Loading...

Ruth 1

Judges  «  Judges 21  ‹  Ruth 1  ›  Ruth 2  »  1 Samuel


ԵԼԻՄԵԼԷՔ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ Կ’ԵՐԹԱՆ ՄՈՎԱԲ

1

Դատաւորներու 1կառավարութեան օրերը՝ երկրին մէջ սով եղաւ. ուստի Յուդայի Բեթլեհէմէն մարդ մը Մովաբի դաշտավայրը պանդխտանալու գնաց, ինք, իր կինը եւ երկու որդիները։

2

Այդ մարդուն անունը Ելիմելէք էր, կնոջ անունը՝ Նոյեմի, ու երկու որդիներուն անունները՝ Մահալոն եւ Քելլոն։ Անոնք Եփրաթացի էին՝ Յուդայի Բեթլեհէմէն. Մովաբի դաշտավայրը գացին ու հոն 2բնակեցան։

3

Նոյեմիի ամուսինը՝ Ելիմելէք մեռաւ, եւ ան իր երկու որդիներով մնաց։

4

Անոնք իրենց մովաբացի կիներ առին. մէկուն անունը Որփա էր, միւսին անունը՝ Հռութ։ Անոնք հոն տասը տարիի չափ բնակեցան,

5

ապա Մահալոն եւ Քելլոն՝ երկուքն ալ մեռան, ու կինը իր երկու զաւակներէն եւ ամուսինէն զուրկ մնաց։


ՆՈՅԵՄԻ ԵՒ ՀՌՈՒԹ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ԲԵԹԼԵՀԷՄ

6

Յետոյ ան իր երկու հարսերով կանգնեցաւ՝ որ Մովաբի դաշտավայրէն վերադառնայ, քանի որ Մովաբի դաշտավայրին մէջ լսեր էր թէ 3Տէրը իր ժողովուրդին այցելեր է՝ անոնց հաց տալով։

7

Ան իր եղած տեղէն ելաւ՝ երկու հարսերուն հետ, եւ Յուդայի երկիրը վերադառնալու համար ճամբայ 4ելան։

8

Նոյեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, իւրաքանչիւրդ իր մօր տունը թող վերադառնայ. Տէրը ձեզի հետ կարեկցութեամբ թող վարուի, ինչպէս դուք մեռեալներուն ու ինծի հետ վարուեցաք։

9

Տէրը թող 5շնորհէ ձեզի հանգստութիւն գտնել՝ իւրաքանչիւրդ իր ամուսինին տունը»։ Զանոնք համբուրեց. անոնք ալ իրենց ձայնը բարձրացնելով լացին,

10

եւ անոր ըսին. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի վերադառնանք»։

11

Բայց Նոյեմի ըսաւ. «Վերադարձէ՛ք, աղջիկներս. ինչո՞ւ ինծի հետ պիտի երթաք։ Միթէ իմ որովայնիս մէջ ուրիշ որդինե՞ր կան, որ ձեզի ամուսին ըլլան։

12

Վերադարձէ՛ք, աղջիկներս. գացէ՛ք, քանի ես ծերացած եմ՝ որ դարձեալ ամուսնանամ։ Եթէ ըսէի. “Յոյս ունիմ”, այս գիշեր իսկ ամուսնանայի եւ որդիներ ալ ծնանէի,

13

մինչեւ անոնց մեծնալը պիտի սպասէի՞ք. դուք 6ասոր համար առանց ամուսնանալո՞ւ պիտի մնայիք։ Ո՛չ, աղջիկներս. արդարեւ 7ձեզի համար շատ՝՝ դառնացած եմ որ Տէրոջ ձեռքը 8իմ վրաս ծանրացաւ՝՝»։

14

Անոնք իրենց ձայնը բարձրացուցին ու դարձեալ լացին։ Յետոյ Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անոր յարեցաւ։

15

Նոյեմի ըսաւ. «Ահա՛ քու ներդ իր ժողովուրդին եւ աստուածներուն վերադարձաւ. դո՛ւն ալ ներոջդ ետեւէն վերադարձիր»։

16

Բայց Հռութ ըսաւ. «Ինծի մի՛ դիմեր որ քեզ թողում ու 9քեզմէ հեռանամ՝՝, որովհետեւ ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ, եւ ո՛ւր որ գիշերես՝ հոն պիտի գիշերեմ. քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ, ու քու Աստուածդ՝ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։

17

Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ, ու հոն պիտի թաղուիմ։ Տէրը ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ մահէն ուրիշ բան մը զիս քեզմէ զատէ»։

18

Երբ Նոյեմի տեսաւ թէ ան կը 10յամառի իրեն հետ երթալ, անոր խօսելէ դադրեցաւ։

19

Երկուքը միասին քալեցին, մինչեւ որ Բեթլեհէմ հասան։ Երբ Բեթլեհէմ մտան, իրենց պատճառով ամբողջ քաղաքը 11զգածուեցաւ, ու կիները կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա Նոյեմի՞ն է»։

20

Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Զիս 12Նոյեմի մի՛ կոչէք, զիս 13Մարա կոչեցէք. որովհետեւ Ամենակարողը 14դառնութեամբ լեցուց՝՝ զիս։

21

Ես լեցուն գացի, բայց Տէրը զիս պարապ վերադարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոյեմի կը կոչէք, քանի Տէրը 15զիս խոնարհեցուց՝՝, եւ Ամենակարողը 16զիս տրտմեցուց՝՝»։

22

Այսպէս՝ Նոյեմի վերադարձաւ, իր հարսին՝ Մովաբացի Հռութի հետ, որ Մովաբի դաշտավայրէն հեռացած էր. անոնք գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլեհէմ հասան։



1 Եբր.՝ դատած
2 Եբր.՝ եղան
3 Եբր.՝ Եհովան
4 Եբր.՝ գացին
5 Եբր.՝ տայ
6 Կամ՝ անոնց
7 Կամ՝ ձեզմէ աւելի՝ ե՛ս
8 Եբր.՝ ինծի դէմ դուրս ելաւ
9 Եբր.՝ ետեւէդ դառնամ
10 Եբր.՝ ինքզինք կը զօրացնէ
11 Եբր.՝ դղրդաց
12 Այսինքն՝ հաճելի
13 Այսինքն՝ դառն
14 Եբր.՝ չափազանց դառնացուց
15 Եբր.՝ ինծի դէմ վկայեց
16 Եբր.՝ ինծի չարիք ըրաւ