Numbers 32
Leviticus « Numbers 31 ‹ Numbers 32 › Numbers 33 » Deuteronomy
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՏՈՀՄԵՐԸ (Բ. Օր. 3. 12-22)
1Գադի որդիները եւ Ռուբէնի որդիները յոյժ շատ խաշինք ունէին. տեսան Յազերի երկիրն ու Գաղաադի երկիրը, եւ ահա՛ այդ տեղը խաշինք պահելու յարմար տեղ մըն էր։
2Ուստի Գադի որդիներն ու Ռուբէնի որդիները գացին եւ Մովսէսի, Եղիազար քահանային ու համայնքի իշխաններուն ըսին.
3«Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեբոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ եւ Բէան,
4այսինքն Տէրոջ Իսրայէլի համայնքին առջեւ զարկած երկիրը, խաշինք պահելու յարմար երկիր մըն է, ու քու ծառաներդ խաշինք ունին»։
5Ուստի ըսին. «Եթէ մենք 1առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ թող տրուի իբր կալուած. մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։
6Մովսէս Գադի որդիներուն եւ Ռուբէնի որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան, իսկ դուք հո՞ս կենաք։
7Ինչո՞ւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը կը բեկանէք, որ չանցնին այն երկիրը՝ որ Տէրը անոնց տուած է։
8Ձեր հայրերը ա՛յսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-Բառնեայէն ղրկեցի՝ երկիրը տեսնելու համար։
9Արդարեւ անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը բարձրացան ու երկիրը տեսան, եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը բեկանեցին, որպէսզի չմտնեն այն երկիրը՝ որ Տէրը անոնց տուեր էր։
10Նոյն օրը Տէրոջ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ըրաւ՝ ըսելով.
11“Եգիպտոսէն բարձրացած մարդիկը — քսան տարեկանէն վեր եղողները — բնա՛ւ պիտի չտեսնեն այն 2երկիրը, որ երդումով խոստացայ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի. քանի որ լման չհետեւեցան ինծի,
12բացի Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն՝ Քաղէբէ, ու Նաւէի որդիէն՝ Յեսուէ, որոնք լման հետեւեցան Տէրոջ”։
13Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ, ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ թափառեցուց, մինչեւ որ Տէրոջ առջեւ չարիք գործող ամբողջ սերունդը սպառեցաւ։
14Եւ ահա՛ դուք, մեղաւոր մարդոց շառաւիղներ, ձեր հայրերուն տեղը կանգնած էք, որպէսզի Իսրայէլի դէմ Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը դարձեալ աւելցնէք։
15Արդարեւ եթէ դուք անկէ հեռանաք, ան ալ դարձեալ այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ, ու դուք այս ամբողջ ժողովուրդը պիտի բնաջնջէք»։
16Անոնք մօտեցան անոր եւ ըսին. «Մենք հոս փարախներ պիտի կառուցանենք մեր խաշինքին համար, ու քաղաքներ՝ մեր մանուկներուն համար։
17Բայց մենք արտորալով պիտի զինուինք եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթանք, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղը տանինք. իսկ մեր մանուկները պարսպապատ քաղաքներուն մէջ պիտի մնան՝ երկրին բնակիչներուն 3պատճառով։
18Մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չվերադառնանք.
