Numbers 30
Leviticus « Numbers 29 ‹ Numbers 30 › Numbers 31 » Deuteronomy
ՈՒԽՏԵՐՈՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն 1տոհմապետներուն խօսեցաւ՝ ըսելով.
2«Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց. եթէ մարդ մը Տէրոջ ուխտ ընէ, կամ երդում ընելով 2պարտաւորութիւն մը ստանձնէ՝՝, իր խօսքը թող չդրժէ. իր բերանէն ելած ամէն խոստում թող գործադրէ։
3Եթէ կին մը Տէրոջ ուխտ ընէ եւ պարտաւորութիւն մը ստանձնէ իր երիտասարդութեան ատեն՝ իր հօր տան մէջ,
4ու անոր հայրը լսէ անոր ուխտը եւ անոր ստանձնած պարտաւորութիւնը, բայց անոր հայրը լռէ անոր հանդէպ, անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին. նաեւ անոր ստանձնած ամէն պարտաւորութիւն պիտի հաստատուի։
5Իսկ եթէ անոր հայրը մերժէ անոր ուխտը՝ իր լսած օրը, անոր ուխտերէն եւ անոր ստանձնած պարտաւորութիւններէն ո՛չ մէկը պիտի հաստատուի, ու Տէրը անոր պիտի ներէ, քանի որ անոր հայրը մերժած է անոր ուխտը։
6Եթէ ամուսին ունի՝ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքէն 3ստանձնումի անխոհեմ խօսք մը ելած ատեն,
7ու անոր ամուսինը լսէ եւ անոր հանդէպ լռէ իր լսած օրը, անոր ուխտերը պիտի հաստատուին. նաեւ անոր ստանձնած պարտաւորութիւնները պիտի հաստատուին։
8Բայց եթէ անոր ամուսինը մերժէ անոր ուխտը՝ իր լսած օրը, անոր ըրած ուխտն ու շրթունքէն ելած ստանձնումի անխոհեմ խօսքը պիտի խզէ, եւ Տէրը անոր պիտի ներէ։
9Բայց այրիի մը կամ վռնտուած կնոջ մը ուխտը — ստանձնուած որեւէ պարտաւորութիւն — պիտի հաստատուի իրեն համար։
10Եթէ ան իր ամուսինին տան մէջ ուխտ ըրած է, կամ երդումով պարտաւորութիւն մը ստանձնած է,
11եւ անոր ամուսինը՝ լսած ըլլալով՝ անոր հանդէպ լռած է ու մերժած չէ անոր ուխտը, անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին. նաեւ անոր ստանձնած ամէն պարտաւորութիւն պիտի հաստատուի։
12Բայց եթէ անոր ամուսինը զանոնք խզած է իր լսած օրը, ուխտ ընելու կամ ստանձնումի համար անոր շրթունքէն ելած ոչինչ պիտի հաստատուի, քանի որ անոր ամուսինը զանոնք խզած է, ու Տէրը անոր պիտի ներէ։
13Անոր ամուսինը կրնայ հաստատել կամ անոր ամուսինը կրնայ խզել ամէն ուխտ եւ ինքզինք 4խոնարհեցնելու համար ստանձնուած ամէն երդում։
14Եթէ անոր ամուսինը անոր հանդէպ լռէ օրէ օր, հաստատած կ’ըլլայ անոր բոլոր ուխտերն ու անոր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները. զանոնք հաստատած կ’ըլլայ, քանի որ անոր հանդէպ լռած է իր լսած օրը։
15Բայց եթէ իր լսած օրէն ետք որեւէ կերպով զանոնք խզէ, ի՛նք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։
16Մարդու մը եւ անոր կնոջ միջեւ, ու հօր մը եւ երիտասարդութեան ատեն իր հօր տունը բնակող աղջիկին միջեւ պահուելիք կանոնները ասո՛նք են, որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեց։