Numbers 36
Leviticus « Numbers 35 ‹ Numbers 36 › Deuteronomy 1 » Deuteronomy
ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
1Յովսէփի որդիներուն գերդաստաններէն՝ Մանասէի որդիին Մաքիրի որդիին Գաղաադի որդիներուն գերդաստանին նահապետները մօտեցան, Մովսէսի առջեւ ու իշխաններուն — Իսրայէլի որդիներուն նահապետներուն — առջեւ խօսեցան,
2եւ ըսին. «Տէրը մեր տիրոջ պատուիրեց, որ երկիրը վիճակո՛վ իբր ժառանգութիւն տայ Իսրայէլի որդիներուն. ու Տէրը մեր տիրոջ պատուիրեց, որ մեր եղբօր՝ Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։
3Բայց եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներուն ուրի՛շ տոհմերուն որդիներէն մէկուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի պակսի, եւ այն տոհմին ժառանգութեան վրայ պիտի աւելնայ՝ որուն մէջ պիտի ըլլան. ուրեմն մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի պակսի։
4Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեանին՝՝ անոնց ժառանգութիւնը այն տոհմին ժառանգութեան վրայ պիտի աւելնայ՝ որուն մէջ պիտի ըլլան. այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն տոհմին ժառանգութենէն պիտի պակսի»։
5Մովսէս Տէրոջ հրամանին համաձայն Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց. «Յովսէփի որդիներուն տոհմը շիտակ կը խօսի։
6Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց Սալպաադի աղջիկներուն մասին. “Անոնք թող կին ըլլան անոնց՝ 1որոնց կը հաճին՝՝. սակայն միայն իրենց հօր տոհմին մէկ գերդաստանէն եղողներուն կին թող ըլլան,
7որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը տոհմէ տոհմ 2չանցնի. քանի որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր հայրերուն տոհմին ժառանգութեան պիտի յարի։
8Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերուն մէջ ժառանգութեան մը կը տիրանայ, իր հօր տոհմին մէկ գերդաստանէն եղող մէկուն կինը թող ըլլայ, որպէսզի Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր հայրերուն ժառանգութեան տիրանայ։
9Ժառանգութիւնը տոհմէ տոհմ թող չանցնի, հապա Իսրայէլի որդիներուն տոհմերէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութեան թող յարի”»։
10Սալպաադի աղջիկները ըրին այնպէս՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց։
11Արդարեւ Սալպաադի աղջիկները՝ Մահալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն կիները եղան.
12այսպէս՝ Յովսէփեան Մանասէի որդիներուն գերդաստաններէն եղողներու կին եղան, եւ անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօր տոհմին ու գերդաստանին մէջ մնաց։
13Ասոնք են այն պատուիրաններն ու կանոնները, որ Տէրը Մովսէսի 3միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դիմաց, Յորդանանի մօտ։