Loading...

Numbers 21

Leviticus  «  Numbers 20  ‹  Numbers 21  ›  Numbers 22  »  Deuteronomy


ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՔԱՆԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

1

Հարաւային կողմը բնակող Արադի 1քանանացի թագաւորը, լսելով թէ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ տարաւ։

2

Ուստի Իսրայէլ Տէրոջ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները պիտի 2նզովեմ»։

3

Տէրը Իսրայէլի ձայնը լսեց, եւ Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ նզովեց զանոնք ու անոնց քաղաքները, եւ այդ տեղին անունը 3Հորմա կոչեց։


ՊՂԻՆՁԷ ՕՁԸ

4

Հովր լեռնէն մեկնեցան՝ Կարմիր ծովուն ճամբայով, Եդովմի երկրին շուրջը դառնալու համար, եւ ճամբան ժողովուրդին 4սիրտը վհատեցաւ։

5

Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսի դէմ խօսեցաւ. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք. քանի որ հաց չկայ, ջուր չկայ, եւ այս չնչին հացէն մեր 5սիրտը զզուեր է»։

6

Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, ու Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։

7

Ժողովուրդը Մովսէսի եկաւ եւ ըսաւ. «Մեղանչեցինք՝ Տէրոջ դէմ ու քեզի դէմ խօսելով. աղօթէ՛ Տէրոջ, որ մեր վրայէն հեռացնէ օձերը»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղօթեց,

8

եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Քեզի կիզող օ՛ձ մը շինէ, ու զայն ձողի՛ մը վրայ դիր։ Ո՛վ որ խածնուի եւ անոր նայի՝ ողջ պիտի մնայ»։

9

Մովսէս պղինձէ օձ մը շինեց ու զայն ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր եւ ան պղինձէ օձին նայէր՝ 6կ’առողջանար։


ՀՈՎՐ ԼԵՌՆԷՆ ԴԷՊԻ ՄՈՎԱԲԻ ՀՈՎԻՏԸ

10

Իսրայէլի որդիները մեկնեցան, եւ Ոբովթի մէջ բանակեցան։

11

Ոբովթէն մեկնեցան, ու Իյէ-Աբարիմի մէջ բանակեցան, Մովաբի դիմաց եղող անապատին մէջ՝ դէպի արեւելեան կողմը։

12

Անկէ ալ մեկնեցան եւ Զարեդի ձորին մէջ բանակեցան։

13

Անկէ մեկնեցան ու բանակեցան Առնոնի միւս կողմը, որ Ամորհացիներու հողամասէն դուրս ելլելով անապատին մէջէն կ’անցնի. արդարեւ Առնոն Մովաբացիներու սահմանն է, Մովաբացիներուն եւ Ամորհացիներուն մէջտեղ։

14

Ասոր համար Տէրոջ Պատերազմներու գիրքին մէջ ըսուած է. «Սուֆայի մէջ Վահէպը, Ու Առնոնի ձորերը,

15

Եւ ձորերուն յորձանքը՝ Որ կ’երկարի դէպի Արի 7բնակավայրը, Ու կը կռթնի Մովաբի սահմանին վրայ»։

16

Անկէ Ջրհորը եկան։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսի. «Հաւաքէ՛ ժողովուրդը, ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։

17

Այն ատեն Իսրայէլ սա՛ երգը երգեց. «Ո՛վ հոր, 8բխէ՛. 9խմբերգեցէ՛ք անոր։

18

Իշխանաւորնե՛րը փորեցին հորը, Ժողովուրդին ազնուականնե՛րը՝ օրէնսդրին հրամանով. Իրենց ցուպերո՛վ փորեցին զայն»։

19

Անապատէն Մաթանա գացին, Մաթանայէն Նահալիէլ, Նահալիէլէն Բամոթ,

20

եւ Բամոթէն Մովաբի դաշտավայրին մէջ եղող հովիտը, Փասգայի գագաթը, որ դէպի 10Եսիմոն կը նայի։


ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՍԵՀՈՆ ԵՒ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

21

Իսրայէլ պատգամաւորներ ղրկեց Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով.

22

«Թո՛ղ որ երկրէդ անցնինք. արտերու կամ այգիներու մէջ պիտի չշեղինք, հորի ջուրերէն պիտի չխմենք. թագաւորին ճամբայէ՛ն պիտի քալենք՝ մինչեւ որ քու հողամասէդ անցնինք»։

23

Բայց Սեհոն չթոյլատրեց որ Իսրայէլ իր հողամասէն անցնի. հապա Սեհոն իր ամբողջ ժողովուրդը հաւաքեց, ու դէպի անապատը դուրս ելաւ՝ Իսրայէլի դիմաց. Յասսա եկաւ, եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ։

24

Իսրայէլ սուրի բերանէ անցուց զայն ու տիրացաւ անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, որովհետեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։

25

Ւսրայէլ այս բոլոր քաղաքները առաւ, եւ Իսրայէլ Ամորհացիներուն բոլոր քաղաքները բնակեցաւ, Եսեբոն ու անոր բոլոր 11գիւղերուն մէջ։

26

Արդարեւ Եսեբոն Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր, որովհետեւ ան Մովաբի նախկին թագաւորին դէմ պատերազմելով՝ անոր ձեռքէն առած էր անոր ամբողջ երկիրը, մինչեւ Առնոն։

27

Ասոր համար առակախօսները կ’ըսեն. «Եսեբո՛ն եկէք. Սեհոնի քաղաքը թող կառուցանուի եւ պատրաստուի.

28

Որովհետեւ Եսեբոնէն կրակ ելաւ Ու Սեհոնի բերդաքաղաքէն՝ բոց. Մովաբի Արը սպառեց, Եւ Առնոնի բարձր տեղերուն տէրերը։

29

Վա՜յ քեզ, Մովաբ, Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր. Իր ազատած որդիներն ու աղջիկները՝ Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ.

30

Անոնց վրայ նետեր արձակեցինք. Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն, Եւ ամայացուցինք զանոնք Մինչեւ Նոփա, որ Մեդաբայի քով է»։

31

Այսպէս՝ Իսրայէլ Ամորհացիներուն երկրին մէջ բնակեցաւ։

32

Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու, եւ անոր գիւղերը գրաւեցին, ու հոն եղող Ամորհացիները վտարեցին։

33

Յետոյ դարձան ու Բասանի ճամբան բարձրացան։ Բասանի Ովգ թագաւորը դուրս ելաւ՝ անոնց դիմաց, ինք եւ իր ամբողջ ժողովուրդը, Եդրայիի մէջ պատերազմելու։

34

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Մի՛ վախնար անկէ, քանի որ քու ձեռքդ մատնեցի զայն, անոր ամբողջ ժողովուրդն ու անոր երկիրը. ըրէ՛ անոր, ինչպէս Եսեբոն բնակող Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին ըրիր»։

35

Այսպէս զարկին զայն, անոր որդիներն ու անոր ամբողջ ժողովուրդը, մինչեւ որ ո՛չ մէկ մնացորդ թողուցին անկէ, եւ անոր երկրին տիրացան։



1 Կամ՝ Քանանիս
2 Այսինքն՝ աւերեմ
3 Այսինքն՝ նզովք, կամ՝ աւերում
4 Եբր.՝ անձը
5 Եբր.՝ անձը
6 Եբր.՝ ողջ կը մնար
7 Եբր.՝ բնակութիւնը
8 Եբր.՝ բարձրացի՛ր
9 Եբր.՝ պատասխանելով երգեցէ՛ք
10 Կամ՝ անապատը
11 Եբր.՝ աղջիկներուն