Numbers 20
Leviticus « Numbers 19 ‹ Numbers 20 › Numbers 21 » Deuteronomy
ԴԷՊՔԵՐ ԿԱԴԷՍԻ ՄԷՋ (Ելք. 17. 1-7)
1Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Սինի անապատը հասաւ առաջին ամիսը, եւ ժողովուրդը Կադէս կեցաւ։ Մարիամ հոն մեռաւ ու հոն թաղուեցաւ։
2Համայնքին խմելու ջուր չկար, ուստի Մովսէսի դէմ եւ Ահարոնի դէմ համախմբուեցան։
3Ժողովուրդը Մովսէսի հետ վիճեցաւ, ու խօսեցան՝ ըսելով. «Երանի՜ թէ մենք ալ մեր շունչը տուած ըլլայինք, երբ մեր եղբայրները իրենց շունչը տուին Տէրոջ առջեւ։
4Ինչո՞ւ Տէրոջ համախմբումը այս անապատը բերիք, որ մենք եւ մեր անասունները հոս մեռնինք։
5Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցիք՝ մեզ այս վատ տեղը բերելու համար։ Հոս ո՛չ սերմ ցանելու տեղ է, ո՛չ ալ՝ թզենիներու, որթատունկերու եւ նռնենիներու. խմելու ջուր անգամ չկայ»։
6Մովսէս ու Ահարոն համախմբումին առջեւէն ելլելով Հանդիպումի վրանին մուտքը գացին եւ իրենց երեսին վրայ ինկան, ու Տէրոջ փառքը իրենց երեւցաւ։
7Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
8«Ա՛ռ գաւազանը եւ համախմբէ՛ համայնքը, դուն ու քու եղբայրդ՝ Ահարոն, եւ անոնց աչքերուն առջեւ խօսեցէ՛ք ժայռին, ու իր ջուրը պիտի տայ։ Դուն ժայռէ՛ն ջուր պիտի հանես անոնց, եւ համայնքին ու անոնց անասուններուն խմցնես»։
9Մովսէս Տէրոջ առջեւէն առաւ գաւազանը, ինչպէս իրեն պատուիրեց։
10Մովսէս եւ Ահարոն համախմբումը ժայռին առջեւ 1հաւաքեցին, ու անոնց ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէք այժմ, ո՛վ անհնազանդներ. ձեզի այս ժայռէ՞ն ջուր հանենք»։
11Ապա Մովսէս իր ձեռքը վերցուց, եւ իր գաւազանով երկու անգամ ժայռին զարկաւ։ Ջուրը առատօրէն դուրս ելաւ, ու համայնքը եւ անոր անասունները խմեցին։
12Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի. «Որովհետեւ ինծի չհաւատացիք՝ Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս 2փառաւորելու համար, այս համախմբումը դո՛ւք պիտի չտանիք այն երկիրը՝ որ անոնց տուի»։
13Ա՛յս է 3Մերիպայի ջուրը. որովհետեւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ դէմ վիճեցան, եւ ինք սուրբ եղաւ անոնց մէջ։
ԵԴՈՎՄԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ’ԱՐԳԻԼԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՑՔԸ
14Մովսէս Կադէսէն պատգամաւորներ ղրկեց Եդովմի թագաւորին ու ըսաւ. «Սա՛ կ’ըսէ քու եղբայրդ՝ Իսրայէլ. “Մեզի պատահած ամբողջ տաժանքը գիտես.
15ի՛նչպէս մեր հայրերը Եգիպտոս իջան ու երկար ժամանակ Եգիպտոսի մէջ բնակեցանք։ Եգիպտացիները չարչարեցին մեզ եւ մեր հայրերը,
16ու երբ մենք Տէրոջ աղաղակեցինք՝ լսեց մեր ձայնը. հրեշտակ մը ղրկեց, մեզ Եգիպտոսէն հանեց, եւ ահա՛ մենք Կադէս ենք, քու հողամասիդ ծայրի քաղաքը։
17Կ’աղերսե՛նք, թո՛ղ որ անցնինք քու երկրէդ. արտերէն ու այգիներէն պիտի չանցնինք եւ հորերէն ջուր պիտի չխմենք. թագաւորին ճամբայէն պիտի քալենք, աջ կողմ կամ ձախ կողմ պիտի չշեղինք՝ մինչեւ որ քու հողամասէդ անցնինք”»։
18Բայց Եդովմ անոր ըսաւ. «4Իմ երկրէս՝՝ մի՛ անցնիր, որպէսզի սուրով դուրս չելլեմ քու դիմացդ»։
19Իսրայէլի որդիները ըսին անոր. «Մենք պողոտայէ՛ն պիտի բարձրանանք. եթէ ես ու իմ խաշինքս քու ջուրէդ խմենք, անոր գինը պիտի վճարեմ. առանց ուրիշ բան մը ընելու՝ միայն ոտքերովս պիտի անցնիմ»։
20Բայց ան ըսաւ. «Պիտի չանցնի՛ս». ու Եդովմ մեծ բազմութեամբ եւ ուժեղ ձեռքով դուրս ելաւ անոնց դիմաց։
21Այսպէս՝ Եդովմ մերժեց իր հողամասէն Իսրայէլի ճամբայ տալ. ուստի Իսրայէլ շեղեցաւ անկէ։
ԱՀԱՐՈՆԻ ՄԱՀԸ
22Կադէսէն մեկնեցան, ու Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Հովր լեռը հասաւ։
23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ Հովր լեռը, Եդովմի երկրին սահմանին քով, ըսելով.
24«Ահարոն իր ժողովուրդին մէջ պիտի ամփոփուի. արդարեւ պիտի չմտնէ այն երկիրը՝ որ Իսրայէլի որդիներուն տուի, քանի որ Մերիպայի ջուրին քով իմ հրամանիս դէմ ընդվզեցաք։
25Ահարոնը եւ անոր որդին՝ Եղիազարը ա՛ռ, ու Հովր լե՛ռը բարձրացուր զանոնք։
26Ահարոնը իր հագուստներէն մերկացո՛ւր, եւ անոր որդիին՝ Եղիազարի՛ հագցուր զանոնք. որովհետեւ Ահարոն իր ժողովուրդին մէջ պիտի ամփոփուի, ու հո՛ն մեռնի»։
27Մովսէս Տէրոջ պատուիրածին համաձայն ըրաւ, եւ ամբողջ համայնքին աչքերուն առջեւ Հովր լեռը բարձրացան։
28Մովսէս մերկացուց Ահարոնը իր հագուստներէն, ու անոր որդիին՝ Եղիազարի հագցուց զանոնք։ Ահարոն հոն մեռաւ, լերան գագաթը, իսկ Մովսէս ու Եղիազար լեռնէն իջան։
29Երբ ամբողջ համայնքը տեսաւ թէ Ահարոն շունչը տուած է, Իսրայէլի ամբողջ տունը երեսուն օր լացաւ Ահարոնի համար։