Loading...

Numbers 23

Leviticus  «  Numbers 22  ‹  Numbers 23  ›  Numbers 24  »  Deuteronomy


ԲԱՂԱԱՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

1

Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Այստեղ ինծի ե՛օթը զոհասեղան կառուցանէ, եւ այստեղ ինծի եօ՛թը զուարակ ու եօ՛թը խոյ պատրաստէ»։

2

Բաղակ Բաղաամի ըսածին համաձայն ըրաւ, եւ Բաղակ ու Բաղաամ իւրաքանչիւր զոհասեղանի վրայ զուարակ մը եւ խոյ մը մատուցանեցին։

3

Ապա Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Դուն ողջակէզի՛դ քով կայնէ, իսկ ես պիտի երթամ. թերեւս Տէրը ինծի հանդիպի, եւ ինչ որ ինծի ցոյց տայ՝ քեզի պիտի իմացնեմ». ու 1բլրակ մը գնաց։

4

Աստուած Բաղաամի հանդիպեցաւ, ու Բաղաամ անոր ըսաւ. «Եօթը զոհասեղան պատրաստեցի, եւ իւրաքանչիւր զոհասեղանի վրայ զուարակ մը ու խոյ մը մատուցանեցի»։

5

Տէրը Բաղաամի բերանը խօսք դրաւ եւ ըսաւ. «Վերադարձի՛ր Բաղակի, եւ ա՛յսպէս խօսէ»։

6

Վերադարձաւ անոր, ու ահա՛ ան իր ողջակէզին քով կայնած էր, ինք եւ Մովաբի բոլոր իշխանաւորները։

7

Ուստի իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Մովաբի թագաւորը՝ Բաղակ, զիս 2Արամէն՝ Արեւելեան լեռներէն՝ 3բերաւ, ըսելով. “Եկո՛ւր, Յակո՛բը անիծէ ինծի համար, Եկո՛ւր, Իսրայէ՛լը բանադրէ”։

8

Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ, Կամ Տէրոջ չբանադրածը ի՞նչպէս բանադրեմ.

9

Որովհետեւ վէմերուն գագաթէն կը տեսնեմ զայն, Ու բլուրներէն կը նայիմ անոր. Ահա՛ այս ժողովուրդը առանձին պիտի բնակի, Եւ ազգերուն հետ պիտի չհաշուուի։

10

Ո՞վ կրնայ համրել Յակոբի 4հողը, Ու Իսրայէլի քառորդին թիւը։ Իմ անձս ուղիղներուն մահով թող մեռնի, Եւ իմ վախճանս անոնց վախճանին նման ըլլայ»։

11

Բաղակ Բաղաամի ըսաւ. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու, եւ ահա՛ դուն բոլորովին օրհնեցիր»։

12

Ան ալ պատասխանեց. «Միթէ ուշադիր պիտի չըլլա՞մ՝ ըսելու ինչ որ Տէրը իմ բերանս կը դնէ»։


ԲԱՂԱԱՄԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

13

Բաղակ դարձեալ անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի հետ ուրի՛շ տեղ մը եկուր, որպէսզի անկէ տեսնես զանոնք։ Միայն անոնց ծայրը պիտի տեսնես. զանոնք բոլորը պիտի չտեսնես։ Անկէ՛ զանոնք անիծէ ինծի համար»։

14

Զայն տարաւ Սոփիմի արտը, 5Փասգայի գագաթը, ու եօթը զոհասեղան կառուցանեց եւ իւրաքանչիւր զոհասեղանի վրայ զուարակ մը ու խոյ մը մատուցանեց։

15

Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Դուն հո՛ս կայնէ՝ ողջակէզիդ քով, իսկ ես հոն Տէրոջ պիտի հանդիպիմ»։

16

Տէրը Բաղաամի հանդիպեցաւ, անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Վերադարձի՛ր Բաղակի, եւ ա՛յսպէս ըսէ»։

17

Երբ եկաւ անոր, ահա՛ ան իր ողջակէզին քով կայնած էր. Մովաբի իշխանաւորներն ալ անոր հետ էին։ Բաղակ անոր ըսաւ. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։

18

Ան ալ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Կանգնէ՛, ո՛վ Բաղակ, ու մտի՛կ ըրէ։ Ո՛վ Սեպփորի որդի, ունկնդրէ՛ ինծի։

19

Աստուած մարդ չէ՝ որ ստէ, Ո՛չ ալ մարդու որդի՝ որ զղջայ. Իր ըսածը պիտի չընէ՞, Կամ իր խօսածը պիտի չհաստատէ՞։

20

Ահա՛ օրհնելու հրաման ստացայ. Ինք օրհնեց, ու ես չեմ կրնար 6խափանել։

21

Յակոբի վրայ անօրէնութիւն չնկատեց, Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անիրաւութիւն տեսաւ. Տէրը՝ անոր Աստուածը իրեն հետ է, Եւ անոր մէջ թագաւորի 7ցնծութեան ձայն՝՝ կայ։

22

Աստուա՛ծ հանեց զանոնք Եգիպտոսէն. Ան 8գոմէշի պէս 9ոյժ ունի։

23

Արդարեւ Յակոբի դէմ հմայութիւն չ’ըլլար, Ու Իսրայէլի դէմ՝ դիւթութիւն։ Յակոբի եւ Իսրայէլի մասին՝ ժամանակին Պիտի ըսուի թէ “Աստուած ինչե՜ր ըրաւ”։

24

Ահա՛ այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի կանգնի, Առիւծի պէս պիտի բարձրանայ. Պիտի չպառկի՝ մինչեւ որ որսը չուտէ Եւ սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։

25

Բաղակ Բաղաամի ըսաւ. «Ո՛չ անիծէ զանոնք, ո՛չ ալ՝ օրհնէ»։

26

Բաղաամ պատասխանելով՝ Բաղակի ըսաւ. «Միթէ քեզի չըսի՞. “Ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ”»։


ԲԱՂԱԱՄԻ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

27

Բաղակ Բաղաամի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, եկո՛ւր, ուրի՛շ տեղ մը տանիմ քեզ. թերեւս 10Աստուած հաճի՝՝ որ անկէ անիծես զանոնք ինծի համար»։

28

Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փէովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։

29

Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Այստեղ ինծի եօ՛թը զոհասեղան կառուցանէ, եւ այստեղ ինծի եօ՛թը զուարակ ու եօ՛թը խոյ պատրաստէ»։

30

Բաղակ Բաղաամի ըսածին համաձայն ըրաւ, եւ իւրաքանչիւր զոհասեղանի վրայ զուարակ մը ու խոյ մը մատուցանեց»։



1 Կամ՝ բաց տեղ
2 Այսինքն՝ Սուրիայէն
3 Եբր.՝ առաջնորդեց
4 Կամ՝ փոշին
5 Կամ՝ բլուրին
6 Եբր.՝ ետ դարձնել
7 Եբր.՝ գոչիւն
8 Կամ՝ միեղջերուի
9 Կամ՝ փառք
10 Եբր.՝ Աստուծոյ առջեւ ուղիղ ըլլայ