Loading...

Numbers 22

Leviticus  «  Numbers 21  ‹  Numbers 22  ›  Numbers 23  »  Deuteronomy


ՄՈՎԱԲԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԿԸ ՂՐԿԷ ԲԱՂԱԱՄԻ

1

Իսրայէլի որդիները մեկնեցան ու Մովաբի դաշտերուն մէջ բանակեցան, Յորդանանի միւս կողմը՝ Երիքովի դիմաց։

2

Սեպփորի որդին՝ Բաղակ տեսաւ ամէն ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամորհացիներուն։

3

Մովաբ չափազանց վախցաւ ժողովուրդէն, որովհետեւ բազմաթիւ էր, ու Մովաբ Իսրայէլի 1որդիներէն ահաբեկեցաւ։

4

Ուստի Մովաբ Մադիամի երէցներուն ըսաւ. «Հիմա այս համախմբումը մեր շուրջը եղող ամէն ինչ պիտի ճարակէ, ինչպէս եզը դաշտին խոտը կը ճարակէ»։ Այդ ատեն Սեպփորի որդին՝ Բաղակ Մովաբի թագաւորն էր։

5

2Բէովրի որդիին՝ Բաղաամի պատգամաւորներ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը՝ Գետին եզերքն էր՝՝,) զայն կանչելու եւ ըսելու. «Ահա՛ Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ, ահա՛ երկրին 3մակերեսը ծածկեց ու իմ դիմացս կը բնակի։

6

Ուստի հիմա կ’աղերսե՛մ, եկո՛ւր եւ ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը, քանի որ ան ինձմէ հզօր է. թերեւս կարենամ զայն զարնել, ու երկրէն զայն վռնտեմ. որովհետեւ գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է, եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։

7

Մովաբի երէցներն ու Մադիամի երէցները գացին՝ իրենց ձեռքերուն մէջ դիւթութեան վարձքերով, Բաղաամի հասան, եւ Բաղակի խօսքերը հաղորդեցին անոր։

8

Ան ալ իրենց ըսաւ. «Այս գիշեր հո՛ս իջեւանեցէք, ու ձեզի լուր պիտի բերեմ՝ ի՛նչպէս որ Տէրը ինծի խօսի»։ Ուստի Մովաբի իշխանաւորները Բաղաամի քով մնացին։

9

Աստուած Բաղաամի եկաւ եւ ըսաւ. «Ո՞վ են այդ մարդիկը՝ որ քովդ են»։

10

Բաղաամ Աստուծոյ ըսաւ. «Մովաբի թագաւորը՝ Սեպփորեան Բաղակ ինծի ղրկեց ասոնք՝ ըսելով.

11

“Ահա՛ Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին մակերեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր ու ինծի համար անիծէ՛ զայն. թերեւս կարենամ անոր դէմ պատերազմիլ եւ զայն վռնտել”»։

12

Աստուած Բաղաամի ըսաւ. «Ատոնց հետ մի՛ երթար ու ժողովուրդը մի՛ անիծեր, որովհետեւ ան օրհնեալ է»։

13

Բաղաամ առտուն ելաւ եւ Բաղակի իշխանաւորներուն ըսաւ. «Դուք ձեր երկի՛րը գացէք, որովհետեւ Տէրը կը մերժէ որ ձեզի հետ երթամ»։

14

Մովաբի իշխանաւորները կանգնեցան, Բաղակի եկան ու ըսին. «Բաղաամ մերժեց մեզի հետ գալ»։

15

Բաղակ 4վերստին իշխանաւորներ ղրկեց, անոնցմէ աւելի շատ եւ աւելի պատուաւոր։

16

Ասոնք Բաղաամի հասան ու անոր ըսին. «Սեպփորի որդին՝ Բաղակ սա՛ կ’ըսէ. “Կ’աղերսե՛մ, ինծի գալէ մի՛ արգիլուիր.

17

քանի որ քեզ շատ պիտի պատուեմ, եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ։ Ուստի կ’աղերսե՛մ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար”»։

18

Բաղաամ պատասխանեց Բաղակի ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունն ալ տայ ինծի՝ արծաթով ու ոսկիով լեցուած, Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս հրամանը չեմ կրնար անտեսել, պզտիկ կամ մեծ բան մը ընելով։

19

Ուստի հիմա կ’աղերսե՛մ, այս գիշեր դո՛ւք ալ այստեղ կեցէք, որպէսզի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։

20

Աստուած գիշերը Բաղաամի եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Եթէ մարդիկը եկած են քեզ կանչելու համար, կանգնէ՛, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի ըսեմ, միայն զա՛յն ըրէ»։


