Loading...

Numbers 35

Leviticus  «  Numbers 34  ‹  Numbers 35  ›  Numbers 36  »  Deuteronomy


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

1

Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դիմաց, Յորդանանի մօտ, խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեան կալուածէն քաղաքներ տան Ղեւտացիներուն՝ անոնց մէջ բնակելու համար. նաեւ քաղաքներուն շրջակայ արուարձաննե՛րը տուէք Ղեւտացիներուն։

3

Քաղաքները պիտի ունենան՝ անոնց մէջ բնակելու համար, իսկ անոնց արուարձանները՝ իրենց անասուններուն, ինչքին եւ բոլոր կենդանիներուն համար պիտի ըլլան։

4

Քաղաքներուն արուարձանները՝ որ Ղեւտացիներուն պիտի տաք, քաղաքին պարիսպէն դէպի դուրս՝ բոլորաձեւ հազար կանգուն ընդարձակութիւն թող ունենան։

5

Ուստի քաղաքին դուրսը՝ արեւելեան կողմէն չափեցէ՛ք երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, ու հիւսիսային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, քաղաքը մէջտեղը ըլլալով. այսպէս պիտի ըլլան իրենց քաղաքներուն արուարձանները։

6

Ղեւտացիներուն ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ապաստանի քաղաք թող ըլլան. զանոնք 1որոշեցէ՛ք, որպէսզի 2մարդասպանը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ՝ քառասուներկո՛ւ քաղաք ալ տուէք։

7

Ղեւտացիներուն ձեր տալիք բոլոր քաղաքները՝ քառասունութ քաղաք պիտի ըլլան. զանոնք իրենց արուարձաններո՛վ պիտի տաք։

8

Եւ այն քաղաքներուն համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն կալուածէն պիտի տաք, բազմաթիւ եղողէն շա՛տ առէք, փոքրաթիւ եղողէն քի՛չ առէք։ Իւրաքանչիւրը իր քաղաքներէն թող տայ Ղեւտացիներուն՝ իր ստացած ժառանգութեան համեմատ»։


ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ (Բ. Օր. 19. 1-13։ Յես. 20. 1-9)

9

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

10

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցնիք,

11

դուք ձեզի 3քաղաքնե՛ր որոշեցէք՝՝, որ ձեզի ապաստանի քաղաքներ ըլլան, ու հո՛ն փախչի այն մարդասպանը՝ որ սխալմամբ անձ մը 4սպաններ է։

12

Անոնք ձեզի ապաստանի քաղաքներ թող ըլլան արիւնի վրէժխնդիրէն, որպէսզի մարդասպանը չմեռնի՝ դատաստանի համար համայնքին ներկայանալէ առաջ։

13

Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։

14

Երեք քաղաք Յորդանանի ա՛յս կողմը տուէք, ու երեք քաղաք Քանանի՛ երկրին մէջ տուէք. անոնք ապաստանի քաղաքներ պիտի ըլլան։

15

Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն, գաղթականին եւ ձեր մէջ բնակող հիւրին ապաստանարան պիտի ըլլան, որպէսզի ո՛վ որ սխալմամբ անձ մը 5սպաննէ՝ հոն փախչի։

16

Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ առարկայով մը զարնէ 6մէկուն եւ մեռցնէ զայն, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

17

Կամ եթէ ձեռքը բռնած մահառիթ քարով մը զարնէ մէկուն ու մեռցնէ զայն, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

18

Կամ եթէ ձեռքը բռնած փայտէ մահառիթ առարկայով մը զարնէ մէկուն եւ ան մեռնի, անիկա մարդասպան է. մարդասպանը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

19

Արիւնի վրէժխնդի՛րը պիտի մեռցնէ մարդասպանը. երբ անոր հանդիպի, ի՛նք պիտի մեռցնէ զայն։

20

Կամ եթէ ատելութեամբ հրէ մէկը, կանխամտածումով վրան բան մը նետէ ու մեռցնէ զայն,

21

եւ կամ թշնամութեամբ իր ձեռքով զարնէ անոր ու մեռցնէ զայն, զարնողը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. անիկա մարդասպան է։ Արիւնի վրէժխնդի՛րը պիտի մեռցնէ մարդասպանը, երբ անոր հանդիպի։

22

Բայց եթէ յանկարծ հրէ մէկը՝ առանց թշնամութեան, կամ թէ անոր վրայ որեւէ առարկայ նետէ՝ առանց կանխամտածումի,

23

կամ թէ՝ առանց տեսնելու՝ անոր վրայ որեւէ մահառիթ քար ձգէ եւ զայն մեռցնէ, թէպէտ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր 7ուզեր,

24

համայնքը 8մարդասպանին եւ արիւնի վրէժխնդիրին միջեւ սա՛ կանոններուն համաձայն պիտի դատէ.—

25

համայնքը արիւնի վրէժխնդիրին ձեռքէն պիտի ազատէ մարդասպանը, ու համայնքը զինք պիտի վերադարձնէ իր ապաստանի քաղաքը՝ ուր փախած էր։ Ինք հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։

26

Բայց եթէ երբեք մարդասպանը դուրս ելլէ իր ապաստանի քաղաքին հողամասէն՝ ուր փախած էր,

27

եւ արիւնի վրէժխնդիրը զինք իր ապաստանի քաղաքին հողամասէն դուրս գտնէ ու արիւնի վրէժխնդիրը մարդասպանը մեռցնէ, արիւնի պարտական պիտի չսեպուի.

28

որովհետեւ անիկա իր ապաստանի քաղաքը կենալու էր՝ մինչեւ քահանայապետին մահը. բայց քահանայապետին մահէն ետք՝ մարդասպանը իր կալուածին երկիրը թող վերադառնայ։

29

Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ պիտի ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։

30

Ո՛վ որ անձ մը 9սպաննէ, մարդասպանը վկաներու 10խօսքով պիտի մեռցուի. բայց անձ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ վկայ թող 11չվկայէ։

31

Մահապարտ մարդասպանին 12կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք, հապա ան անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

32

Իր ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէսզի ան իր քաղաքը վերադառնայ ու բնակի քահանային մահէն առաջ։

33

Ձեր 13բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանի որ արիւնը կը պղծէ երկիրը. իր մէջ թափուած արիւնին համար՝ երկրի մը ուրիշ բանով քաւութիւն չ’ըլլար, բայց միայն զայն թափողին արիւնով։

34

Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը անմաքուր մի՛ ընէք, որուն մէջտեղը ես կը բնակիմ. որովհետեւ ես՝ Տէրս՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղը կը բնակիմ”»։



1 Եբր.՝ տուէ՛ք
2 Եբր.՝ սպաննողը
3 Եբր.՝ քաղաքներո՛ւ հանդիպեցէք
4 Եբր.՝ զարկեր
5 Եբր.՝ զարնէ
6 Եբր.՝ անոր
7 Եբր.՝ փնտռեր
8 Եբր.՝ զարնողին
9 Եբր.՝ զարնէ
10 Եբր.՝ բերանով
11 Եբր.՝ չպատասխանէ
12 Եբր.՝ անձին
13 Եբր.՝ եղած