Ruth 3
Judges « Ruth 2 ‹ Ruth 3 › Ruth 4 » 1 Samuel
ՀՌՈՒԹ ԿԸ ԳՏՆԷ ԱՄՈՒՍԻՆ ՄԸ
1Հռութի կեսուրը՝ Նոյեմի անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի 1տուն մը չփնտռե՞մ, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ։
2Հիմա Բոոս մեր ծանօթներէն չէ՞, որուն սպասուհիներուն քով էիր. ահա՛ անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։
3Ուստի լուացուէ՛, հոտաւէտ իւղո՛վ օծուէ, հանդերձնե՛րդ 2հագիր եւ կա՛լը իջիր. մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չաւարտէ, դուն քեզ այդ մարդուն մի՛ ճանչցներ։
4Երբ պառկի, հասկցի՛ր անոր պառկած տեղը. ապա գնա՛, անոր ոտքերուն կողմէն ծածկո՛ցը բաց, ու պառկէ՛։ Ինք քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՛նչ ընելու ես»։
5Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինչ որ ինծի ըսիր՝ պիտի ընեմ»։
6Կալը իջաւ, եւ կեսուրին իրեն ամբողջ պատուիրածին համաձայն ըրաւ։
7Երբ Բոոս կերաւ, խմեց ու սիրտը զուարթացաւ, գարիի դէզին ծայրը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամաց մը գնաց, անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։
8Կէս գիշերին մարդը սարսռաց. դարձաւ, ու տեսաւ թէ ահա՛ իր ոտքերուն կողմը կին մը պառկած էր։
9Ուստի ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես»։ Ան պատասխանեց. «Ես քու աղախինդ՝ Հռութն եմ. քու քղանցքդ աղախինի՛դ վրայ տարածէ, քանի դուն մօտ 3ազգականս ես»։
10Ինք ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեա՜լ ըլլաս, աղջի՛կս. քու վերջին կարեկցութիւնդ՝ նախկինէն աւելի մեծ է, որովհետեւ չքաւոր կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։
11Հիմա, աղջի՛կս, մի՛ վախնար. քեզի պիտի ընեմ ամէն ինչ որ ինծի ըսես, քանի որ իմ 4քաղաքիս ամբողջ ժողովուրդը՝՝ գիտէ թէ դուն առաքինի կին մըն ես։
12Հիմա ես իրապէս քու ազգականդ եմ, բայց ուրիշ ազգական մըն ալ կայ՝ ինձմէ աւելի մօտ։
13Այս գիշեր հոս 5կեցիր. եթէ առտուն ան քեզ փրկէ, լա՛ւ, թող փրկէ։ Բայց եթէ քեզ փրկելէն չախորժի, ե՛ս քեզ պիտի փրկեմ. Տէրը կ’ապրի՛։ Մինչեւ առտու հոս պառկէ»։
14Ուստի մինչեւ առտու անոր ոտքերուն կողմը պառկեցաւ, ու երբ դեռ կարելի չէր զիրար ճանչնալ՝ կանգնեցաւ։ Բոոս ըսաւ. «Թող չգիտցուի թէ կալին մէջ կին մտեր է»։
15Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բե՛ր, ու զայն բռնէ՛»։ Հռութ զայն բռնեց, ինք ալ վեց չափ գարի չափեց եւ անոր վրայ դրաւ, ու քաղաք գնաց։
16Երբ Հռութ իր կեսուրին քով հասաւ, ան ըսաւ. «6Ի՞նչպէս ես՝՝, աղջի՛կս»։ Ինք ալ անոր պատմեց ամէն ինչ որ այդ մարդը իրեն ըրեր էր,
17եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. “Քու կեսուրիդ պարապ մի՛ երթար”»։
18Նոյեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, կեցի՛ր, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս խնդիրը ի՛նչպէս պիտի 7լրանայ. արդարեւ այդ մարդը պիտի չհանդարտի, մինչեւ որ այս խնդիրը այսօր չաւարտէ»։