Numbers 25
Leviticus « Numbers 24 ‹ Numbers 25 › Numbers 26 » Deuteronomy
ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ՍԱՏԻՄԻ ՄԷՋ
1Իսրայէլ Սատիմի մէջ բնակեցաւ, եւ ժողովուրդը սկսաւ Մովաբի աղջիկներուն հետ պոռնկիլ։
2Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն, ու ժողովուրդը զոհերէն կերաւ եւ անոնց աստուածներուն երկրպագեց։
3Իսրայէլ Բահաղ- Փէովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ։
4Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ա՛ռ ժողովուրդին բոլոր գլխաւորները ու կախէ՛ զանոնք Տէրոջ առջեւ՝ արեւին դիմաց, որպէսզի Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը Իսրայէլէն հեռանայ»։
5Մովսէս ալ Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մեռցնէ իր մարդոցմէն անոնք՝ որ Բահաղ-Փէովրի յարեցան»։
6Եւ ահա՛ Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ, ու իր եղբայրներուն մադիանացի կին մը ներկայացուց՝ Մովսէսի աչքերուն առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին աչքերուն առջեւ, երբ անոնք Հանդիպումի վրանին մուտքը կու լային։
7Երբ Փենեհէս, Ահարոն քահանային որդիին՝ Եղիազարի որդին, ասիկա տեսաւ, համայնքին մէջէն կանգնեցաւ, ձեռքը գեղարդ մը առաւ,
8եւ իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտնելով՝ երկուքն ալ, այսինքն իսրայելացի մարդն ու կինը, փորէն խոցեց. ուստի պատուհասը Իսրայէլի որդիներուն մէջէն դադրեցաւ։
9Պատուհասէն մեռածները քսանչորս հազար հոգի էին։
10Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
11«Փենեհէս, Ահարոն քահանային որդիին՝ Եղիազարի որդին, իմ ցասումս Ւսրայէլի որդիներէն հեռացուց, որովհետեւ ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. ուստի Իսրայէլի որդիները չսպառեցի իմ նախանձախնդրութեամբս։
12Հետեւաբար ըսէ՛. “Ահա՛ ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս։
13Ասիկա յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը պիտի ըլլայ անոր եւ անկէ ետք՝ անոր զարմին, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ”»։
14Զարնուած Իսրայելացիին — այսինքն մադիանացի կնոջ հետ զարնուածին — անունը Զամբրի էր. Սալուի որդին էր, ու Շմաւոնեաններուն մէկ նահապետութեան իշխանը։
15Իսկ զարնուած մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր. ան Մադիամի մէջ ժողովուրդի մը, այսինքն նահապետութեան մը գլխաւոր եղող Սուրի աղջիկն էր։
16Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
17«Մադիանացիներուն թշնամացէ՛ք ու զանոնք զարկէ՛ք,
18քանի որ անոնք իրենց նենգութիւններով ձեզի թշնամացան եւ անոնցմով ձեզի դաւաճանեցին Փէովրի արարքին մէջ եւ իրենց քրոջ՝ Քազբիի արարքին մէջ, այսինքն՝ մադիանացի իշխանին աղջիկին, որ պատուհասին օրը զարնուեցաւ Փէովրի պատճառով»։