Ruth 4
Judges « Ruth 3 ‹ Ruth 4 › 1 Samuel 1 » 1 Samuel
ԲՈՈՍ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ ՀՌՈՒԹԻ ՀԵՏ
1Բոոս դուռը բարձրացաւ, ու հոն նստաւ. եւ ահա՛ այն 1ազգականը՝ որուն մասին Բոոս խօսած էր՝ կ’անցնէր։ Բոոս անոր ըսաւ. «Դո՛ւն, այս-անուն, 2եկո՛ւր, հո՛ս նստէ»։ Ան ալ 3գնաց ու նստաւ։
2Բոոս քաղաքին երէցներէն տասը մարդ առաւ, եւ անոնց ըսաւ. «Հո՛ս նստեցէք»։ Անոնք ալ նստան։
3Յետոյ այդ ազգականին ըսաւ. «Նոյեմի, որ Մովաբի դաշտավայրէն վերադարձած է, մեր եղբօր՝ Ելիմելէքի արտին բաժինը կը ծախէ։
4Ես 4մտածեցի 5քեզի իմացնել՝՝ ու ըսել. “Զայն գնէ՛ բնակիչներուն առջեւ եւ իմ ժողովուրդիս երէցներուն առջեւ”։ Եթէ պիտի փրկես՝ փրկէ՛. բայց եթէ պիտի չփրկես, իմացո՛ւր ինծի՝ որպէսզի գիտնամ։ Արդարեւ քեզմէ զատ փրկարար չկայ. ես քեզմէ ետք եմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես պիտի փրկեմ»։
5Յետոյ Բոոս ըսաւ. «Այն օրը՝ երբ Նոյեմիի ձեռքէն արտը գնես, մեռեալին կնոջմէն՝ Մովաբացի 6Հռութէն ալ գնելու՝՝ ես, որպէսզի մեռեալին անունը հաստատես իր ժառանգութեան մէջ»։
6Ազգականը ըսաւ. «Ես չեմ կրնար փրկել ինծի համար, որպէսզի ժառանգութիւնս չխաթարեմ։ Իմ փրկագինս դո՛ւն 7տուր՝ քեզի համար, քանի որ ես չեմ կրնար փրկել»։
7Առաջ Իսրայէլի մէջ սա՛ սովորութիւնը կար.— փրկելու կամ փոխանակելու 8պարագային, ամէն արարք հաստատելու համար՝ մէկը իր կօշիկը կը հանէր ու միւսին կու տար. ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։
8Ուստի ազգականը Բոոսի ըսաւ. «Դո՛ւն գնէ՝ քեզի համար», եւ իր կօշիկը հանեց։
9Բոոս երէցներուն ու ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք թէ ես Նոյեմիի ձեռքէն գնեցի Ելիմելէքի ամբողջ ունեցածը, եւ Քելլոնի ու Մահալոնի ամբողջ ունեցածը։
10Մահալոնի կինը՝ Մովաբացի Հռութն ալ ինծի համար ստացայ իբր կին, որպէսզի մեռեալին անունը հաստատեմ իր ժառանգութեան մէջ, եւ մեռեալին անունը իր եղբայրներէն ու 9բնակարանին դռնէն չջնջուի. դուք այսօր վկայ էք»։
11Դուռը եղող ամբողջ ժողովուրդը եւ երէցները ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլի ու Լիայի պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը կառուցանեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ ուժեղացի՛ր, եւ Բեթլեհէմի մէջ անունդ թող հռչակուի։
12Քու տունդ Փարէսի տան պէս ըլլայ — որ Թամար ծնաւ Յուդայի — , այն զարմով՝ որ Տէրը քեզի պիտի տայ այս երիտասարդուհիէն»։
ԲՈՈՍ ԵՒ ԻՐ ԶԱՐՄԸ
13Բոոս Հռութը առաւ, եւ ան իր կինը եղաւ. երբ անոր մտաւ, Տէրը անոր թոյլատրեց որ յղանայ, ու որդի մը ծնաւ։
14Կիները Նոյեմիի ըսին. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէսզի անոր անունը Իսրայէլի մէջ 10յիշուի։
15Ան քու անձդ պիտի վերանորոգէ, եւ ալեւորութեանդ նեցուկը պիտի ըլլայ. որովհետեւ զայն քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աւելի լաւ է»։
16Նոյեմի զաւակը առաւ, իր գիրկը դրաւ ու անոր դայեակը եղաւ։
17Դրացի կիները անոր անուն 11դրին՝ ըսելով. «Նոյեմիի որդի մը ծնաւ», եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ան Դաւիթի հօր՝ Յեսսէի հայրը եղաւ։
18Ահա՛ւասիկ Փարէսի ծնունդները.— Փարէս ծնաւ Եսրոնը,
19Եսրոն ծնաւ 12Արամը, Արամ՝՝ ծնաւ Ամինադաբը,
20Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը, Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը,
21Սաղմոնը ծնաւ Բոոսը, Բոոս ծնաւ Ովբէդը,
22Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն, եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։