ԲԱՂԱԱՄԻ ԷՇԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

21

Բաղաամ առտուն ելաւ, իր էշը համետեց եւ Մովաբի իշխանաւորներուն հետ գնաց։

22

Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ՝ քանի որ գնաց, ու Տէրոջ հրեշտակը ճամբային վրայ կայնեցաւ՝ անոր ընդդիմանալու համար, մինչ իր իշուն վրայ հեծած էր եւ իր երկու սպասաւորները իրեն հետ էին։

23

Էշը տեսաւ Տէրոջ հրեշտակը, որ ճամբային մէջ կայնած էր՝ մերկ սուրը իր ձեռքին մէջ. ուստի էշը ճամբայէն շեղեցաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէսզի ճամբան վերադարձնէ զայն։

24

Իսկ Տէրոջ հրեշտակը այգիներուն արահետին մէջ կայնեցաւ, ուր մէկ կողմէն ցանկապատ ու միւս կողմէն ցանկապատ կար։

25

Երբ էշը Տէրոջ հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամի ոտքը պատին դէմ սեղմեց. ան ալ վերստին ծեծեց զայն։

26

Տէրոջ հրեշտակը անդին անցաւ ու նեղ տեղ մը կայնեցաւ, ուր աջ կողմը կամ ձախ կողմը շեղելու ճամբայ չկար։

27

Երբ էշը Տէրոջ հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամի տակ պառկեցաւ. Բաղաամի բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու գաւազանով ծեծեց էշը։

28

Տէրը իշուն բերանը բացաւ, եւ ան Բաղաամի ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այս երեք անգամ է որ զիս ծեծեցիր»։

29

Բաղաամ իշուն ըսաւ. «Քանի որ զիս անպատուեցիր. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէսզի հի՛մա քեզ մեռցնէի»։

30

Էշը Բաղաամի ըսաւ. «Միթէ ես քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր 5քու մանկութենէդ՝՝ մինչեւ այսօր. քեզի այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Ան ալ ըսաւ. «Ո՛չ»։

31

Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամի աչքերը, ու երբ տեսաւ թէ Տէրոջ հրեշտակը ճամբային վրայ կայնած էր՝ մերկ սուրը իր ձեռքին մէջ, խոնարհեցաւ եւ իր դէմքին վրայ երկրպագեց։

32

Տէրոջ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս երեք անգամ է որ էշդ ծեծեցիր։ Ահա՛ ես դուրս ելայ որ քեզի ընդդիմանամ, որովհետեւ քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։

33

Էշը զիս տեսաւ ու այս երեք անգամ է որ առջեւէս շեղեցաւ։ Եթէ ան 6առջեւէս չշեղէր, հիմա քեզ անշո՛ւշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի, իսկ զայն՝ ողջ պահած»։

34

Բաղաամ Տէրոջ հրեշտակին ըսաւ. «Մեղանչեցի, քանի որ չէի գիտեր թէ ճամբային վրայ կայնած էիր՝ իմ դիմացս. ուստի հիմա վերադառնամ, եթէ 7քեզի անհաճոյ՝՝ է իմ երթալս»։

35

Տէրոջ հրեշտակը Բաղաամի ըսաւ. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ. բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն զա՛յն ըսէ»։ Ուստի Բաղաամ գնաց Բաղակի իշխանաւորներուն հետ։


ԲԱՂԱԿ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԲԱՂԱԱՄԸ

36

Երբ Բաղակ լսեց թէ Բաղաամ կու գայ, զայն դիմաւորելու համար դուրս ելաւ մինչեւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներուն մէկ քաղաքը, որ հողամասին ծայրն է։

37

Բաղակ Բաղաամի ըսաւ. «Քեզ կանչելու համար պատգամաւորներ չղրկեցի՞ քեզի. ինչո՞ւ չեկար ինծի։ Ի՞րապէս չեմ կրնար քեզ պատուել»։

38

Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Ահա՛ եկայ քեզի. բայց հիմա կրնա՞մ որեւէ բան ըսել։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի ըսեմ»։

39

Բաղաամ Բաղակի հետ գնաց, ու Կարիաթ-Հուսովթ հասան։

40

Բաղակ արջառներ եւ ոչխարներ զոհեց, ու Բաղաամի եւ անոր հետ եղող իշխանաւորներուն ղրկեց։

41

Առտուն՝ Բաղակ առաւ Բաղաամը ու Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զայն, որ անկէ ժողովուրդին ծայրը տեսնէ։



1 Եբր.՝ որդիներուն երեսէն
2 Կամ՝ Փաթուր քաղաքը պատգամաւորներ ղրկեց Բէովրի որդիին՝ Բաղաամի, որուն հայրենիքը Գետին եզերքն էր
3 Եբր.՝ աչքը
4 Եբր.՝ անգա՛մ մըն ալ վերստին
5 Կամ՝ քուկդ ըլլալէս
6 Եբր.՝ երեսէս
7 Եբր.՝ աչքերուդ գէշ