Loading...

Numbers 34

Leviticus  «  Numbers 33  ‹  Numbers 34  ›  Numbers 35  »  Deuteronomy


ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Իսրայէլի որդիներուն պատուիրէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. “Երբ Քանանի երկիրը մտնէք, (ահա՛ւասիկ այն երկիրը՝ որ պիտի 1տրուի ձեզի իբր ժառանգութիւն, այսինքն Քանանի երկիրը՝ իր սահմաններով,)

3

ձեր հարաւային 2սահմանը՝ Սինի անապատէն մինչեւ Եդովմի եզերքը պիտի ըլլայ։ Արեւելքէն՝ ձեր հարաւային սահմանը Աղի ծովուն ծայրէն պիտի 3սկսի.

4

յետոյ ձեր սահմանը Ակրաբիմի զառիվերին հարաւային կողմը պիտի դառնայ, Սինէն պիտի անցնի, եւ Կադէս-Բառնեայի հարաւային կողմը յանգի. ապա Ասար-Ադդարէն ելլելով Ասեմոնէն պիտի անցնի,

5

ու սահմանը Ասեմոնէն մինչեւ Եգիպտոսի վտակը պիտի դառնայ եւ ծովը յանգի։

6

Արեւմտեան սահմանին համար՝ 4Մեծ ծովը՝՝ պիտի ունենաք իբր սահման. ա՛յս պիտի ըլլայ ձեր արեւմտեան սահմանը։

7

Ահա՛ւասիկ ձեր հիւսիսային սահմանը.— Մեծ ծովէն մինչեւ Հովր լեռը նշանակեցէ՛ք ձեզի.

8

Հովր լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը նշանակեցէ՛ք, ու սահմանը Սեդադ պիտի յանգի։

9

Ապա սահմանը Զեփրոնէն պիտի ելլէ եւ Ասար-Ենան յանգի. ա՛յս պիտի ըլլայ ձեր հիւսիսային սահմանը։

10

Ձեր արեւելեան սահմանին համար՝ Ասար-Ենանէն մինչեւ Սեփամ նշանակեցէ՛ք։

11

Այս սահմանը Սեփամէն Ռեբղա պիտի իջնէ, Այինի արեւելեան կողմը. յետոյ սահմանը պիտի իջնէ ու Քեներէթի ծովուն 5եզերքին դպչի՝՝, արեւելեան կողմը։

12

Ապա սահմանը Յորդանան պիտի իջնէ եւ Աղի ծովը յանգի։ Ա՛յս պիտի ըլլայ ձեր երկիրը՝ իր շրջակայ սահմաններով”»։

13

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց. «Ա՛յս է այն երկիրը, որ դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը պատուիրեց որ ինը տոհմերուն ու կէս տոհմին տրուի.

14

արդարեւ Ռուբէնի որդիներուն տոհմը՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, Գադի որդիներուն տոհմը՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, եւ Մանասէի կէս տոհմը իրենց ժառանգութիւնը ստացան։

15

Այս երկու տոհմերն ու կէս տոհմը իրենց ժառանգութիւնը ստացան Յորդանանի այս կողմը, Երիքովի դիմաց, դէպի արեւելք»։


ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

16

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

17

«Ահա՛ւասիկ այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ձեզի ժառանգել պիտի տան.— Եղիազար քահանան, Նաւէի որդին՝ Յեսու,

18

եւ ամէն տոհմէ ալ իշխա՛ն մը առէք՝ որպէսզի երկիրը ժառանգել տան։

19

Ահա՛ւասիկ այդ մարդոց անունները.— Յուդայի տոհմէն Յեփոնէի որդին՝ Քաղէբ,

20

Շմաւոնի որդիներուն տոհմէն Ամիուդի որդին՝ Սամուէլ,

21

Բենիամինի տոհմէն Քասղոնի որդին՝ Ելդադ,

22

Դանի որդիներուն տոհմէն Եգղիի որդին՝ Բոկկի իշխանը,

23

Յովսէփի որդիներէն՝ Մանասէի որդիներուն տոհմէն Եփոտի որդին՝ Անիէլ իշխանը,

24

ու Եփրեմի որդիներուն տոհմէն Սափաթանի որդին՝ Կամուէլ իշխանը,

25

Զաբուղոնի որդիներուն տոհմէն Փառնակի որդին՝ Եղիսափան իշխանը,

26

Իսաքարի որդիներուն տոհմէն Ազանի որդին՝ Փաղտիէլ իշխանը,

27

Ասերի որդիներուն տոհմէն Սելոմիի որդին՝ Աքիուդ իշխանը,

28

ու Նեփթաղիմի որդիներուն տոհմէն Ամիուդի որդին՝ Փադայէլ իշխանը։

29

Ասո՛նք են այն մարդիկը, որոնց Տէրը պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը տալու՝ Քանանի երկրին մէջ»։



1 Եբր.՝ իյնայ
2 Եբր.՝ կողմը
3 Եբր.՝ ըլլայ
4 Այսինքն՝ Միջերկրականը
5 Եբր.՝ ուսին զարնուի