Numbers 27
Leviticus « Numbers 26 ‹ Numbers 27 › Numbers 28 » Deuteronomy
ՍԱԼՊԱԱԴԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ
1Յովսէփի որդիին Մանասէի գերդաստաններէն՝ Մանասէի որդիին Մաքիրի որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերի որդիին Սալպաադի աղջիկները մօտեցան (ահա՛ւասիկ անոր աղջիկներուն անունները.— Մահալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա),
2Մովսէսի, Եղիազար քահանային, իշխաններուն եւ ամբողջ համայնքին ներկայացան՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը, ու ըսին.
3«Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ. ան Տէրոջ դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ — Կորխի խումբին մէջ — չէր, բայց իր մեղքով մեռաւ եւ որդիներ չունէր։
4Ինչո՞ւ մեր հօր անունը իր գերդաստանին մէջէն ջնջուի, քանի որ որդի չունէր. մեզի կալուա՛ծ տուէք մեր հօր եղբայրներուն մէջ»։
5Մովսէս անոնց դատը Տէրոջ ներկայացուց,
6ու Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
7«Սալպաադի աղջիկները շիտակ խօսեցան. ա՛նպատճառ անոնց ժառանգութեան կալուած տուր իրենց հօր եղբայրներուն մէջ, եւ անոնց հօր ժառանգութիւնը իրե՛նց փոխանցէ։
8Նաեւ խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. “Եթէ մարդ մը մեռնի ու որդի չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջիկի՛ն փոխանցեցէք։
9Եթէ ան աղջիկ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներո՛ւն տուէք։
10Եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօ՛ր եղբայրներուն տուէք։
11Իսկ եթէ իր հայրը եղբայրներ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր գերդաստանին մէջ իր ամենամօ՛տ ազգականին տուէք, եւ անիկա՛ թող տիրանայ անոր։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի կանոն պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց”»։
ՅԵՍՈՒ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ԻԲՐ ՄՈՎՍԷՍԻ ՅԱՋՈՐԴ (Բ. Օր. 31. 1-8)
12Յետոյ Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Բարձրացի՛ր այդ Աբարիմ լեռը ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն կու տամ։
13Զայն տեսնելէդ ետք՝ դո՛ւն ալ քու ժողովուրդիդ մէջ պիտի ամփոփուիս, ինչպէս եղբայրդ Ահարոն ամփոփուեցաւ.
14որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ընդվզեցաք Սինի անապատին մէջ՝ համայնքին վիճաբանութեան ատենը, եւ անոնց առջեւ զիս 1չփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Ասիկա Կադէսի մէջ՝ Մերիպայի ջուրն է, Սինի անապատին մէջ։)
15Մովսէս Տէրոջ խօսեցաւ՝ ըսելով.
16«Տէրը, բոլոր 2մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս համայնքին վրայ մարդ մը թող նշանակէ,
17որպէսզի ան անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ, եւ զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէսզի Տէրոջ համայնքը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։
18Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ա՛ռ քեզի Նաւէի որդին՝ Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ, եւ դի՛ր ձեռքդ անոր վրայ։
19Կայնեցո՛ւր զայն Եղիազար քահանային ու ամբողջ համայնքին առջեւ, պատուէ՛ր տուր անոր՝ անոնց աչքերուն առջեւ,
20եւ դի՛ր քու պատիւէդ անոր վրայ, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը անոր հնազանդի։
21Ան Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կայնի, որ անոր համար Ուրիմին դատավճիռը պիտի հարցնէ Տէրոջ առջեւ։ Անոր հրամանով պիտի ելլեն ու անոր հրամանով պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիներն ու ամբողջ համայնքը»։
22Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր. առաւ Յեսուն, զայն Եղիազար քահանային եւ ամբողջ համայնքին առջեւ կայնեցուց,
23ու իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի 3միջոցով ըսեր էր։