Numbers 26
Leviticus « Numbers 25 ‹ Numbers 26 › Numbers 27 » Deuteronomy
ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
1Պատուհասէն ետք Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի որդիին՝ Եղիազար քահանային, ըսելով.
2«Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին գումարը՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, թուարկելով քսան տարեկանէն վեր եղողները, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր զինուորութեան 1գացողները»։
3Ուստի Մովսէս ու Եղիազար քահանան՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դիմաց, Յորդանանի մօտ, անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով.
4«Քսան տարեկանէն վեր եղողները պիտի թուարկենք, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց»։ Ահա՛ւասիկ Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիները.—
5Ռուբէն՝ Իսրայէլի անդրանիկը, եւ Ռուբէնի որդիները. Ենովքէ՝ Ենովքեաններուն գերդաստանը, Փաղղուսէ՝ Փաղղուսեաններուն գերդաստանը,
6Եսրոնէ՝ Եսրոնեաններուն գերդաստանը, Քարմիէ՝ Քարմեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
7Ռուբէնեաններուն գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները քառասուներեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։
8Փաղղուսի որդին Եղիաբ էր,
9ու Եղիաբի որդիները՝ Նամուէլ, Դաթան եւ Աբիրոն էին։ Այս Դաթանն ու Աբիրոնը համայնքին մէջ անուանիներ էին. ասոնք էին որ Տէրոջ դէմ ըմբոստացող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսի դէմ եւ Ահարոնի դէմ ըմբոստացան,
10ու երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք եւ Կորխն ալ, երբ այդ խումբը մեռաւ. կրակը այդ երկու հարիւր յիսուն մարդիկը սպառեց, ու անոնք բոլորին օրինակ եղան։
11Բայց Կորխի որդիները չմեռան։
12Շմաւոնի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. 2Նամուէլէ՝ Նամուէլեաններուն՝՝ գերդաստանը, Յամինէ՝ Յամինեաններուն գերդաստանը, Յաքինէ՝ Յաքինեաններուն գերդաստանը,
13Զարայէ՝ Զարայեաններուն գերդաստանը, Սաւուղէ՝ Սաւուղեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
14Շմաւոնեաններուն գերդաստանները ասոնք են — քսաներկու հազար երկու հարիւր հոգի։
15Գադի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Սափոնէ՝ Սափոնեաններուն գերդաստանը, Անգիէ՝ Անգեաններուն գերդաստանը, Սունիէ՝ Սունեաններուն գերդաստանը,
16Ազենիէ՝ Ազենեաններուն գերդաստանը, Էրիէ՝ Էրեաններուն գերդաստանը,
17Արոդիէ՝ Արոդեաններուն գերդաստանը, Արելիէ՝ Արելեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
18Գադի որդիներուն գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
19Յուդայի որդիները՝ Էր եւ Օնան էին. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։
20Ահա՛ւասիկ Յուդայի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Սելոմէ՝ Սելոմեաններուն գերդաստանը, Փարէսէ՝ Փարէսեաններուն գերդաստանը, Զարայէ՝ Զարայեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
21Ահա՛ւասիկ Փարէսի որդիները. Եսրոնէ՝ Եսրոնեաններուն գերդաստանը, Համուլէ՝ Համուլեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
22Յուդայի գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները եօթանասունվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
23Իսաքարի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Թովղայէ՝ Թովղայեաններուն գերդաստանը, Փուայէ՝ Փուայեաններուն գերդաստանը,
24Յասուբէ՝ Յասուբեաններուն գերդաստանը, Սամրոնէ՝ Սամրոնեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
25Իսաքարի գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները վաթսունչորս հազար երեք հարիւր հոգի էին։
26Զաբուղոնի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Սարեդէ՝ Սարեդեաններուն գերդաստանը, Ելոնէ՝ Ելոնեաններուն գերդաստանը, Յաղէլէ՝ Յաղէլեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
27Զաբուղոնի գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները վաթսուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
28Յովսէփի որդիները Մանասէ ու Եփրեմ էին՝ իրենց գերդաստաններով։
29Մանասէի որդիները. Մաքիրէ՝ Մաքիրեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ, Մաքիր ծնաւ Գաղաադը, ու Գաղաադէ՝ Գաղաադեաններուն գերդաստանը յաոաջ եկաւ։
30Ահա՛ւասիկ Գաղաադի որդիները. Իեզերէ՝ Իեզերեաններուն գերդաստանը, Քեղեգէ՝ Քեղեգեաններուն գերդաստանը,
31Ասրիէլէ՝ Ասրիէլեաններուն գերդաստանը, Սիւքէմէ՝ Սիւքէմեաններուն գերդաստանը,
32Սեմիդայէ՝ Սեմիդայեաններուն գերդաստանը, եւ Ոփերէ՝ Ոփերեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
33Ոփերի որդին՝ Սալպաադ որդիներ չունեցաւ, հապա միայն աղջիկներ։ Սալպաադի աղջիկներուն անունները՝ Մահալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա էին։
