

Անմաքուր եղողին համար՝ մեղքի պատարագի համար այրուած երինջին մոխիրէն թող առնեն, ու վրան 5կենսաւէտ ջուր դնեն՝ անօթի մը մէջ։

18

Մաքուր մարդ մը զոպայ թող առնէ, զայն ջուրի մէջ թաթխէ եւ սրսկէ վրանին վրայ ու բոլոր առարկաներուն վրայ, նաեւ հոն եղող մարդոց վրայ, ու ոսկորի մը, կամ սպաննուածի մը, կամ մեռածի մը, եւ կամ գերեզմանի մը դպչողին վրայ։

19

Մաքուր մարդը թող սրսկէ անմաքուրին վրայ՝ երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը, եւ եօթներորդ օրը զայն մաքրէ։ Ան ալ իր հագուստները թող լուայ, ջուրով լուացուի, ու իրիկունը մաքրուած պիտի ըլլայ։

20

Բայց այն մարդը որ անմաքուր ըլլալէ ետք չի մաքրուիր, այդ անձը համախմբումին մէջէն պիտի բնաջնջուի, որովհետեւ Տէրոջ սրբարանը պղծեց. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուեցաւ, ան անմաքուր է։

21

Ասիկա յաւիտենական կանոն մը պիտի ըլլայ անոնց, որ մաքրութեան ջուրը սրսկողը իր հագուստները լուայ, եւ մաքրութեան ջուրին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։

22

Անմաքուրը ի՛նչ բանի որ դպչի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ, ու անոր դպչող անձը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ”»։



1 Եբր.՝ կեղտոտութեան
2 Եբր.՝ մեղքէ մաքրուի
3 Այսինքն՝ մաքրութեան ջուրով
4 Եբր.՝ դաշտի մակերեսը
5 Այսինքն՝ ակի