Loading...

Numbers 29

Leviticus  «  Numbers 28  ‹  Numbers 29  ›  Numbers 30  »  Deuteronomy


ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ղեւ. 23. 23-25)

1

«Եօթներորդ ամիսը, ամսուան առաջին օրը, սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։ 1Փող հնչեցնելու՝՝ օր ըլլայ ձեզի։

2

Տէրոջ անուշահոտ ողջակէզի համար՝ արջառներէն մէ՛կ զուարակ, մէ՛կ խոյ ու մէկ տարեկան եօ՛թը անարատ գառ մատուցանեցէք։

3

Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած նաշիհ ըլլայ.— երեք տասներորդ՝ մէկ զուարակի համար, երկու տասներորդ՝ մէկ խոյի համար,

4

եւ մէկ տասներորդ՝ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար։

5

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ՝ ձեզի քաւութիւն ընելու համար,

6

ամսագլուխի ողջակէզն ու անոր հացի ընծան, նաեւ մշտատեւ ողջակէզն ու անոր հացի ընծան, եւ ասոնց թափելիք նուէրները իրենց կանոնին համաձայն մատուցանելէն զատ՝ իբր անուշահոտ պատարագ Տէրոջ»։


ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ղեւ. 23. 26-32)

7

«Այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք ու ձեր անձե՛րը 2խոնարհեցուցէք. ո՛չ մէկ գործ ըրէք։

8

Տէրոջ անուշահոտ ողջակէզի համար՝ արջառներէն մէ՛կ զուարակ, մէ՛կ խոյ եւ մէկ տարեկան եօ՛թը գառ մատուցանեցէք. անարա՛տ 3առէք զանոնք։

9

Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած նաշիհ ըլլայ.— երեք տասներորդ՝ մէկ զուարակի համար, երկու տասներորդ՝ մէկ խոյի համար,

10

ու մէկ տասներորդ՝ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար։

11

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, Քաւութեան օրը մատուցանուած մեղքի պատարագէն, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն, ու ասոնց թափելիք նուէրներէն զատ»։


ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ղեւ. 23. 33-44)

12

«Եօթներորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։ Եօ՛թը օր Տէրոջ տօն կատարեցէք։

13

Տէրոջ ողջակէզի եւ անուշահոտ պատարագի համար՝ արջառներէն տասներե՛ք զուարակ, երկո՛ւ խոյ ու մէկ տարեկան տասնչո՛րս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ թող ըլլան։

14

Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած նաշիհ ըլլայ.— երեք տասներորդ՝ տասներեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար, երկու տասներորդ՝ երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար,

15

ու մէկ տասներորդ՝ տասնչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար։

16

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն, անոր հացի ընծայէն եւ թափելիք նուէրէն զատ։

17

Երկրորդ օրը արջառներէն տասներկո՛ւ զուարակ, երկո՛ւ խոյ ու մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

18

Անոնց հացի ընծան եւ թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

19

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրներէն զատ։

20

Երրորդ օրը տասնմէ՛կ զուարակ, երկո՛ւ խոյ եւ մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

21

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն եւ գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

22

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրէն զատ։

23

Չորրորդ օրը տա՛սը զուարակ, երկո՛ւ խոյ եւ մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

24

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն եւ գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

25

Նաեւ այծերէն մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրէն զատ։

26

Հինգերորդ օրը ի՛նը զուարակ, երկո՛ւ խոյ եւ մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

27

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն եւ գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

28

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրէն զատ։

29

Վեցերորդ օրը ո՛ւթը զուարակ, երկո՛ւ խոյ եւ մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

30

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն եւ գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

31

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրներէն զատ։

32

Եօթներորդ օրը եօ՛թը զուարակ, երկո՛ւ խոյ եւ մէկ տարեկան տասնչո՛րս անարատ գառ մատուցանեցէք։

33

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակներուն, խոյերուն եւ գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

34

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրէն զատ։

35

Ութերորդ օրը տօնախմբութիւն պիտի ըլլայ. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։

36

Տէրոջ ողջակէզի եւ անուշահոտ պատարագի համար՝ մէ՛կ զուարակ, մէ՛կ խոյ ու մէկ տարեկան եօ՛թը անարատ գառ մատուցանեցէք։

37

Անոնց հացի ընծան ու թափելիք նուէրները՝ զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ ըլլան՝ կանոնին համաձայն։

38

Նաեւ մէ՛կ նոխազ մատուցանեցէք իբր մեղքի պատարագ, մշտատեւ ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու թափելիք նուէրէն զատ։

39

Ձեր հանդիսաւոր տօներուն մէջ ասո՛նք մատուցանեցէք Տէրոջ, ձեր ուխտերուն եւ յօժարակամ ընծաներուն վերաբերեալ ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, թափելիք նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։

40

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն հաղորդեց ամէն ինչ որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։



1 Եբր.՝ Գոչիւնի
2 Եբր.՝ տառապեցուցէք
3 Եբր.՝ ունեցէք