34Մանասէի գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները յիսուներկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
35Ահա՛ւասիկ Եփրեմի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Սուտաղայէ՝ Սուտաղայեաններուն գերդաստանը, Բոքորէ՝ Բոքորեաններուն գերդաստանը, Թահանէ՝ Թահանեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
36Ահա՛ւասիկ Սուտաղայի որդիները. 3Էրանէ՝ Էրանեաններուն՝՝ գերդաստանը յառաջ եկաւ։
37Եփրեմի որդիներուն գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները երեսուներկու հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփի որդիները ասոնք են՝ իրենց գերդաստաններով։
38Բենիամինի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Բաղայէ՝ Բաղայեաններուն գերդաստանը, Ասբէլէ՝ Ասբէլեաններուն գերդաստանը, Աքիրամէ՝ Աքիրամեաններուն գերդաստանը,
39Սուփամէ՝ Սուփամեաններուն գերդաստանը, Ոփիմէ՝ Ոփիմեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
40Բաղայի որդիները՝ Արեդ ու Նէեման էին. Արեդէ՝ Արեդեաններուն գերդաստանը, Նէեմանէ՝ Նէեմանեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
41Բենիամինի որդիները ասոնք են՝ իրենց գերդաստաններով. անոնց թուարկուածները քառասունհինգ հազար վեց հարիւր հոգի էին։
42Ահա՛ւասիկ Դանի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Սուհամէ՝ Սուհամեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ. Դանի գերդաստանները ասոնք են՝ իրենց գերդաստաններով։
43Սուհամեաններուն բոլոր գերդաստաններուն թուարկուածները վաթսունչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44Ասերի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Յեմնայէ՝ Յեմնայեաններուն գերդաստանը, Յեսուիէ՝ Յեսուիեաններուն գերդաստանը, Բարիայէ՝ Բարիայեաններուն գերդաստանը։
45Բարիայի որդիներէն Քաբերէ՝ Քաբերեաններուն գերդաստանը, Մեղքիէլէ՝ Մեղքիէլեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
46Իսկ Ասերի աղջիկին անունը Սարա էր։
47Ասերի որդիներուն գերդաստանները ասոնք են. անոնց թուարկուածները յիսուներեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
48Նեփթաղիմի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով. Յասիէլէ՝ Յասիէլեաններուն գերդաստանը,
49Գունիէ՝ Գունեաններուն գերդաստանը, Յասերէ՝ Յասերեաններուն գերդաստանը, Սիլլեմէ՝ Սիլլեմեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
50Նեփթաղիմի գերդաստանները ասոնք են՝ իրենց գերդաստաններով. անոնց թուարկուածները քառասունհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
51Ասոնք էին Իսրայէլի որդիներուն թուարկուածները.— վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի։
52Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
53«Ասո՛նց պիտի բաժնուի այն երկիրը՝ իբր ժառանգութիւն, իրենց անուններուն թիւին համեմատ։
54Բազմաթիւ եղողին՝ շատ ժառանգութիւն տուր, ու փոքրաթիւ եղողին՝ քիչ ժառանգութիւն տուր. իւրաքանչիւրին իր թուարկումին համեմատ ժառանգութիւն պիտի տրուի։
55Սակայն երկիրը վիճակով պիտի բաժնուի, եւ իրենց հայրերուն տոհմերուն անուններուն համեմատ պիտի ժառանգեն։
56Վիճակին համեմատ պիտի բաժնուի իրենց ժառանգութիւնը՝ բազմաթիւ ու փոքրաթիւ եղողներուն միջեւ»։
57Ահա՛ւասիկ Ղեւտացիներուն թուարկուածները՝ իրենց գերդաստաններով. Գերսոնէ՝ Գերսոնեաններուն գերդաստանը, Կահաթէ՝ Կահաթեաններուն գերդաստանը, Մերարիէ՝ Մերարեաններուն գերդաստանը յառաջ եկաւ։
58Ահա՛ւասիկ Ղեւտացիներուն գերդաստանները.— Ղոբենեաններուն գերդաստանը, Քեբրոնեաններուն գերդաստանը, Մոհողեաններուն գերդաստանը, Մուսեաններուն գերդաստանը ու Կորխեաններուն գերդաստանը։
59Կահաթ ծնաւ Ամրամը. Ամրամի կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիի աղջիկը, որուն մայրը զայն Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիի։ Ան Ամրամի ծնաւ Ահարոնը, Մովսէսը, եւ անոնց քոյրը՝ Մարիամը։
60Ահարոնի ծնան՝ Նադաբ, Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար.
61բայց Նադաբ եւ Աբիուդ մեռան, երբ Տէրոջ առջեւ օտար կրակ կը մատուցանէին։
62Ասոնցմէ թուարկուածները, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսաներեք հազար հոգի էին. արդարեւ անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չթուարկուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տրուած չէր։
63Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դիմաց, Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները թուարկող Մովսէսի ու Եղիազար քահանային թուարկածները ասոնք են։
64Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս թուարկուածներէն, որ Մովսէս եւ Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ թուարկեցին։
65Արդարեւ Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ “անշո՛ւշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին”. ուստի անոնցմէ ո՛չ մէկ մարդ մնաց, բացի Յեփոնեան Քաղէբէ ու Նաւեան Յեսուէ։