Loading...

Numbers 31

Leviticus  «  Numbers 30  ‹  Numbers 31  ›  Numbers 32  »  Deuteronomy


ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԵՐԱԶՄ՝ ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

1

Տէրը Մովսէսի խօսեցաւ՝ ըսելով.

2

«Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէ՛ժը առ. ապա քու ժողովուրդիդ մէջ պիտի ամփոփուիս»։

3

Մովսէս ալ ժողովուրդին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ձեզմէ մարդիկ թող զինուին զինուորութեան համար, ու Մադիամի դէմ 1երթան, որ Մադիամէն Տէրոջ վրէժը առնեն։

4

Ամէն տոհմէ հազա՛ր մարդ զինուորութեան ղրկեցէք, Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն»։

5

Ուստի Իսրայէլի հազարաւորներէն՝ իւրաքանչիւր տոհմէն հազար մարդ ընտրուեցաւ, այսինքն տասներկու հազար մարդ՝ 2պատերազմի համար զինուած։

6

Մովսէս զինուորութեան ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր տոհմէն հազար մարդ. ու անոնց հետ 3պատերազմի ղրկեց Եղիազար քահանային որդին՝ Փենեհէսը, որուն ձեռքն էին սուրբ առարկաներն ու մեծագոչ փողերը։

7

Մադիանացիներուն դէմ 4պատերազմի գացին, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, եւ անոնց բոլոր արուները մեռցուցին։

8

Անոնց սպաննուածներէն զատ՝ Մադիամի թագաւորներն ալ մեռցուցին, այսինքն՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռոբէն — Մադիամի հինգ թագաւորները։ Բէովրի որդին՝ Բաղաամն ալ սուրով մեռցուցին։

9

Իսրայէլի որդիները Մադիամի կիներն ու անոնց մանուկները գերեվարեցին, եւ անոնց բոլոր անասունները, ամբողջ խաշինքն ու ամբողջ գոյքերը կողոպտեցին։

10

Անոնց բնակած բոլոր քաղաքները եւ բոլոր գիւղակները կրակով այրեցին։

11

Ամբողջ աւարն ու ամբողջ թալանը յափշտակեցին՝ մարդէ մինչեւ անասուն,

12

ու գերիները, թալանը եւ աւարը բերին Մովսէսի, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն համայնքին, բանակավայրը՝ որ Երիքովի դիմաց, Յորդանանի մօտ, Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։


ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

13

Մովսէս, Եղիազար քահանան ու համայնքին բոլոր իշխանները բանակավայրէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։

14

Մովսէս զայրացաւ 5պատերազմէն վերադարձող զօրագունդերու վերատեսուչներուն՝ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն դէմ,

15

եւ ըսաւ անոնց. «Միթէ բոլոր 6կիները ո՞ղջ պահեցիք։

16

Ահա՛ Բաղաամի 7խրատով ատո՛նք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց ըլլան Փէովրի արարքին մէջ, եւ Տէրոջ համայնքին վրայ այն պատուհասը եղաւ։

17

Ուստի հիմա մեռցուցէ՛ք մանուկներէն ամէ՛ն արու. նաեւ մեռցուցէ՛ք ամէն կին՝ որ 8այր մարդու՝՝ անկողին գիտցած է։

18

Սակայն ձեզի համար ո՛ղջ պահեցէք այն բոլոր մանկահասակ կիները, որ այր մարդու անկողին գիտցած չեն։

19

Իսկ դուք եօթը օր բանակավայրէն դո՛ւրս մնացէք. ո՛վ որ անձ մը մեռցուցեր է եւ ո՛վ որ սպաննուածի մը դպեր է, երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող 9մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։

20

Մաքրեցէ՛ք ամէն հագուստ, ամէն մորթէ առարկայ, ամէն այծի մազէ բանուածք, ու ամէն փայտէ անօթ»։

21

Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զինուորներուն ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ օրէնքին կանոնը, որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեց.—

22

միա՛յն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը

23

— ամէն բան որ կրնայ կրակի 10դիմանալ — կրակէ՛ անցուցէք, որ մաքրուած ըլլայ. սակայն 11մաքրութեա՛ն ջուրով ալ մաքրեցէք։ Կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ՛ անցուցէք,

24

ու եօթներորդ օրը ձեր հագուստնե՛րը լուացէք, որ մաքրուած ըլլաք. յե՛տոյ բանակավայրին մէջ մտէք»։


ԱՒԱՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

25

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

26

«Եղիազար քահանային ու համայնքին նահապետներուն հետ՝ առնուած թալանին գումա՛րը առ, մարդէ մինչեւ անասուն։

27

Այս թալանը երկո՛ւ մասի բաժնէ՝ զինուորութեան 12գացող 13պատերազմողներուն եւ ամբողջ համայնքին միջեւ։

28

Զինուորութեան գացող պատերազմիկներէն Տէրոջ հա՛րկը հաւաքէ — հինգ հարիւրէն 14մէկը — թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ ոչխարներէն.

