Loading...

Ruth 2

Judges  «  Ruth 1  ‹  Ruth 2  ›  Ruth 3  »  1 Samuel


ՀՌՈՒԹ Կ’ԱՇԽԱՏԻ ԲՈՈՍԻ ԱՐՏԻՆ ՄԷՋ

1

Նոյեմի՝ իր ամուսինին կողմէն ծանօթ մը ունէր. ան Ելիմելէքի գերդաստանէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր, եւ անոր անունը Բոոս էր։

2

Մովաբացի Հռութ Նոյեմիի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, արտերը երթամ ու հասկեր քաղեմ անոր ետեւէն՝ որուն աչքերուն առջեւ շնորհք պիտի գտնեմ»։ Ան ալ իրեն ըսաւ. «Գնա՛, աղջիկս»։

3

Ուստի գնաց, եւ արտի մը մէջ մտնելով՝ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեց. դիպուածով պատահեցաւ որ ան Ելիմելէքի գերդաստանէն եղող Բոոսի 1արտին մէջ գտնուի։

4

Ահա՛ Բոոս Բեթլեհէմէն եկաւ, ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։

5

Բոոս հնձողներուն վերակացու եղող իր սպասաւորին ըսաւ. «Այս երիտասարդուհին որո՞ւնն է»։

6

Հնձողներուն վերակացու սպասաւորը պատասխանեց. «Նոյեմիի հետ Մովաբի դաշտավայրէն վերադարձող մովաբացի երիտասարդուհին է։

7

Ան մեզի ըսաւ. “Կ’աղերսե՛մ, որաներուն մէջ՝ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ եւ ժողվեմ”։ Առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կայնած էր. այժմ քիչ մը նստած է տան մէջ»։

8

Բոոս Հռութի ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս. հասկ քաղելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար, եւ ասկէ ալ մի՛ 2հեռանար, հապա հոս՝ իմ սպասուհիներո՛ւս յարէ։

9

Աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ թող ըլլան, ու անոնց ետեւէ՛ն գնա։ Ահա՛ ծառաներուն պատուիրեր եմ՝ որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւնաս՝ անօթներուն քո՛վ գնա, եւ ծառաներուն քաշած ջուրէ՛ն խմէ»։

10

Հռութ երեսին վրայ գետին ինկաւ, երկրպագեց, ու անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս քու 3առջեւդ շնորհք գտայ որ զիս ճանչնաս, քանի ես օտարազգի եմ»։

11

Բոոս անոր պատասխանեց. «Քու ամուսինիդ մեռնելէն ետք ինչ որ կեսուրիդ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի, թէ ի՛նչպէս հայրդ, մայրդ եւ 4ծննդավայրդ թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ 5առաջուընէ չէիր ճանչնար։

12

Տէ՛րը հատուցանէ քու արարքիդ փոխարէնը, եւ լիակատա՛ր վարձք տրուի քեզի Տէրոջմէն՝ Իսրայէլի Աստուծմէն, քանի որ դուն եկար՝ որպէսզի անոր թեւերուն տակ 6ապաստանիս»։

13

Ան ալ ըսաւ. «Իմ տէ՛րս, քու աչքերուդ առջեւ շնո՛րհք գտնեմ. արդարեւ դուն զիս մխիթարեցիր, եւ ստրկուհիիդ 7քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտ ես ստրկուհիներէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։

14

Բոոս ճաշի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցիր, հացէ՛ն կեր ու պատառդ քացախի՛ն մէջ թաթխէ»։ Ուստի ան հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուաւ. ան ալ կերաւ, կշտացաւ, եւ 8աւելցածը պահեց՝՝։

15

Երբ կանգնեցաւ՝ հասկ քաղելու, Բոոս իր ծառաներուն պատուիրեց. «Որաներուն մէջէն ալ թող քաղէ, ու զինք մի՛ խայտառակէք։

16

Խուրձերէ՛ն ալ անոր համար գետին ձգեցէք ու թողուցէ՛ք՝ որ քաղէ, եւ զինք մի՛ սաստէք»։

17

Ան մինչեւ իրիկուն այդ արտին մէջ մնալով հասկեր քաղեց, ու երբ քաղածը ծեծեց՝ մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։

18

Զայն կրեց եւ քաղաքը մտաւ, ու կեսուրը անոր քաղածը տեսաւ։ Հռութ իր կշտանալէն ետք 9աւելցածը հանեց եւ անոր տուաւ։

19

Կեսուրը իրեն ըսաւ. «Այսօր ո՞ւր հասկ քաղեցիր եւ ո՞ւր աշխատեցար. քեզ ճանչցողը օրհնեա՜լ ըլլայ»։ Ինք ալ իր կեսուրին իմացուց թէ որո՛ւ քով աշխատեր է՝ ըսելով. «Այն մարդը՝ որուն քով այսօր աշխատեցայ՝ 10Բոոս կը կոչուի՝՝»։

20

Նոյեմի իր հարսին ըսաւ. «Ան Տէրոջմէն օրհնեա՜լ ըլլայ, որ ողջերն ու մեռեալները իր կարեկցութենէն չզրկեց»։ Նոյեմի անոր ըսաւ. «Այդ մարդը մեր մերձաւորն է, ան մօտ 11ազգական է մեզի»։

21

Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Ան նաեւ ինծի ըսաւ. “Իմ ծառաներո՛ւս յարէ, մինչեւ որ անոնք ամբողջ հունձքս աւարտեն”»։

22

Նոյեմի իր հարսին՝ Հռութի ըսաւ. «Լա՛ւ է, աղջի՛կս, որ անոր սպասուհիներուն հետ դուրս ելլես, ու քեզ ուրիշ արտի մը մէջ 12չտեսնեն»։

23

Ուստի ան Բոոսի սպասուհիներուն յարեցաւ՝ որ հասկ քաղէ մինչեւ գարիի հունձքին եւ ցորենի հունձքին աւարտիլը, ու իր կեսուրին քով կը բնակէր։



1 Եբր.՝ արտի բաժինին
2 Եբր.՝ անցնիր
3 Եբր.՝ աչքերուդ
4 Եբր.՝ ծնունդի երկիրդ
5 Եբր.՝ երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ
6 Եբր.՝ ապաւինիս
7 Եբր.՝ սիրտին
8 Եբր.՝ թողուց
9 Եբր.՝ թողուցածը
10 Եբր.՝ անունը Բոոս է
11 Եբր.՝ փրկարար
12 Եբր.՝ չհանդիպին