Loading...

Numbers 28

Leviticus  «  Numbers 27  ‹  Numbers 28  ›  Numbers 29  »  Deuteronomy


ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ելք. 29. 38-46)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Ուշադի՛ր եղէք որ իմ մատաղս եւ անուշահոտ պատարագներուս համար ընծայուած հացս՝ սահմանուած ատենին ինծի մատուցանէք”։

3

Անոնց ըսէ՛. “Ահա՛ւասիկ այն պատարագը՝ որ Տէրոջ պիտի մատուցանէք.— ամէն օր մէկ տարեկան երկու անարատ գառ՝ իբր մշտատեւ ողջակէզ։

4

Մէկ գառը առտո՛ւն մատուցանէ, իսկ միւս գառը իրիկուա՛ն դէմ մատուցանէ։

5

Նաեւ արդուի մը մէկ տասներորդ մասը նաշիհով հացի ընծա՛յ մատուցանէ՛, շաղուած քառորդ հիմէն ծեծուած իւղով։

6

Ասիկա Սինա լերան վրայ 1սահմանուած մշտատեւ ողջակէզն է, իբր անուշահոտ պատարագ Տէրոջ։

7

Անոր թափելիք նուէրը քառորդ հիմէն ըլլայ՝ մէկ գառի համար. սո՛ւրբ տեղին մէջ թափէ օղին՝ իբր թափելիք նուէր Տէրոջ։

8

Միւս գառը իրիկուա՛ն դէմ մատուցանէ. զայն մատուցանէ՛ առտուան հացի ընծային պէս եւ անոր թափելիք նուէրին պէս, իբր անուշահոտ պատարագ Տէրոջ”»։


ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆ

9

«Իսկ Շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկո՛ւ անարատ գառ մատուցանէ, ու իւղով շաղուած երկու տասներորդ նաշիհ՝ հացի ընծայի համար, եւ անոր թափելիք նուէրը։

10

Ասիկա ամէն Շաբաթ օրուան ողջակէզն է, մշտատեւ ողջակէզէն ու անոր թափելիք նուէրէն զատ»։


ԱՄՍԱԳԼՈՒԽԻ ԸՆԾԱՆ

11

«Ձեր ամսագլուխներուն՝ իբր ողջակէզ Տէրո՛ջ մատուցանեցէք արջառներէն երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ։

12

Մատուցանեցէ՛ք նաեւ իւղով շաղուած երեք տասներորդ նաշիհ իբր հացի ընծայ՝ մէկ զուարակի համար, իւղով շաղուած երկու տասներորդ նաշիհ իբր հացի ընծայ՝ մէկ խոյի համար,

13

ու իւղով շաղուած մէկ տասներորդ նաշիհ իբր հացի ընծայ՝ մէկ գառի համար. ասիկա ողջակէզ եւ անուշահոտ պատարագ է Տէրոջ։

14

Անոնց թափելիք նուէրները պիտի ըլլան՝ կէս հիմէն գինի մէկ զուարակի համար, մէկ երրորդ հիմէն՝ մէկ խոյի համար, եւ մէկ քառորդ հիմէն՝ մէկ գառի համար։ Ասիկա 2ամէն ամիս՝՝ մատուցուելիք ողջակէզն է՝ տարուան բոլոր ամիսներուն համար։

15

Մշտատեւ ողջակէզէն զատ, մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը՝ իր թափելիք նուէրով միասին՝ թող մատուցանուի Տէրոջ»։


ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐՔԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ղեւ. 23. 5-14)

16

«Առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը Տէրոջ Զատիկն է։

17

Այդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ թող ուտուի։

18

Առաջին օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։

19

Տէրոջ պատարա՛գ ու ողջակէ՛զ մատուցանեցէք՝ արջառներէն երկու զուարակ, մէկ խոյ, ու մէկ տարեկան եօթը գառ. անարա՛տ 3առէք զանոնք։

20

Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած նաշիհ ըլլայ. երե՛ք տասներորդ մատուցանեցէք մէկ զուարակի համար, ու երկո՛ւ տասներորդ՝ մէկ խոյի համար։

21

Մէ՛կ տասներորդ մատուցանեցէք եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար։

22

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ՝ ձեզի քաւութիւն ընելու համար։

23

Ասոնք մատուցանէ՛ք առտուան ողջակէզէն զատ, որ մշտատեւ ողջակէզն է։

24

Այդ եօթը օրերուն՝ ամէ՛ն օր այսպէս անուշահոտ 4պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ. ասիկա պիտի մատուցուի մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր թափելիք նուէրէն զատ։

25

Եօթներորդ օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք»։


ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ղեւ. 23. 15-22)

26

«Երախայրիքի օրը, երբ ձեր Շաբաթներու տօնին մէջ Տէրոջ նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։

27

Տէրոջ անուշահոտ ողջակէզի համար՝ արջառներէն երկո՛ւ զուարակ, մէ՛կ խոյ, ու մէկ տարեկան եօ՛թը գառ մատուցանեցէք։

28

Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած նաշիհ ըլլայ.— երեք տասներորդ՝ մէկ զուարակի համար, երկու տասներորդ՝ մէկ խոյի համար,

29

մէկ տասներորդ՝ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար։

30

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք՝ ձեզի քաւութիւն ընելու համար։

31

Ասոնք՝ իրենց թափելիք նուէրներով՝ մատուցանեցէ՛ք մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն զատ. անարա՛տ 5առէք զանոնք»։



1 Կամ՝ ընծայուած, կամ՝ կատարուած
2 Եբր.՝ ամիսէ ամիս
3 Եբր.՝ ունեցէք
4 Եբր.՝ պատարագի հաց
5 Եբր.՝ ունեցէք