Loading...

Numbers 24

Leviticus  «  Numbers 23  ‹  Numbers 24  ›  Numbers 25  »  Deuteronomy


1

Երբ Բաղաամ տեսաւ թէ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայութիւններ 1փնտռելու չգնաց, հապա իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։

2

Բաղաամ աչքերը վերցնելով տեսաւ թէ Իսրայէլ իր տոհմերուն կարգով վրաններու տակ բնակած է։ Աստուծոյ Հոգին իր վրայ եկաւ,

3

եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդիին՝ Բաղաամի պատգամը, Աչքը 2բաց 3մարդուն պատգամը,

4

Աստուծոյ խօսքերը լսողին, Ամենակարողին տեսիլքը տեսնողին, Վերացումի մէջ ինկողին Ու իր աչքերը բացուողին պատգամը սա՛ է.—

5

Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ, Եւ ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ լաւ են.

6

Ձորերու պէս տարածուեցան, Գետին եզերքը եղող պարտէզներու պէս, Տէրոջ տնկած հալուէի ծառերուն Ու ջուրին եզերքը եղող մայրիներուն պէս են։

7

Անոր դոյլերէն ջուր պիտի հոսի, Եւ անոր սերմը յորդառատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ. Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, Ու թագաւորութիւնը բարձրանայ։

8

Աստուա՛ծ զայն Եգիպտոսէն հանեց։ 4Գոմէշի պէս 5ոյժ ունի. Իրեն հակառակորդ ազգերը պիտի լափէ, Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ, եւ զանոնք 6իր նետերով պիտի զարնէ՝՝։

9

Առիւծի պէս ծռեցաւ, ու մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. Զայն ո՞վ պիտի կանգնեցնէ։ Քեզ օրհնողները օրհնեա՛լ ըլլան, Եւ քեզ անիծողները՝ անիծեա՛լ»։

10

Բաղակի բարկութիւնը բորբոքեցաւ Բաղաամի դէմ, ձեռքերը իրարու զարկաւ ու Բաղաամի ըսաւ. «Ես քեզ կանչեցի՝ որպէսզի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա՛ այս երեք անգամ է որ զանոնք օրհնեցիր։

11

Ուստի հիմա քու տե՛ղդ փախիր։ 7Մտադրած էի քեզ շատ պատուել. բայց ահա՛ Տէրը քեզ արգիլեց պատիւ ստանալէ»։

12

Բաղաամ Բաղակի ըսաւ. «Ես քու ղրկած պատգամաւորներուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով.

13

“Եթէ Բաղակ իր տունն ալ տայ ինծի՝ արծաթով եւ ոսկիով լեցուած, ես Տէրոջ հրամանը չեմ կրնար անտեսել ու 8ես ինձմէ՝՝ լաւ կամ գէշ բան մը ընել”։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ»։


ԲԱՂԱԱՄԻ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

14

«Ահա՛ ես հիմա 9հայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր որ քեզի 10իմացնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՛նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։

15

Ուստի իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդիին՝ Բաղաամի պատգամը, Աչքը բաց մարդուն պատգամը,

16

Աստուծոյ խօսքերը լսողին, Ամենաբարձրին գիտութիւնը գիտցողին, Ամենակարողին տեսիլքը տեսնողին, Վերացումի մէջ ինկողին Եւ իր աչքերը բացուողին պատգամը սա՛ է.—

17

Զայն պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ. Անոր պիտի նայիմ, բայց մօտերս չէ։ Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի, Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի կանգնի, Ու Մովաբի 11իշխանները պիտի զարնէ, Եւ Սէթի բոլոր որդիները պիտի բնաջնջէ։

18

Նաեւ Եդովմ ստացուածք պիտի ըլլայ, Սէիր ալ իր թշնամիներուն ստացուածք պիտի ըլլայ. Իսրայէլ ոյժ պիտի բանեցնէ.

19

Յակոբէն ելլողը պիտի տիրապետէ, Ու քաղաքէն վերապրողը պիտի կորսնցնէ»։

20

Յետոյ Ամաղէկի նայեցաւ, եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ամաղէկ ազգերուն առաջինն է, Բայց անոր վախճանը յաւերժական կորուստ է»։

21

Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Քու բնակարանդ տոկուն է, Ու քու բոյնդ ժայռի վրայ դրած ես։

22

Բայց Կենեցին պիտի վառի, Մինչեւ որ Ասուր քեզ գերեվարէ»։

23

Յետոյ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։

24

Բայց Կիտացիներուն ափերէն նաւեր պիտի գան Եւ Ասուրը պիտի տառապեցնեն ու Եբերը տառապեցնեն, Եւ անոնք ալ յաւերժ պիտի կորսուին»։

25

Յետոյ Բաղաամ կանգնեցաւ ու գնաց, եւ իր տեղը վերադարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։



1 Եբր.՝ դիմաւորելու
2 Կամ՝ գոց
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
4 Կամ՝ Միեղջերուի
5 Կամ՝ փառք
6 Կամ՝ անոնց նետերը պիտի կոտրէ
7 Եբր.՝ Ըսած
8 Եբր.՝ իմ սիրտէս
9 Եբր.՝ ժողովուրդիս
10 Եբր.՝ խորհուրդ տամ
11 Կամ՝ ծայրերը