19արդարեւ մենք անոնց հետ պիտի չժառանգենք Յորդանանի միւս կողմը, աւելի անդին, որովհետեւ մեր ժառանգութիւնը մեզի 4տրուած է Յորդանանի ա՛յս կողմը, դէպի արեւելք»։
20Մովսէս անոնց ըսաւ. «Եթէ սա՛ բանը ընէք, եթէ Տէրոջ առջեւ զինուիք պատերազմի համար,
21ու բոլորդ զինուած՝ Յորդանանէն անցնիք Տէրոջ առջեւ, մինչեւ որ ան իր թշնամիները իր առջեւէն վտարէ
22եւ այն երկիրը Տէրոջ առջեւ նուաճուի, ու յետոյ վերադառնաք, Տէրոջ առջեւ եւ Իսրայէլի առջեւ անմեղ պիտի ըլլաք ու այս երկիրը Տէրոջ առջեւ ձեր կալուածը պիտի ըլլայ։
23Բայց եթէ այսպէս չընէք, ահա՛ Տէրոջ դէմ մեղանչած կ’ըլլաք, եւ գիտցէ՛ք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։
24Ձեր մանուկներուն համար քաղաքներ կառուցանեցէ՛ք, ու ձեր ոչխարներուն համար՝ փարախներ. բայց ձեր բերանէն ելած խոստումը գործադրեցէ՛ք»։
25Գադի որդիները եւ Ռուբէնի որդիները խօսեցան Մովսէսի՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջ պատուիրածին համաձայն պիտի ընենք։
26Մեր մանուկները, մեր կիները, մեր խաշինքն ու մեր բոլոր անասունները հո՛ս՝ Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող 5մնան։
27Բայց ծառաներդ՝ մեր տիրոջ ըսածին համաձայն, բոլորս ալ՝ զինուորութեան համար զինուած՝ Տէրոջ առջեւ պիտի անցնինք պատերազմի համար»։
28Հետեւաբար Մովսէս անոնց մասին պատուէր տուաւ Եղիազար քահանային, Նաւէի որդիին՝ Յեսուի, եւ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերու նահապետներուն.
29Մովսէս անոնց ըսաւ. «Եթէ Գադի որդիներն ու Ռուբէնի որդիները՝ բոլորն ալ պատերազմի համար զինուած՝ Տէրոջ առջեւ Յորդանանէն անցնին ձեզի հետ, եւ այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, Գաղաադի երկիրը անո՛նց տուէք իբր կալուած։
30Բայց եթէ զինուած չանցնին ձեզի հետ, Քանանի երկրին մէջ պիտի ստանան իրենց կալուածը՝ ձեզի հետ»։
31Գադի որդիներն ու Ռուբէնի որդիները պատասխանեցին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց, ա՛յնպէս պիտի ընենք։
32Մենք՝ զինուած՝ Քանանի երկիրը պիտի անցնինք Տէրոջ առջեւ, որպէսզի մեր ժառանգութեան կալուածը Յորդանանի ա՛յս կողմը ըլլայ»։
33Ուստի Մովսէս անոնց — այսինքն՝ Գադի որդիներուն, Ռուբէնի որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէի կէս տոհմին — տուաւ Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը՝ իր քաղաքներով ու երկրին քաղաքներուն շրջակայ հողամասերով։
34Գադի որդիները կառուցանեցին Դեբոնը, Ատարովթը, Արոէրը,
35Ատրոթ-Սովփանը, Յազերը, Յոգբեհան,
36Բեթնամրան ու Բեթարանը — պարսպապատ քաղաքներ —, նաեւ ոչխարներու փարախներ։
37Ռուբէնի որդիները կառուցանեցին Եսեբոնը, Եղէաղէն, Կարիաթեմը,
38Նաբաւը եւ Բահաղ-Մէոնը — որոնց անունները փոխուեցան —, նաեւ Սեբաման, ու իրենց կառուցանած քաղաքները իրենց 6անուններով կոչեցին։
39Մանասեան Մաքիրի որդիները Գաղաադ գացին, զայն գրաւեցին, եւ անոր մէջ բնակող Ամորհացիները վտարեցին։
40Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրի, եւ ան հոն բնակեցաւ։
41Մանասեան Յայիր գնաց, անոնց գիւղաքաղաքները գրաւեց, ու զանոնք 7Հաւոթ-Յայիր՝՝ կոչեց։
42Իսկ Նոբահ գնաց, Կանաթը եւ անոր գիւղերը գրաւեց, ու զայն Նոբահ կոչեց՝ իր անունով։