29

այս հարկը անոնց ստացած կէսէն ա՛ռ ու Եղիազար քահանայի՛ն տուր՝ իբր Տէրոջ բարձրացնելիք ընծայ։

30

Իսկ Իսրայէլի որդիներուն ստացած կէսէն՝ յիսունէն մէ՛կ մասը առ, թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն, եւ թէ ամէն տեսակ անասունէ, ու զանոնք Տէրոջ խորանին 15պաշտօնը կատարող՝՝ Ղեւտացիներո՛ւն տուր»։

31

Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջ Մովսէսի պատուիրածին համաձայն ըրին։

32

Թալանը, այսինքն զինուորներուն գրաւած կողոպուտին 16գումարը, սա՛ էր.— վեց հարիւր եօթանասունհինգ հազար ոչխար,

33

եօթանասուներկու հազար արջառ,

34

եւ վաթսունմէկ հազար էշ.

35

իսկ այր մարդու անկողին չգիտցող կիները՝ բոլորը երեսուներկու հազար 17անձ էին։

36

Զինուորութեան գացողներուն բաժինը — ստացած կէսը — սա՛ եղաւ.— թիւով երեք հարիւր երեսունեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար

37

— ոչխարներէն Տէրոջ հարկը վեց հարիւր եօթանասունհինգ եղաւ —,

38

երեսունվեց հազար արջառ — որոնցմէ Տէրոջ հարկը եօթանասուներկու եղաւ —,

39

երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ — որոնցմէ Տէրոջ հարկը վաթսունմէկ եղաւ —,

40

եւ տասնվեց հազար անձ — որոնցմէ Տէրոջ հարկը երեսուներկու անձ եղաւ։

41

Մովսէս Տէրոջ բարձրացնելիք ընծային հարկը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

42

Իսրայէլի որդիներուն ստացած կէսէն ալ, որ Մովսէս զինուորներուն բաժինէն զատեր էր,

43

(համայնքին կէս մասը երեք հարիւր երեսունեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար,

44

երեսունվեց հազար արջառ,

45

երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ

46

ու տասնվեց հազար անձ էր,)

47

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն այս կէսէն՝ թէ՛ մարդէն, թէ՛ անասունէն՝ յիսունէն մէկ մասը առաւ եւ Տէրոջ խորանին 18պաշտօնը կատարող՝՝ Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

48

Զօրքին հազարաւորներուն վերատեսուչները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսի մօտեցան

49

եւ Մովսէսի ըսին. «Քու ծառաներդ՝ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմիկներուն գումարը առինք, ու մեզմէ ո՛չ մէկ մարդ կը պակսի։

50

Ուստի Տէրոջ մատաղ կը մատուցանենք իւրաքանչիւրս՝ ինչ որ գտանք — ոսկիէ իրեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատանիներ, գինդեր եւ 19մանեակներ —, մեր անձերուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջ առջեւ»։

51

Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին. բոլորն ալ բանուած իրեր էին։

52

Հազարապետներէն եւ հարիւրապետներէն Տէրոջ մատուցանուած բարձրացնելիք ընծային ամբողջ ոսկին՝ տասնվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։

53

(Զինուորներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար կողոպուտ առեր էր։)

54

Մովսէս ու Եղիազար քահանան՝ հազարապետներէն եւ հարիւրապետներէն ոսկին առին ու Հանդիպումի վրանը բերին, որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը Տէրոջ առջեւ։



1 Եբր.՝ ըլլան
2 Եբր.՝ զինուորութեան
3 Եբր.՝ զինուորութեան
4 Եբր.՝ զինուորութեան
5 Եբր.՝ զինուորութենէն
6 Եբր.՝ էգերը
7 Եբր.՝ խօսքով
8 Եբր.՝ արուի
9 Եբր.՝ մեղքէ մաքրուի
10 Եբր.՝ մէջ մտնել
11 Եբր.՝ կեղտոտութեա՛ն
12 Եբր.՝ դուրս ելլող
13 Եբր.՝ պատերազմը բռնողներուն
14 Եբր.՝ մէկ անձ
15 Եբր.՝ պահպանութիւնը ընող
16 Կամ՝ մնացորդը, եւ կամ՝ բազմութիւնը
17 Եբր.՝ մարդկային անձ
18 Եբր.՝ պահպանութիւնը ընող
19 Կամ՝ լանջագեղ կամարներ